«ՀԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ
Աթէնքի մէջ, ուր հազարամեակներ առաջ ձեւաւորուած եւ դարերու ընթացքին կատարելագործուած է եւրոպական քաղաքակրթութեան փիլիսոփայական, գեղագիտական ու մտաւոր ժառանգութիւնը, տեղի ունեցաւ մշակութային նշանակալից իրադարձութիւն մը, որ իր արժէքով ու տարողութեամբ կը գերազանցէ սովորական թանգարանային ցուցադրութեան մը սահմանները։ Նոյեմբերի 20-ին, Աթէնքի աշխարհահռչակ Աքրոփոլիսի թանգարանը հանդիսաւորապէս իր դռները բացաւ «Հին Հայաստան» (Ancient Armenia) բացառիկ ցուցահանդէսին համար՝ Հայկական լեռնաշխարհի բազմահազարամեայ պատմութիւնն ու քաղաքակրթական յիշողութիւնը ներկայացնելով Հին Յունաստանի մշակութային սիրտին վրայ։
Այս ցուցահանդէսով, կարծես, հազարամեակներու խորքէն եկող քարերը, մետաղները, զարդերը, զինատեսակներն ու ծիսական առարկաները նոր լեզու մը կը գտնեն եւ կը խօսին զիրենք ստեղծող ժողովուրդին մասին։ Անոնք կը պատմեն անցեալի կեանքին, հաւատալիքներուն եւ գեղարուեստական ճաշակին յատկանիշները, նաեւ՝ այն քաղաքակրթական միջավայրը, որուն մէջ Հայկական լեռնաշխարհը եղած է ստեղծագործութեան, արհեստագործութեան, առեւտուրի եւ մշակութային փոխանակումներու կարեւոր կեդրոններէն մէկը։
«Հին Հայաստան» ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Աքրոփոլիսի թանգարանի սերտ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու համապատասխան նախարարութիւններու զօրակցութեամբ։
Անցեալի երկու մեծ մշակութային աշխարհներու միջեւ երկխօսութեան վերականգնման փորձ մըն է այս ցուցահանդէսը, որուն միջոցով Հայկական լեռնաշխարհի պատմութիւնը կը ներկայանայ միջազգային հեղինակութիւն վայելող թանգարանային միջավայրի մը մէջ եւ կը յիշեցնէ, թէ քաղաքակրթութիւնները երբեք մեկուսացած չեն զարգացած, այլ շարունակաբար հաղորդակցած, ազդած եւ փոխադարձաբար հարստացած են։
Ցուցահանդէսը այցելուներուն առջեւ կը բանայ հայկական անցեալին այնպիսի էջեր, որոնք յաճախ կը մնան քրիստոնէական շրջանի հարուստ ժառանգութեան ստուերին տակ, մինչդեռ անոնց արմատները կը հասնին մարդկային քաղաքակրթութեան ամենավաղ ժամանակներուն։
Աքրոփոլիսի թանգարանը ինքնին ժամանակակից ճարտարապետութեան եւ հնագոյն ժառանգութեան ներդաշնակ միաձուլման խորհրդանիշներէն է։ Անոր ապակեայ յատակներուն տակ երեւցող հին Աթենքի թաղամասերու աւերակները, ցուցասրահներուն մէջ պահպանուող անգին հնութիւններն ու Փարթենոնի անմահ քանդակները այցելուն կը տեղափոխեն ժամանակի շերտերու միջեւ։ Այս միջավայրին մէջ հայկական հնագիտական ժառանգութեան ներկայութիւնը, հետեւաբար, խոր խորհրդանշական նշանակութիւն կը ստանայ։
Աքրոփոլիսը միշտ եղած է ո՛չ միայն յունական աշխարհին, այլեւ ամբողջ Միջերկրական ծովու աւազանին ու Առաջաւոր Ասիոյ մշակութային ձգողականութեան կեդրոններէն մէկը։ Անոր անունը անբաժանելի է փիլիսոփայութենէն, արուեստէն, ճարտարապետութենէն եւ այն մտաւոր ժառանգութենէն, որուն ազդեցութիւնը դարեր շարունակ տարածուած է աշխարհի չորս կողմը։
Յատկանշական է նաեւ, որ Աքրոփոլիսի թանգարանը հին քաղաքակրթութիւններուն նուիրուած իր նոր եւ յաւակնոտ ցուցադրական ծրագիրը կը սկսի «Հին Հայաստան» ցուցահանդէսով։
Այս ընտրութիւնն ալ ուշագրաւ է, որովհետեւ հայկական քաղաքակրթութիւնը կը դառնայ այն առաջին պատմական աշխարհներէն մէկը, որուն միջոցով թանգարանը կը ձեռնարկէ իր այս նոր մշակութային նախաձեռնութեան։
Ինչպէս բացման արարողութեան ընթացքին իր խօսքին մէջ ընդգծած է Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, ասիկա Աքրոփոլիսի թանգարանին եւ ընդհանրապէս Յունաստանի մէջ նախաքրիստոնէական Հայաստանին նուիրուած առաջին ցուցահանդէսն է։ Այս հանգամանքը ցուցադրութեան պատմական նշանակութիւնը կը բարձրացնէ նոր մակարդակի մը։ Յունական մշակութային կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկուն մէջ առաջին անգամ այսպիսի ընդգրկումով ներկայացուող Հայաստանը այցելուներուն կը ծանօթացնէ իր նախաքրիստոնէական անցեալին՝ որպէս պետականութեան, զարգացած արհեստագործութեան, մետաղագործութեան եւ հոգեւոր բազմաշերտ մշակոյթի հնագոյն օրրաններէն մէկը։
Այս քայլով նաեւ կը լրացուի միջազգային հանրութեան մօտ Հայաստանի պատմական ընկալման մէջ գոյութիւն ունեցող որոշակի բաց մը։ Հայ ժողովուրդի մասին խօսած ատեն յաճախ առաջին հերթին կը յիշատակուին քրիստոնէութեան պետականօրէն ընդունումը, միջնադարեան վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերն ու ձեռագրական արուեստը։ Մինչդեռ այս ժառանգութեան հիմերը շատ աւելի հին են եւ կը բխին հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած քաղաքակրթական հարուստ միջավայրէ մը։ Աթէնքի ցուցահանդէսը այդ շարունակականութիւնը տեսանելի կը դարձնէ եւ նախաքրիստոնէական Հայաստանը կը վերադարձնէ իր արժանի տեղը համաշխարհային պատմութեան էջերուն մէջ։
ՀԱՅ-ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայերու եւ յոյներու պատմական առնչութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն Քսենոփոնի «Նահանջ Բիւրոց» («Անաբասիս») յուշագրութեան էջերով կամ բիւզանդական դարաշրջանի ընդհանուր պատմական ճակատագրով։ Երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները շատ աւելի խոր արմատներ ունին։
Հայկական լեռնաշխարհն ու յունական աշխարհը, թէեւ տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ ձեւաւորուած քաղաքակրթութիւններ են, սակայն, հին ժամանակներէն ի վեր հաղորդակցութեան բազմաթիւ ուղիներով կապուած եղած են իրարու։ Սեւ ծովու, Փոքր Ասիոյ, Եգէականի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքներով անցնող առեւտրական ու մշակութային ճանապարհները նպաստած են թէ՛ ապրանքներու եւ արհեստներու տարածման, թէ՛ գաղափարներու, գեղարուեստական ձեւերու եւ աւանդութիւններու փոխանակման։
Երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, որ դարերու ընթացքին կոփուած է պատմութեան ծանրագոյն փորձութիւններուն մէջ, այսօր կը ստանայ նոր արտայայտութիւն մը՝ մշակութային դիւանագիտութեան միջոցաւ։ Աթէնքի մէջ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը այդ յարաբերութիւններուն շարունակականութեան կենդանի վկայութիւններէն է։
Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած Յունաստանի մշակոյթի նախարար տքթ. Լինա Մենտոնի կարեւորած է գիտական ամուր հիմքերու վրայ կառուցուած նման ցուցահանդէսներուն դերը պատմութեան լուսաբանման եւ ժողովուրդներու միջեւ մշակութային կապերու խորացման գործին մէջ՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով 2024 թուականի դեկտեմբերին Հայաստան կատարած իր այցելութեան։ Ան նաեւ յիշատակած է 2025 թուականի ամրան Աթէնքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի հետ ունեցած քննարկումները, որոնք կարեւոր նախադրեալներ ստեղծած էին այս նախաձեռնութեան իրականացման համար։
Իր կարգին, Հայաստանի Հանրաեպտութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Ալֆրէտ Քոչարեան շեշտած է ցուցադրութեան կարեւոր դերը՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ պատմական ու մշակութային կապերու ամրապնդման եւ յարաբերութիւններու առաւել սերտացման գործին մէջ։
Սակայն յստակ է, որ այս ծրագիրը շատ աւելին է, քան պետական արարողակարգային նախաձեռնութիւն մը կամ երկու հաստատութիւններու միջեւ գործակցութեան հերթական դրսեւորում մը։
Աթէնքի ցուցահանդէսը աշխարհին կը ներկայացնէ Հայաստանի հազարամեակներու խորքէն եկող քաղաքակրթական փորձառութիւնը, որուն մէջ միահիւսուած են պետական կազմաւորման, մետաղագործութեան, արուեստի, ծիսական կեանքի եւ միջազգային առեւտուրի բազմաթիւ դրսեւորումներ։ Հայաստանը կը ներկայանայ որպէս հին աշխարհի քաղաքակրթական մեծ գործընթացներու մէջ իր ուրոյն ներդրումն ունեցած երկիր։
Ցուցահանդէսը աննախադէպ է նաեւ իր ծաւալով եւ ընդգրկումով։ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն ընտրուած աւելի քան 170 բացառիկ ցուցանմոյշներ առաջին անգամն է, որ այսպիսի համադրութեամբ երկրէն դուրս կը բերուին՝ արտերկրի մէջ ցուցադրուելու նպատակով։ Անոնց կը միանան Յունաստանի եւ Կիպրոսի քանի մը թանգարաններէ փոխառուած շուրջ երեսուն նմոյշներ, որոնք ցուցադրութեան պատմական եւ գիտական բովանդակութիւնը կ՚ընդլայնեն, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութիւնը այդ ձեւով կը զետեղուի աւելի լայն տարածաշրջանային համատեքստի մը մէջ։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի համաձայն՝ հայկական եւ յունական հաւաքածոներուն համատեղ ցուցադրութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ նոր լոյսի տակ դիտարկելու երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցած կապերը, փոխանակումներն ու փոխազդեցութիւնները։
Ամբողջական հաւաքածոն այցելուն կը տանի գրեթէ աներեւակայելի ժամանակային ճամբորդութեան մը՝ հին քարէ դարաշրջանէն մինչեւ Քրիստոսէ ետք չորրորդ դարուն քրիստոնէութեան ընդունումը։ Այս հսկայական ժամանակահատուածին ընթացքին Հայկական լեռնաշխարհը անցած է պատմական եւ մշակութային բազմաթիւ փուլերէ՝ նախապատմական բնակավայրերէն մինչեւ զարգացած պետական կազմաւորումներ, Ուրարտուի հզօր թագաւորութենէն մինչեւ հելլենական թագաւորութիւններու շրջանը։ Ցուցանմոյշները այդ բոլոր ժամանակաշրջաններուն մասին կը պատմեն իւրայատուկ լեզուով մը։
Ցուցանմոյշներուն միջոցով ցայտուն կերպով կը բացայայտուին նաեւ Հայկական լեռնաշխարհը Մերձաւոր Արեւելքի, Արեւելեան Միջերկրականի, Կիպրոսի, Եգէական ծովու աւազանին եւ Կրետէի հետ կապող հնագոյն առեւտրական ու հաղորդակցական ուղիները։
Սովորաբար, հելլենական մշակոյթի ազդեցութեան մասին խօսելու ատեն կը շեշտուի Աղեքսանդր Մակեդոնացիի արշաւանքներէն ետք Արեւելքի, այդ կարգին՝ Հայաստանի վրայ տարածուած յունական ազդեցութիւնը։ Սակայն, մասնագէտներ կը հաստատեն, որ պատմական յարաբերութիւնները միակողմանի չեն եղած։ Ինչպէս ցուցահանդէսին հայեցակարգը ներկայացնելով ընդգծած է Աքրոփոլիսի թանգարանի գլխաւոր տնօրէն՝ փրոֆ. Նիքոլաոս Սթամփոլիտիս, ցուցադրութիւնը կը բացայայտէ նաեւ հակառակ ուղղութեամբ տեղի ունեցած մշակութային ազդեցութիւնները։
Արդարեւ, տակաւին հելլենական շրջանին նախորդող ժամանակաշրջաններուն, Ուրարտուի՝ Վանի թագաւորութեան զարգացած պրոնզագործութիւնը, գեղարուեստական աւանդութիւններն ու պատկերագրական համակարգերը իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են արեւելեան Եգէականի յունական կղզիներու մշակոյթին վրայ։
Ցուցասրահին մէջ կողք կողքի ներկայացուած նմոյշները այս պատմական երկխօսութիւնը կը դարձնեն տեսանելի։ Իւրաքանչիւր առարկայ իր ձեւով, նիւթով ու զարդարանքներով կը պատմէ իր ժամանակաշրջանի մարդուն մտածողութեան, վարպետութեան եւ աշխարհընկալման մասին։
Ցուցադրութեան ուշագրաւ նմոյշներու շարքին են պրոնզէ դարու ծիսական արձանիկներն ու կառքերը, որոնք լոյս կը սփռեն Հայկական լեռնաշխարհի վաղ բնակիչներու աշխարհընկալման, ծիսական արարողութիւններուն եւ տիեզերքի մասին ունեցած պատկերացումներուն վրայ։ Նոյնքան աչքի կը զարնեն ուրարտական շքեղ սաղաւարտներն ու վահանները, որոնց վրայ պատկերուած առիւծներն ու ցուլերը կարծես կը վերակենդանանան թանգարանի լոյսերուն ներքեւ։ Այս առարկաները կը ցուցադրեն Ուրարտուի վարպետ արհեստաւորներուն բարձր մակարդակը, մետաղի մշակման կատարելագործուած հմտութիւնները եւ իշխանութեան ու ռազմական ուժի խորհրդանշական պատկերագրութիւնը, իսկ անոնց վրայ դրոշմուած զարդանախշերն ու կենդանական պատկերները նաեւ կը բացայայտեն այն գեղարուեստական աշխարհը, որուն մէջ ձեւաւորուած էր ուրարտական մշակոյթը։ Ցուցադրութեան ուշագրաւ բաղադրիչներէն են նաեւ հելլենական եւ հռոմէական շրջանի նրբագեղ գտածոները, որոնք կը վկայեն, թէ Արտաշէսեաններու եւ Արշակունիներու Հայաստանը սերտօրէն առընչուած էր Միջերկրականի մշակութային տարածքին եւ անոր զարգացումներուն՝ բացայայտելով տարբեր մշակութային աւանդութիւններու համադրութիւնը եւ այն ստեղծագործական գործընթացը, որուն շնորհիւ Հայաստանը պահպանած է իր ինքնատիպ դիմագիծը՝ միաժամանակ հաղորդակից դառնալով ժամանակաշրջանի միջազգային մշակութային հոսանքներուն։
Այս բոլոր նմույշները միասին կը կազմեն պատմական յիշողութեան կենդանի պատկեր մը։
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱԹԷՆՔԻ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ
«Հին Հայաստան» ցուցահանդէսի բացումը վերածուեցաւ նաեւ պետական, դիւանագիտական, գիտական եւ համայնքային բարձր մակարդակի համախմբումի։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մշակոյթի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ու պետական այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Յունաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պատասխանատուներ, ակադեմական եւ մշակութային շրջանակներու գործիչներ։
Ներկայ էին նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Եմիշեան, Կրետէ կղզիի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեան եւ Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ հովիւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան։
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Յունաստանի հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք այս նախաձեռնութեան մէջ կը տեսնեն պատմական ժառանգութեան միջազգային ճանաչման կարեւոր քայլ մը եւ հայկական ներկայութեան նշանակալից արտայայտութիւն մը՝ յունական մայրաքաղաքին մէջ։
Նախաձեռնութիւնը, սակայն, չի սահմանափակուիր թանգարանի ցուցասրահներով կամ ապակեայ ցուցափեղկերով։ Անոր ներկայութիւնը տարածուած է նաեւ Աթէնքի հանրային տարածքին մէջ։ Աթէնքի գետնուղիի՝ մեթրոյի կայարաններէն մինչեւ միջազգային օդակայան տեղադրուած ցուցապաստառները հայկական հնագոյն ժառանգութիւնը կը ներկայացնեն քաղաքի բնակիչներուն եւ այցելուներուն եւ անոնց ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն դէպի Աքրոփոլիսի թանգարան։
Այս նախաձեռնութեան ծաւալը յատկապէս նշանակալից է՝ նկատի ունենալով, որ Աքրոփոլիսի թանգարանը տարեկան շուրջ երկու միլիոն զբօսաշրջիկ կ՚ընդունի տարբեր երկիրներէ, եւ կարելի է ենթադրել, որ ցուցահանդէսին այցելուները միայն յոյներ կամ յունահայ համայնքի անդամներ չեն։ Անոնց շարքին են բազմաթիւ երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկներ, հետազօտողներ, ուսանողներ եւ մշակութային ժառանգութեամբ հետաքրքրուած անձեր, որոնք այս ցուցադրութեան միջոցով առաջին անգամ կրնան ուղղակիօրէն ծանօթանալ նախաքրիստոնէական Հայաստանի պատմութեան։
Արարողութիւնը արդէն իսկ արժանացած է յունական եւ միջազգային մամուլի լայն արձագանգին։
Իսկ այն հանգամանքը, որ ցուցահանդէսին մուտքը ազատ է բոլոր այցելուներուն համար, աւելի կը մեծցնէ անոր հասանելիութիւնն ու հասարակական նշանակութիւնը։ Մշակութային ժառանգութիւնը, այս պարագային, կը դադրի սահմանափակ շրջանակի մը սեփականութիւնը ըլլալէ եւ կը վերածուի համամարդկային գիտելիքի ու ճանաչողութեան աղբիւրի մը։
Մինչեւ 2027 թուականի փետրուար 28-ը, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ, Աքրոփոլիսի թանգարանը պիտի շարունակէ հայկական շունչ կրել։ Ցուցահանդէսի ամբողջ տեւողութեան նախատեսուած են հայկական մշակութային կատարումներ, հայկական դպրոցներու այցելութիւններ եւ հայկական խոհանոցային աւանդութիւններու ներկայացում։ Այս լրացուցիչ նախաձեռնութիւնները ցուցադրութեան պատմական ու հնագիտական բովանդակութիւնը պիտի համալրեն կենդանի մշակութային փորձառութեամբ՝ այցելուներուն հնարաւորութիւն տալով հայկական ժառանգութութիւնը ճանչնալու ո՛չ միայն հնագիտական առարկաներու, այլեւ երաժշտութեան, կրթութեան, խոհանոցին եւ համայնքային կեանքի միջոցաւ։ Արդէն իսկ բացումին ելոյթ ունեցած է Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը՝ հայկական ժողովրդական պարերով։
Հազարամեակներու խորքէն հասած առարկաներու կողքին յառաջիկային պիտի ներկայանան նաեւ այսօր ապրող ու ստեղծագործող հայութեան ձայները, աւանդութիւններն ու մշակութային արտայայտութիւնները։ Այս համադրութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ ժողովուրդի մը պատմութիւնը միայն թանգարաններու մէջ պահպանուած նմոյշներով չի սահմանափակուիր. շարունակաբար կ՚ապրի իր լեզուին, արուեստին, սովորութիւններուն եւ նոր սերունդներուն փոխանցուած յիշողութեան մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան