Չորեքշաբթի 5, Նոյեմբեր 2025
ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գալֆաեան տան մէջ վերջերս հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ։ Օրուան յայտագրին շրջագծով վարժարանի սաները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, զորսձօնեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Անոնք իրենց յաջողութեամբ արժանացան հանդիսատեսներու գնահատանքին։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները, կրթական մշակներ եւ ծնողներ։
Նոյն օրը դպրոցի ուսուցչական կազմին համար սարքուեցաւ նաեւ ճաշասեղան մը։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015