ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան ծնած է 347-ին Անտիոք. մեռած՝ սեպտեմբեր 14, 407-ին։ Ան պատանեկան շրջանէն իսկ կրթուած է արտաքին գիտութիւններով՝ ճարտարախօսութեան դասատու ունենալով Լիբանիոսի նման հռետոր մը։ Անտիոքի եպիսկոպոսը՝ Ս. Մելիտոս, զայն դաստիարակած է, մկրտած եւ ընթերցող կարգած։ Յովհաննէս, յետոյ նոյն քաղաքին մերձակայ լեռները կը քաշուի, եւ հին մենակեացի մը ուղղութեամբ Սուրբ Գիրք կ՚ուսումնասիրէ եւ աղօթքի եւ ինքնաչարչարութեան անձնատուր կ՚ըլլայ։

Յետոյ կ՚առանձնանայ քարայրի մը մէջ՝ ուր երկու տարի կը մնայ, որմէ վերջ իր առողջութիւնը զինք կը հարկադրէ դառնալ Անտիոք։

Ս. Մելիտոս զինք սարկաւագ կը ձեռնադրէ, իսկ Փլաբիանոս, անոր յաջորդը, քահանայութեան կը կոչէ, նաեւ քարոզչութեան պաշտօն տալով իրեն. պաշտօն՝ զոր այդ միջոցին միայն եպիսկոպոսները կրնային ունենալ։

398-ին, հակառակ իր կամքին, յաջորդեց Բիւզանդիոնի Կ. Պոլսոյ Նեկտարիոս պատրիարքին եւ այն ատենէն իր անձին վրայ փայլեցուց բարի եւ ընտիր հովուապետի մը առաքինութիւնները։ Ան եղաւ «հայր» եւ «վարդապետ» եկեղեցւոյ։ Ան բարեկարգեց կղերը, աղքատներու խնամքը կանոնաւորեց, հիւանդանոցներ կառուցանել տուաւ, եւ այնքան ուժգնօրէն ծառացաւ, դիմադրեց մեծամեծներու ագահութեան, ամբարտաւանութեան եւ ցոփ կենցաղին դէմ, որ 403-ին գահընկէց եղաւ Կաղնեաց ժողովէն, եւ Բիւթանիա աքսորուեցաւ։

Բայց իր մեկնումին գիշերը նոյնիսկ Կ. Պոլսոյ մէջ այնպիսի ահաւոր երկրաշարժ մը պատահեցաւ, որ կայսրուհին, զարհուրած, իր ամուսինէն արտօնութիւն ստացաւ Սուրբը ետ կանչել տալու։

Բայց այս անգամ ա՛լ աւելի խիստ կերպով քարոզեց արքունիքին զեղխութիւններուն դէմ, ուստի, Արկադիոսի եւ Եւդոքսիայի որոշումով վերստին գահազուրկ եղաւ եւ աքսորուեցաւ նախ Հայաստան, Կոկիսոն, յետոյ Կոմանա՝ ուր Ս. Բասիլիսկոսի վկայարանին մօտ վախճանեցաւ՝ վերջին անգամ Սուրբ Խորհուրդը մատակարելէ յետոյ։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի մարմինը Կ. Պոլիս փոխադրուեցաւ 434-ին՝ իր աշակերտին Պրոկղի պատիրարքութեան օրով։

Իր գրականութիւնը՝ որուն մէջ կայ Պատարագ մը, Սուբր Գիրքի մեկնութիւններ, քահանայութեան վրայ ճառ մը եւ բազմաթիւ քարոզներ՝ որոնց մեծ մասը հայերէնի թարգմանուած են Ե. դարու ընտրելագոյն գրաբարով։ Եկեղեցւոյ հայրերու ամենէն մեծարժէք գործերը կը ներկայացնէ։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան աղօթքի մասին կ՚ըսէ. «Եւ արդ, ինչպէ՞ս կ՚ըսեն եկեղեցւոյ մէջ պէտք չէ՛ աղօթել։ Պէ՛տք է, եւ՝ շատ, բայց ամէնուրեք այնպիսի կամքով, ինչպիսին Աստուած կը պահանջէ մտքի համար։ Քանի որ սենեակ մտնելով եւ դռները փակելը ոչ մէկ օգուտ կու տայ։ Տե՛ս՝ ինչպէս է եւ այստե՛ղ տարբերութիւնը ցոյց կը տրուի.- Որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն… (ՄԱՏԹ. Զ 5)։ Որովհետեւ այնպիսի ուղղութիւն մը կը կամենայ կարգել, որ դռները փակելէ առաջ, նախ փակեն մտքի դռները, որպէսզի բոլորովին հեռանալ կարենան ունայն պարծանքներէ։

Լա՛ւ է ամէնուրեք հեռանալ այդպիսի ախտերէ, մանաւանդ՝ աղօթքներու ժամանակ, քանի որ եթէ առանց այն ալ կը սայթաքինք եւ այս-այն կողմ կը զարնուինք, եթէ այդպիսի ախտով աղօթքներուն մօտենանք, ինչպէ՜ս կը կարողանանք ստանալ հայցուածները՝ որ կը խնդրենք։

Եթէ մենք կարիքաւորները, որոնք կ՚աղաչեն, չլսենք, ապա Աստուած՝ Որուն կ՚աղաչենք, ինչպէ՞ս կը լսէ։

Ո՛չ թէ մարմնի կեցուածքով եւ մեծաձայն խօսքերով, այլ կամաւոր յօժարութեա՛մբ աղօթք մատուցանենք։ Ո՛չ թէ յանդուգն աղաղակով եւ ի ցոյց մարդկանց, այլ հեզութեամբ եւ հանդարտութեամբ, միտքերու ստրջանքով եւ զղջումով եւ մեղմ արտասուքով խորքին մէջ սիրտը արթնցնել։

Բայց սիրտդ կը ճմլուի՞ եւ չե՞ս կարողանալ դիմանալ, որ չաղաղակես, եւ որ յանկարծ սրտէդ փղձուկ՝ ցաւ եւ յուզմունք չթափուի։ Այլ ինչպէս Մովսէս կը ցաւէր իր սրտէն եւ ոչինչ դուրս չէր հաներ, սակայն անոր լուռ աղօթքները այդպէս լսուեցան։

Որովհետեւ Աստուած իսկ կ՚ըսէր. «Ինչո՞ւ ինծի կ՚աղաղակես…». (ԵԼՔ. ԺԴ 15)։ Եւ Աննան թէպէտ եւ աղօթած ատեն շուրթներէն որեւէ խօսք չէր հաներ, սակայն բոլորը՝ ինչ որ կամեցաւ, ստացա՛ւ, որովհետեւ սիրտը կ՚աղաղակէր. (Ա ԹԱԳ. Բ 1)։ Իսկ Հաբէլը լուռ չէր, երբ կը վախճանէր, այլ կ՚աղօթէր առ Աստուած. (ԾՆՆԴ. Դ 10)։

Հիծի՛ր՝ լա՛ց դուն եւ յոգո՛ց հանիր, եւ հոգիդ հանէ, ինչպէս եւ սուրբերը, չեմ արգիլեր. պատռէ՛, ինչպէս մարգարէն ըսաւ. ո՛չ թէ պատմուճանը, այլ՝ սի՛րտդ։ Ըստ այնմ՝ ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն.- Խորունք տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։ Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։ Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին. (ՍԱՂՄ. ՃԼ 1-2)։ Սրտի խորերէն՝ ներսէն խօսք կ՚արձակէր։

Չե՞ս տեսներ, որ արքունիքի մէջ ամենայն աղմուկ եւ աղաղակ դադրեցուած է, եւ ամէն կողմ վաստակաց լռութիւն կը տիրէ։ Եւ դուն նոյնպէս, անձդ արքունիք մտած համարելով, ոչ թէ երկրային, այլ վերին եւ անոնցմէ աւելի մեծ երկինքի՛ համատարած հանդարտութիւնը, քանի որ հրեշտակներուն իսկ դասակից եղար, հրեշտակապետներուն՝ գնդակից, սերովբէներու հետ՝ սրբացած։

Քանզի վերին գունդերը ամէնքն ալ իրենց ներսը բազմաթիւ բարեկարգութիւններ կը ցուցաբերեն. մեծ երկիւղով սրբազան մեղեդիներ նուագեն եւ երանախառն օրհնութիւններ կ՚երգեն ամէնքի թագաւոր Աստուծոյ։

Աղօթքի ժամանակ անոնց հետ խառնէ քու անձը, անոնց սրբազան կարգի՛ն եղիր նախանձաւոր եւ աղօթէ Աստուծոյ՝ որ մերձ է ամէնուր, կը լսէ նախքան խօսիլը եւ գիտէ ամէն ծածուկ միտք։

Եթէ այսպէս աղօթես շատ վարձք կը ստանաս»։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի վերոյիշեալ խրատներուն հետեւելով կրնանք իրապէս արդիւնաբեր աղօթքներ մատուցանել, քանի որ աղօթքի հարցին անկեղծութիւնը անհրաժե՛շտ է։ Արդարեւ, աղօթքին որակն է կարեւորը եւ ո՛չ՝ քանակը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2026