ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ
Այս շաբաթավերջին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը նշուի եզակի յոբելեան մը։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով կը մեծարէ Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյնը՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեանը, որ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման յիսնամեայ ոսկէ յոբելեանը թեւակոխած է։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ նախատեսուած են այս շաբաթավերջի մեծարանքի հանդիսութիւնները՝ «Պատիւս արժանաւորաց…» մեկնակէտով։ Կարճ խօսքով, Տ. Արամ արք. Աթէշեան պատուանդանի վրայ է եւ իրեն համար կազմակերպուած ձեռնարկները այս շաբաթավերջին կը համա-խըմբեն համայնքային շրջանակները։
Նորին Սրբազնութեան քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման յիսնամեակը կը բնորոշուի այլ բացառիկ իրադարձութիւնով մը։ Արդարեւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իրեն շնորհած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորահաստատ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» առաջին կարգի շքանշանը՝ համապատասխան Սրբատառ կոնդակով հանդերձ։ Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, արդէն քաղաքիս մէջ է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։ Այս վերջինը կը մասնակցի Տ. Արամ արք. Աթէշեանի ի պատիւ կազմակերպուած իրերայաջորդ երեք ձեռնարկներու։
Այսօր երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ տեղի կ՚ունենայ մշակութային հանդիսութիւն մը։ Մեծարանքի երեկոյթի ընթացքին կը ցուցադրուի՝ յոբելեար Սրբազան Հօր կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ պատրաստուած «Մարդն ու ճամբան» փաստավաւերագրական ֆիլմը, որու հեղինակն է Երեւանէն Տիգրան Պասկեւիչեան։ Այս հանգամանքը կալայի մը նշանակութիւնը կը վերագրէ ձեռնարկին, սակայն, երեկոյթը այդքանով ալ սահմանափակ չէ, որովհետեւ գիրքի շնորհանդէսի մըն ալ բնոյթը ունի։ Այսպէս, հանրութեան կը ծանուցուի «Յոբելեար սրբազանը» գիրքը, որ յուշամատեան մըն է, կը բովանդակէ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի վերաբերեալ վկայութիւններ, կենսագրական տուեալներ, ինչպէս նաեւ ալպոմի ճոխ բաժին մը, որ որոշ չափով լոյս կը սփռէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց վրայ։
Այս կիրակի, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ արք. Աթէշեան պիտի մատուցանէ գոհաբանական Ս. Պատարագ։ Քաղաքի բոլոր եկեղեցիները միայն մոմավառութեան համար բաց պիտի ըլլան, իսկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի միայն Գումգաբուի մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագը, որու երգեցողութիւնները պիտի կատարուին պոլսահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու խառն կազմի մը կողմէ՝ Յովսէփ սրկ. Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի։
Ս. Պատարագի ընթացքին Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի կողմէ հանդիսաւորապէս պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ կոնդակը եւ Տ. Արամ արք. Աթէշեանին պիտի յանձնուի «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։ Մինչ այդ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգն ալ երէկ պաշտօնապէս հրապարակած է այս շքանշանի տուչութեան մասին։
Տ. Արամ արք. Աթէշեանի յոբելենական հանդիսութիւնները կ՚ապահովեն համայնքին շրջանակներէն լայնախարիսխ մասնակցութիւն։
Ձեռնարկները կազմակերպելու համար Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պաշտօնի կոչուած է կարգադիր յանձնախումբ մը, որ այս օրուան մեծարանքի հանդիսութեան եւ կիրակի օրուայ Ս. Պատարագին համար քաղաքիս զանազան հայահոծ թաղերէն փոխադրամիջոցի դիւրութիւններ ապահոված է դէպի Գումգաբու։