Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴԱՍՏԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԿԷՍ ԴԱՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱԳՈՐԾԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԿԱՏԵՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀ ՄԸ ԵՒ ՓԱՌՔ ԿՈՒ ՏԱՄ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՆԾԻ ՊԱՐԳԵՒԱԾ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ արք. Աթէշեանի երէկուան մեծարանքի հաւաքոյթի ընթացքին արտասանած սրտի խօսքի սղագրութիւնը։
*
Կանխաւ անկեղծօրէն կ՚ուզեմ ըսել, որ խորապէս տպաւորուած եմ այս երեկոյթով։ Ուրախ եմ, որ շրջապատուած եմ իմ հոգեւոր եղբայրներուն եւ մեր համայնքի մշակութասէրներուն կողմէ։ Հպարտ կը զգամ, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նուաստս արժանի համարած է այսպիսի մեծարանքի հանդիսութեան մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս կէս դար քահանայագործած ըլլալու հնարաւորութիւնը կը նկատեմ աստուածային շնորհ մը եւ փառք կու տամ Աստուծոյ ինծի պարգեւած ծառայութեան կարելիութիւններուն համար։ Մեր Տիրոջ, մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի սպասաւորը ըլլալ իւրաքանչիւր հայ հոգեւորականի համար մեծագոյն պատիւն է։ Մենք այս զգացումով կը կրենք մեր խաչը։
Այսօրուան հանդիսութեան ընթացքին մենք մեր մշակոյթը վայելեցինք իր ամբողջ ճոխութեամբ ու բազմազանութեամբ։ Գիր, ասմունք եւ երաժշտութիւն։ Սա փառաւոր պատկեր մըն է եւ խորքին մէջ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ արժեհամակարգի խտացումը կը ցոլացնէ։ Այդ արժեհամակարգը նաեւ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի այն մեծ ժառանգութիւնը, որու կրողներն ենք բոլորս՝ որպէս հայ կղերականներ։ Այս երեկոյ ներկայացուծ ֆիլմը առանձնապէս յուզեց զիս։ «Մարդն ու ճամբան» կոչուած այս գործը կարծէք լաւագոյնս կը բացատրէ նուաստիս ծառայութեան յոբելեանի իմաստը։ Եթէ այնտեղ ակնարկուած եւ ներկայացուած մարդը ես եմ, ապա այդ ճամբան գծուած է Աստուծոյ կողմէ։ Սա իմ խորին համոզումն է՝ քանի յիսուն տարիէ ի վեր կը ջանամ հնարաւորութեանս սահմաններուն մէջ ծառայել մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Իմ մաղթանքն է, որ մեր բոլորի անձերէն վեր՝ բարձրեալն Աստուած միշտ լոյս սփռէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անսասանութեան ճամբուն վրայ։
Վերջապէս, իսկապէս հրճուանքի մէջ եմ, որ այս յոբելեանը կը նշուի այնքան արժէքաւոր գիրքի մը հրատարակութեամբ՝ քանի այդ մէկը պիտի անմահացնէ այս փուլի բոլոր ապրումներս։
Շնորհակալ եմ ձեր բոլորին, որ այսօր ներկայ էք եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեան հիման վրայ համախմբուած էք համեստ սպասաւորիս շուրջ, որ գիտակից կեանքի ողջ տեւողութեան աղօթած է իր Եկեղեցւոյ, ազգին, ժողովուրդին եւ մերազն համայնքին համար։