ԿԵՆԴԱՆԻ ՋՈՒՐԵՐՈՒ ԱՂԲԻՒՐԸ
«Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բխին». (ՅՈՎՀ. Է 37-38)։
Ջուրը, արդարեւ կեա՛նք է. ան է, որ կեանք կու տայ եւ կեանքը կը տեւականացնէ։ Այս իմաստով, ջուրը կեանքի անսպառ եւ մշտահոս աղբիւրն է։
Մարդը, միանգամայն մարմնաւոր եւ հոգեւոր էակ ըլլալով, հոգեւոր իրականութիւնները նիւթական նշաններու եւ խորհրդանիշներու ընդմէջէն կ՚արտայայտէ եւ կը քաղէ։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ Յիսուս կը խօսի առակներով, որոնք պատկերաւոր ձեւով ըսուած խօսքեր են։ Ուստի, Յիսուս լայնօրէն օգտագործեց՝ հոգեւոր ճշմարտութիւնները փոխանցելու եւ բացատրելու համար։ Մարդը իբրեւ ընկերային արարած՝ ուրիշներու հետ լեզուով, շարժուձեւերով, արարքներով հաղորդակցելու համար, կարիքը ունի նշաններու եւ խորհրդանիշներու։ Նո՛յնն է պարագան նաեւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան։ Աստուած մարդուն կը խօսի տեսանելի արարչութեան ընդմէջէն։ Նիւթական տիեզերքը մարդուն իմացականութեան այնպիսի ձեւով կը ներկայանայ, որպէսզի մարդը անոր մէջ իր Արարչին հետքերը կարդայ։
Լոյսը եւ գիշերը, հովը եւ հուրը, ջուրը եւ ցամաքը, ծառը եւ պտուղները կը խօսի՛ն Աստուծոյ մասին եւ միանգամայն Անոր մեծութիւնը եւ մերձակայութիւնը կը խորհրդանշեն։ Զոր օրինակ. «Վասնզի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց. զիս՝ կեանքի ջուրի աղբիւրը թողուցին եւ իրենց գուբեր փորեցին, ծակոտ գուբեր՝ որոնք չեն կրնար ջուր պահել». (ԵՐԵՄ. Բ 13)։ Իսկ Յիսուս կ՚ըսէ. «Բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը՝ որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ». (ՅՈՎՀ. Դ 14)։ Արդարեւ, ջուրը Աստուծոյ մէկ պարգե՛ւն է՝ արարչագործութեան ծրագրով արձանագրուած։
Եզեկիէլ մարգարէ կը վկայէ. «Զիս նորէն տաճարին դրանը ետեւը բերաւ։ Արեւելեան կողմէն տանը սեմին տակէն ջուրեր կ՚ելլէին, քանզի տանը երեսը դէպի արեւելք էր եւ ջուրերը տանը աջ կողմին տակէն՝ սեղանին հարաւային կողմէն կ՚իջնէին։ Ապա զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն հանեց եւ առաջնորդեց դէպի արտաքին դուռը՝ որ արեւելք կը նայէր եւ ջուրը կը հոսէր դէպի հարաւային կողմը։ …Այս ջուրերը արեւելեան կողմէն կ՚ելլեն եւ անապատը կ՚իջնեն եւ ծովը կ՚երթան եւ ծովուն խառնուելով, անոր ջուրերը կը թարմացնեն։ Գետը ո՛ւր որ երթայ՝ բոլոր կենդանիները պիտի ապրին». (ԵԶԵԿ. ԽԷ 1-2, 8-9)։ Ուստի, եկեղեցիէն դուրս կը բխի առուակ մը՝ որ կը հասնի ծով աւելի առատանալով եւ այդ ջուրը կ՚ապրեցնէ բոլոր անոնք՝ որ կ՚օգտագործեն զայն։ Եւ այդ կենարար, կենսատու ջուրը կը մաքրէ, կը սրբացնէ մարդը։ Մահէն կեանք կը փոխադրէ, ժամանակաւորը յաւիտենականի կը վերածէ։
Ծննդեան Գիրքը առաջին գլխուն մէջ՝ արարչագործութեան ընթացքին ջուրին կարեւորութեանը կը վկայէ։ Արդարեւ, ջուրը եւ ջրհեղեղը նախապատկերացումներն են Մկրտութեան։ Արդարեւ, մկրտութեամբ Յիսուս կը մաքրէ եւ կը բժշկէ մարդը իր նախնական մեղքէն։
Ջուրը երբ ծով հասաւ՝ կենդանութիւն ստեղծեց. ուստի եւ արարչագործութեան գլխաւոր տարրն է ջուրը, եւ եկեղեցին աղբիւրն է այդ ջուրին եւ ո՛չ թէ՝ ամբարը։ Ուստի, ջուրը երբ տարածուի, բաշխուի, շատերու օգտագործման յանձնուի՝ այն ատեն իր արժէքը կը յայտնուի։ Եւ այն ատեն ջուրը կենդանութիւն կու տայ, կեանքի կը վերածուի։ Եւ «Ջուր»ը տարածելու, բաշխելու պարտականութիւնը ծանր պատասխանատուութիւն մը կը բեռցնէ ամէն գիտակից մարդու ուսերուն վրայ։ Արդարեւ, ջուրը պէտք է պտղաբերութեան ծառայէ, պտուղ տայ, աւելի եւ աւելի պտղաբեր ըլլայ, տարածուի եւ առատանայ։ Եւ այնպէս՝ ինչպէս Աստուած Իր բարութիւնը, իմաստութիւնը, սէրը տարածեց իր արարածներուն վրայ՝ արարչագործութեան ընթացքին։
«Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ՚ըսէր.- Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Որովհետեւ ո՛վ որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բխին։ Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին։ Իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր». (ՅՈՎՀ. Է 37-39)։
Արդարեւ, ջուրին խորհրդանշութիւնը՝ կը նշանակէ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը մկրտութեան մէջ, քանի որ Սուրբ Հոգիին ոգեկոչումէն ետք, ջուրը կը դառնայ նոր ծնունդին խորհրդենական արդիւնագործ նշանը. ինչպէս որ մեր առաջին ծնունդին սաղմնաւորումը կատարուած է ջուրին մէջ, այնպէս ալ մկրտութեան ջուրը իրապէ՛ս կը նշանակէ, թէ աստուածային կեանքին մէջ մեր ծնունդը մեզի Սուրբ Հոգիով տրուած է։ Բայց մենք «մկրտուած միեւնոյն Հոգիով… ըմպեցինք նաեւ միեւնոյն Հոգիէն». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 13)։
Հոգին ուրեմն Ինք անձնապէս կենդանի Ջուրն է, որ ժայթքեց խաչեալ Քրիստոսէն՝ (ՅՈՎՀ. ԺԹ 34), (Ա ՅՈՎՀ. Ե 8) իբրեւ իր ակնաղբիւրէն. իսկ մեր մէջ կը ցայտէ որպէս Կեանք յաւիտենակա՛ն. (ՅՈՎՀ. Դ 10, ԺԴ 38), (ԵԼՔ. ԺԷ 1-6), (ԵՍ. ԾԵ 1), (ԶԱՔ. ԺԴ 8), (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 4), (ՅԱՅՏ. ԻԱ 6, ԻԲ 17)։ Արդարեւ, Տէրը Սուրբ Հոգին «ճշմարտութեան Հոգին» կը կոչէ. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։
«Սուրբ Հոգի». ա՛յս է յատուկ անունը Անոր, զոր մենք կը պաշտենք եւ Հօր եւ Որդիին հետ կը փառաւորենք որպէս «համագոյակից»…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ