ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Մարդուս ներքին կեանքը՝ որ ներքին աշխարհ մըն է, հսկայ ովկիանոս մըն է, որուն տակաւին մէկ մասին կը գիտակցի մարդկութիւնը։ Ան անհուն տարածք մըն է, որուն մակերեւոյթը, թէեւ մեզի խաղաղ կ՚երեւի, սակայն խորքը կ՚եռեւեփի յորձանքներով, որոնց մենք «ներքին մղումներ» կ՚անուանենք։ Հիները հոգւոյն ապրումները եւ ներքին անցուդարձերը չեն կրցած քննել երբեք առարկայօրէն։

Սոկրատեան «ծանիր զքեզ»ը, որ Դեղփիսի Ապաղոնի տաճարին ճակատը կը զարդարէր՝ աւելի բարոյախօսական քան իմաստասիրական ազդակներէ ներշնչուած է։ Արիստոտէլ, «հոգի»ի մասին խօսելով, մեզի փոխանցած է հոգեխօսական առաջին վերլուծական գործը՝ բայց մասնական եւ անկատար։

Որքան հետաքրքրական է, սակայն, մեր ներաշխարհի ալքերուն եւ խորութիւններուն մէջ պտոյտ մը՝ նպատակ ունենալով այնտեղ լաւագոյնս ուսումնասիրել մեր հոգւոյն ներքին եւ թաքուն անցուդարձերը։

Միջին դարու իմաստասիրական խարխափումները չեն կրցած լոյս սփռել այս խորհրդաւոր անցքերուն վրայ։ Աւելի վերջի շրջաններուն անուանի հոգեբոյժ Սիկմունտ Ֆրոյտ (1856-1939) աշխատասիրեց եւ յաջողեցաւ իբր առաջինը՝ մտնելու այդ խորհրդաւոր եւ թաքուն բաւիղներուն մէջ, եւ այնու բանալ մարդկութեան հոգեվերլուծումի բեղմնաւոր դարաշրջանը՝ թափանցելով «ներքին աշխարհ»։

Ակնյայտ է եւ բոլորիս ծանօթ, թէ մարդ ֆիզիքական, իմացական եւ բարոյական կեանք մը կը յայտնաբերէ ինք իր մէջ, եւ թէ մարմինը կենդանացնող եւ ձեւաւորող գոյացութիւնը՝ բանաւոր հոգին է, միայն թէ սա եւս փոխադարձաբար, մարմնոյ ազդեցութեան ենթակայ է, եւ անկէ կ՚ազդուի պարագաներու եւ իր յարափոփոխ տրամադրութիւններուն համաձայն։

Թէ հոգին աննիւթ գոյացութիւն մըն է. ասիկա իրողութիւն մըն է այսօր՝ անուրանալի, անժխտելի եւ ապացուցուած՝ անհերքելիօրէն։

Ողջամիտ իմաստասիրութիւնը, հոգիի ժամանակաւոր եւ մշտնջենաւոր կեանքը՝ աներկբայօրէն դաւանած է մի՛շտ, նոյնպէս եւ նախնական ժողովուրդները իրենց կարգին, ընդունած են ասիկա, վկայ իրենց գերեզմանները եւ իրենց կենդանի հաւատքը։

Յետագային՝ Պղատոն, Արիստոտէլ եւ վերջին շրջաններու բազմաթիւ իմաստասէրներու կարգին Էմմանուէլ Քանթ եւս դաւանած են այս իրողութիւնը՝ բացայայտօրէն։

Սա յայտնի իրողութիւն է, որ մարդուս ներաշխարհը միօրինակ խաղաղ չէ՛։ Ան միապաղաղ տեւական անդորրութիւն չի ցուցաբերեր եւ ո՛չ իսկ մանկութեան շրջանին։ Այնտեղ կան խորհրդաւոր անցուդարձեր՝ որոնց ուսումնասիրութիւնը արդարեւ խիստ շահեկան պիտի ըլլայ միշտ՝ որոնք «անգիտակից ապրումներ» կ՚անուանուին ընդհանրապէս։

Այս «անգիտակից ապրումներ»էն է «բնազդ»ը, որ անգիտակից մղում եւ ձգտում մըն է։ Մղումները՝ կեանքը յառաջացնող ազդակներ են, եւ կ՚երաշխաւորեն մեր գոյապահպանումը, զարգացումը եւ գոյատեւումը։ Մենք անասուն անբաններէն այնու կը տարբերինք, որ կարող ենք մեր մղումները՝ բանականութեան լոյսին եւ մեր կեանքին ենթարկել։

Անբան անասունը ստիպուած է իր մղումներուն անգիտակցօրէն հնազանդիլ, մինչ մենք կրնանք անոնց ձայնին եւ թելադրութիւններուն անսալ, եւ կամ մերժել եւս զանոնք, հակադրելով անոնց՝ բանականութեան լոյսը, ասիկա է ահա ողջմտութեամբ շարժելու գաղտնիքը։ Ասոր հակառակ կը մեղանչէ մարդ, եթէ իր բանականութեան լոյսին դէմ՝ թուլամորթ յանձնապաստանութեամբ, իր մղումները չափանիշ առնելով, Աստուծոյ իր մէջ դրած նպատակը անտեսէ։

Մղումները՝ որքան ալ արժէքաւոր ազդակներ ըլլան, սանձի սահմանի պէտք ունին սակայն՝ մեզ ուղիղ ճամբէն առաջնորդելու համար, ահա թէ բանականութիւնը մեզի ինչո՛ւ տրուած է Աստուծմէ։ Զարմանալի է, որ հզօր կամքի տէր մարդիկ իսկ, երբ բանականութեան ճամբէն շեղին, գերի կ՚ըլլան յաճախ կիրքերու։ Ուստի, շատ խորհրդաւոր ներաշխարհ մը ունինք՝ բարդութիւններով լի. հոն են հաւատացեալը եւ անհաւատը, չարը եւ բարին, օգտակարը եւ վնասակարը, առողջը եւ հիւանդը, խելացին եւ անխոհեմը. հոն կը գտնենք տպաւորութիւններ դրոշմուած՝ երբեմնի ապրումներէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2026