ԳԵՂԱՄ ԱԹՄԱՃԵԱՆ (1910 - 1940)

Անցեալ շաբաթ օրուան մեր սիւնակով ընթերցողներուն ներկայացուցինք Գեղամ Աթմաճեանի (Սեմա) կեանքն ու գործուէնութիւնը եւ անոր մասին վկայութիւններ: Այսօր պիտի ներկայացնենք անոր գրութիւններէն փունջ մը: 

*

ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ

Որքան կ՚ուզեմ որ ինձմէ դուրս, ինձմէ հեռուն,
Երգած երգերս ըլլան եղբօրս՝ մարդուն համար՝
Հեզ նըւագներ իր յոյզերուն, կեանքին խորունկ,
Շեփորումներ յաղթանակի պայքարներուն:

Անգործին հետ, պարտըւածին, թըշւառին քով
-Արեւն ինչպէս մեծ ու զօրեղ, նոյնքան բարի-
Ամբողջութեամբ չորցընել ցաւն ալ աշխարհի
Ու քրտինքո՛վ օծել երկիրն, ո՛չ արցունքով:

Ո՞ւր են սակայն բազմութիւններ այդ արնաքամ,
Պայքարողներն հացին համար ամէնօրեայ
Որոնց կ՚ուզեմ երգել իմ երգըս դառնահամ:

Սակայն ամբոխն այդ բազմաձեւ, բիւրածաւալ
Իմ շուրջս, իմ մէ՛ջս ես կը գտնեմ ընդ մի՛շտ ներկայ,
Եւ անոնց մէջ ալ կը գտնեմ ես զիս դարձեա՛լ:

5 մարտ 1936

(«Անահիտ», Նոր շրջան, ԺԲ. տարի, թիւ 1, Յունուար-յունիս 1946, էջ 10):

*

Թատերգութեան մասին Սեմա կը գրէ. 

Թատերագրութիւնը ամենէն կատարեալ ձեւն եւ ուժեղ արտայայտութիւնն է գրական արուեստին, ուր բանաստեղծութիւնը կրկնուելով երաժշտականութեամբ, բեմի վրայ կը դնէ կեանքի տեսարանի մը ուշագրաւ մէկ գործողութիւնը: 

Թատերագրութիւնը չէ կրցած իրեն արժանի տեղը ունենալ մեր մէջ եւ ուրիշ ազգերու սոյն ճիւղին պատկանող արժէքաւոր բազմաթիւ գործերուն դիմաց հազիւ Սնդուկեանցի, Շիրվանզադէի, Շանթի թատերախաղերը եւ Պարոնեանի սակաւաթիւ կատակերգութիւնները ունինք լոկ. առանց յիշատակելու մէկ քանի արեւմտահայ գրողներու բռնազբօսիկ երկերը: Հակադրաբար պատմաբանութիւնն ու բանաստեղծութիւնը մեծ ծաւալ են գտած մեր հին թէ արդի ազգային գրականութեան մէջ ու մշակուած, հասնելով նոյն իսկ գեղեցկագոյն կատարելութիւններու եւ միջազդային համբաւի: Հաւանաբար այս երեւոյթը ունի բացառիկ պատճառներ: Խիստ շահագրգռական է փնտռել եւ ընդգծել զանոնք, որքան ալ հատուածական ու անկատար ըլլայ նման աշխատանք մը անձուկ սահմանի մէջ եւ արդիւնքը անտարակոյս վիճելի: 

… 

Երկար պիտի ըլլար ընդհանուր վերլուծումի ենթարկել արդիական թատրոնի նկարագիրը, որ սինեմայի ու միւզիք-հոլի ազդեցութեան ենթարկուելով, զիջեց իր նախկին պերճախօսութիւնը դիմախաղի եւ բեմադրական կատարելագործումին: Առայժմ որոնումի շրջան մըն է, որ կը բոլորէ թատերագրութիւնը, բոլոր միւս գեղարուեստներու կողքին, ուստի յանձնարարելի է չափազանց զգոյշ յառաջխաղացում, աւելորդ եւ ապարդիւն յոգնութիւններ խնայելու համար թատրոնին: Յանձնարարելի է մանաւանդ, տեսարաններու եւ գործողութիւններուն ձեւի կատարելագործումին հետ, նոյն ժամանակ ուշադրութիւն դարձնել երկին բարոյա-ուսուցողական նկարագրին։ («Ջանք», Ա. տարի, թիւ 2, 1 օգոստոս 1930, Փարիզ, էջ 23-24): 


* 


Իր հրատարակած «Մշակոյթ» (1935-1937) գրական պարբերականի առաջին խմբագրականին մէջ, պարբերականի հրատարակութեան առիթով գրած է.
 
Ընկալեալ սովորութիւն մըն է, որ իւրաքանչիւր նոր հրատարակուող թերթ իր նպատակը եւ առաջադրութիւնները ներկայացնէ ընթերցող հասարակութեան: 

«Մշակոյթ»ը խմբագրողները, հպատակելով այս սովորութեան, կը յայտարարեն, որ կը ձգտին եւ կը հաւատան արդիական ու մեր մէջ նոր ըմբռնումով մը խմբագրել այս թերթը, հեռու մնալով զայն հասարակ ժողովածուի մը վերածելէ: Այլ՝ անոր պիտի տան կեանքին հետ ընթացող, կեանքը իր նորութիւններուն մէջ նշմարող, գաղափարներու եւ մտածումներու աշխարհը ցոլացնող, հետեւաբար ապրող, բաբախուն եւ ասոնցմով իսկ երիտասարդ, յառաջապահ նկարագիր մը: 

Այս ըմբռնումով բացայայտ կ՚ըլլայ, որ «Մշակոյթ», որքան նոր արժէքներու հետամուտ, նոյնքան ալ պիտի լծուի հին արժէքներու վերագնահատման աշխատանքին, ամենէն «մեծ համբաւ»ներէն իսկ առանց ամենադոյզն չափով ազդուելու: 

Բացայայտ կ՚ըլլայ դարձեալ, որ վերագնահատական այս աշխատանքը պիտի չսահմանափակուի լոկ դէմքերու շուրջ, այլ պիտի տարածուի գաղափարներէն մինչեւ շարժումները.- բնական է անո՛նց, որոնք առաւել կամ նուազ չափով աղերս մը ունեցած են, ունին կամ կը նկրտին ունենալ մասնաւորապէս գրականութեան, ընդհանրապէս մշակոյթին հետ: 

Հին դէմքերու, գաղափարներու եւ շարժումներու վերագնահատման այս աշխատանքը մէկ կողմէն, նոր արժէքներու փնտռտուքն ու ներկայացումը միւս կողմէն, ինքնաբերաբար պիտի առաջնորդեն «Մշակոյթ»ը՝ ըլլալու այն օրկանը, որ իր շուրջ համախմբէ ու պահէ հանգիտութեան եզրեր պարունակող բոլոր ուժերը: 

Այս համախմբումը արդէն սերունդ մը պիտի նշանակէ: 

Եւ «Մշակոյթ»ի առաջին ու գլխաւոր ցանկութիւնն է, որքան նաեւ մտահոգութիւնը մեր կեանքէն ներս նպաստել սերունդի մը կազմակերպումին եւ պարտադրումին։ («Մշակոյթ», Ա. տարի, թիւ 41, Յունիս 1935, Փարիզ, էջ 1-2): 

* 

«Սեւ ու Ճերմակ» սիւնակ-վերանգիրին տակ կը կարդանք. 

Լրագիրները վերջերս արձագանգը եղան եզակի ու բժշկական տեսակէտով մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքի մը: Խորհրդային Միութեան մէջ բժիշկ մը յաջողած է տեսողութիւն տալ ի ծնէ կոյր աղջկան մը, որ քսան տարիներ ամբողջ խաւարին մէջ ապրելէ յետոյ, իրեն յատուկ գաղափար մը կազմելէ յետոյ աշխարհի, մարդոց ու իրերու մասին, յանկարծ կը տեսնէ իրականը ու կ՚ըլլայ պատրանաթափ: Ո՜րքան յատկանշական է իր խօսքը, երբ կը յայտարարէ, թէ գրեթէ կը զղջայ տեսողութիւնը գտած ըլլալուն համար: Գաղափարը՝ որ կազմած էր աշխարհի, մարդոց ու իրերու մասին, շա՜տ աւելի չքնաղ էր, քան՝ աշխարհը: 

Կ՚երեւակայեմ այդ հէք աղջիկը, որ բժիշկի գործիքներուն առջեւ սրտատրոփ կը սպասէ իրենց զլացուած այնքան գեղեցիկ բաներ իրականօրէն տեսնելու. տեսնելու գոյներն ալ այն բոլո՛ր իրերուն, որոնց ձեւի մասին անշուշտ մօտաւոր գաղափար մը կազմած էր ու յուսախաբ կ՚ըլլայ, երբ կը ցուցնեն իրեն նախ կարմիրը՝ որ իրենց ու մահու խորհրդանշանն է, կը տեսնէ գարնան ու օձի աչքերուն կանաչը, անմատչելի՜ երկնքին ու անընկճելի ծովերուն կապոյտը, նորահարսին ճերմակ քօղն ու ճերմակ պատանքը մեռելին, ու վերջապէս մարդկային հոգիին սեւը: 

«De gustibus et coloribus», պիտի խորհին սրամիտներ. բայց ո՛չ: Աւելի սրտաճմլիկ, աւելի յուզիչ մանրամասնութիւններ թաքնուած են այդ զիղջին մէջ, որուն երբեք պիտի չկրնա՜յ թափանցել աղուոր երազներու անընտել մեր միտքը: 

Օ՜ խորհուրդը՝ կեանքէ կտրուած մարդոց անչափելի՜ երանութեան. ինչպէ՞ս այսուհետեւ երջանիկ զգալ ինքզինք. առ ի չգոյէ լաւագոյնին, խուլ, համր կամ կոյր ծնած չըլլալնուս համար…: 

Մեր անհուն ցաւերը իրենց ապրուստի միջոց ծառայեցնող հռետորներու բարբանջանքներուն առջեւ ինչպէ՞ս չցանկալ ըլլալ խուլ, մեր ցաւերը լսել չուզող անսիրտ անձերուն դիմաց ինչպէ՞ս չուզել համր ծնած ըլլալ, երբ ցաւը կը խռովէ հոգին ու բերանը հազար բառեր ունի զանոնք արտաբերելու եւ արժանապատուութիւնը վիրաւոր է շուրջը գտած անկարեկիր անտարբերութեան համար: Ու ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս չցանկալ կոյր ծնած ըլլալ մեզ շրջապատող այս բոլոր փոքրոգի նկարագիրներն ու եպերելի մեծամտութիւնները երբե՛ք տեսած չըլլալու համար: 

Խե՜ղճ աղջիկ, որ մարդիկ իրենց անգթութիւնը մինչեւ քեզի արեւուն լոյսը տալու, մինչեւ քու չքնաղ ներաշխարհդ չքացնելու հասցուցին. որքա՜ն գիտակցօրէն կը կարեկցիմ քեզ տեսողութիւնդ գտնելուդ համար…: 

Հիմա ուշ է արդէն. մենք ծնած ենք ինչպէս որ ծնած ենք: Պիտի չկրնա՞նք սակայն բուժել աշխարհն ու իրականութիւնը իրենց գէշ կնկայ հիւանդութենէն: Խօսքը երիտասարդութեանն է. անո՛ր՝ որ գիտակցութիւնն ու յօժարակամութիւնը ունի իր կեանքը լաւագոյնս արժեցնելու. անո՛ր՝ որ այլեւս չ՚ուզեր ըլլալ զսպանակաւոր գործիքի մը վրայ ճնշում բանեցնելով՝ ծափ ու ծնծղայ զարնող խամաճիկ մը՝ ներկայ իրականութիւնը յատկորոշող ու սովորութեան պէս մեր վրայ հինցած բոլո՛ր անխոստովանելի մեղքերուն համար. վերջապէս անո՛ր՝ որ ճիգ կ՚ընէ արթննալու եւ ինքզինք փրկելու մտաւորական երազախաբութենէ։ («Մշակոյթ», Ա. տարի, թիւ 41, Յունիս 1935, Փարիզ, էջ 35-36):

*

ՎԱՍՆ ՀԱՑԻ, ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ

Երազի լայն թեւ մը շուք կ՚ընէ մտքիս հրատոչոր
Ու ես սիրոյ մ՚անըսպառ կը զգամ սրտիս մէջ յորդումն,
Արդ կը կըրեմ այդ սիրոյն դըրոշմն անզիղջ ու հըզօր,
Էութիւն ալ կը բացուի երջանկութեան մը թաքուն:

Ես՝ երէկուայ միաւորն՝ այսօր ամբոխն եմ, իջած՝
Փոշիներով, արեւով լեցուած փողոցը կամքին,
Ուր բարձրացող ռազմական հագագներէ յեղակարծ
Կ՚արձագանգեն գոռ վանկերն երանութեան մը երգին…:

Կը բարձրանան բըռունցքներ շըքեղօրէն դէպի վեր
Ազնիւ իտէալ մը սեղմած, կ՚առաջանայ անվեհեր
Մարդն՝ երէկուայ պարտըւածն ու յաղթականը վաղուան:

Սիրտէ ի սիրտ ագուցուած զերթ կամուրջէ մը, դաժան
Զրկանքներուն հընօրեայ կ՚անցնի վըրէժն առաթուր,
Կը հաղորդուին ամբոխներն եղբայրութեամբ մ՚ընդհանուր:

Փարիզ, 14 յուլիս 1937

(«Մշակոյթ», Ա.[Գ.] տարի, թիւ 10, 1935, Փարիզ, էջ 343):

*

ԻՄ ԳԻՒՂՍ

Նորէն թախիծն է գրկեր գիւղն աւերուն,
Ու հով մը խուլ կը կաղկանձէ դա՛շտին մէջ
Սուգն անպատում՝ տերեւաթափ ծառերուն,
Եւ աշունն ալ կ՚իյնայ առէջ առ առէջ:

Ու ես առջեւ գիւղանկարին այս տրտում
-Պատերազմի արհաւիրքներն ողբերգող
Կը տառապիմ արտասուելու անկարող:

Ո՜վ իմ գիւղակս հայրենի, ո՛րբ, աւերած,
Այժըմ, աւա՜ղ, լըքուած նոյն իսկ երազէդ,
Չորցած բաղեղ մ՚ինչպէս ծառին պլլըուած,
Կը յամառիս պահել սլատրանք մ՚անցեալէդ:

Դուն իմ սրտիս առկայծող ջահն ես սիրուն
Զոր կը սպառնան մարել հովե՜րը վաղուան.
Բայց ես, գի՜ւղ իմ, քեզ պիտի բնա՛ւ չըմոռնամ:

(«Արեւ», 75-րդ տարի, թիւ 21506, շաբաթ, 16 յունիս 1990, Գահիրէ, էջ 2):

* 

Ընթերցողներէն ոմանք պիտի մտածեն թերեւս, աւելի ճիշդ պիտի հարցնեն, հապա եթէ Գեղամ Աթմաճեանը այդքան շուտ մահացած չըլլար, ինչքանո՜վ պիտի ճոխացնէր մեր գրականութիւնը: Արդարեւ, Սեմայի գրութիւնները արձակ կամ բանաստեղծական սիրտէ բխող գրութիւններ են, անկեղծ զգացումներով՝ առանց իրապաշտութենէ հեռանալու: 

Գեղամ Աթմաճեանը այն քիչ գրողներէն է, որ յաջողած է իր անհատական ապրումներն ու զգացումները վերածել համամարդկային խորհրդածութեան՝ անձնականը կապելով հասարակականին, իսկ բանաստեղծական խոհը՝ ժամանակի մտահոգութիւններուն։ Անոր գրականութեան առանցքը մարդն է՝ իր ցաւերով, յոյսերով, պայքարով ու արժանապատուութեամբ։

Սեմայի գրական դիմանկարին մէջ կը տեսնենք զգայուն բանաստեղծ մը, խորաթափանց մտաւորական մը եւ հասարակական հարցերով մտահոգ գրող մը։ Անոր համար գրականութիւնը սոսկ գեղարուեստական արտայայտութեան միջոց մը չէ եղած, այլ՝ մարդկային խիղճը արթնցնելու, անարդարութիւնները մերկացնելու եւ նոր մտածողութիւն մը ձեւաւորելու կոչում։ Անոր հայեացքը մշտապէս ուղղուած էր մարդուն եւ անոր ապրած իրականութեան՝ յատկապէս հասարակութեան լուսանցքը մղուածներուն, զրկեալներուն ու տառապողներուն։ 

Աթմաճեան կը հաւատար նոր գաղափարներու, գրական արժէքներու վերագնահատման եւ մտաւորական կեանքի աշխուժացման անհրաժեշտութեան։ Ան չէր բաւարարուեր իր ժամանակի իրականութիւնը պարզապէս արձանագրելով, այլ կը փորձէր թափանցել երեւոյթներու խորքը, հասկնալ անոնց պատճառները եւ մատնանշել փոփոխութեան ուղիները։ Իր մտածողութեան մէջ կար նաեւ երիտասարդութեան հանդէպ մեծ վստահութիւն՝ որու կը վերապահէր հասարակական ու բարոյական նորոգումի կարեւոր դեր մը։

Սակայն այս մտաւորական խստութեան կողքին, Սեմայի մէջ միշտ ներկայ է քնքոյշ ու կարեկից հոգի մը։ Հայրենիքի, հայրենի գիւղին, մարդուն, արդարութեան եւ ազատութեան հանդէպ անոր սէրը կը հաղորդէ գրութիւններուն ներքին ջերմութիւն ու անկեղծութիւն։ Անոր խօսքը կեանքով լեցուն է, որովհետեւ չի՛ կտրուիր անկէ, իսկ զգացումները չեն վերածուիր իրականութենէն հեռու վերացական խոհերու։ 

Հակառակ անոր, որ կարճ կեանք մը ունեցած է Աթմաճեան, բայց իր ետին ձգած է գրական ժառանգութիւն մը, որու մէջ կը միաձուլուին բանաստեղծի զգայնութիւնը, հրապարակագրի քննադատական միտքը եւ հասարակական գործիչի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2026