ԻՐԱՏԵՍ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
Աստուած՝ Արարիչ է, նաեւ՝ Ամենախնամ. Ուստի, արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքզինքին։ Չի տար անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։
Ճանչնալ եւ տեսնել այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեա՛ն։ Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք. պէտք է հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ, այսինքն գիտակցութեամբ՝ իրատեսութեամբ հաւատալ եւ վստահիլ։
Վստահութիւնը նախ կը պահանջէ ճանաչում. մարդ ճանչցածին, տեսածին կը վստահի. կոյր վստահութիւնը՝ վստահութիւն չէ՛ իր իսկական իմաստով։
Իմաստութեան Գիրքին մէջ կը կարդանք. «Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր, որովհետեւ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։ Բան մը ի՞նչպէս պիտի գոյատեւէ եթէ Դուն չես կանչած զայն։ Բայց Դուն կը խնայես ամէն բանի, որովհետեւ ամէն ինչ Քո՛ւկդ է, Դուն որ հոգեսէր Տէր ես». (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 24-26)։ Իսկ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս՝ «Ինք աւելի բարձր է քան իմ մէջս գտնուող բարձրագոյնը, աւելի մտերիմ քան մտերմագոյնը»։
«Բազմաթիւ մտածումներ կ՚անցնին մարդուն սրտէն, միայն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի իրականանայ». (ԱՌԱԿ. ԺԹ 21)։ Հոս կը տեսնենք, որ Սուբր Հոգին, գլխաւոր հեղինակը Սուրբ Գիրքին, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, առանց յիշատակելու երկրորդական պատճառները։ Ասիկա արտայայտուելու նախնական կերպ մը չէ, այլ խորունկ միջոց մը յիշեցնելու Աստուծոյ գլխաւորութիւնը եւ բացարձակ տէրութիւնը պատմութեան եւ աշխարհի վրայ եւ այսպէսով՝ մեզ վստահութեան վարժեցնելու Իրեն հանդէպ։
Արդարեւ, սաղմոսներուն աղօթքը ամենամեծ դպրոցը եւ դաստիարակն են այս վստահութեան։ Յիսուս եւս կը պատուիրէ որդիական թողլքում մը՝ հանդէպ երկնաւոր Հօր նախախնամութեան, որ կը հոգայ նուազագոյն կարիքները Իր զաւակներուն։
Ուստի, պատուէրներուն առաջինը կ՚ընդգրկէ հաւատքը՝ վստահութիւնը, յոյսը եւ սէրը։ Արդարեւ, ո՛վ որ Աստուած կ՚ըսէ, կ՚ըսէ Էակ մը մնայուն, անփոփոխ, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս արդա՛ր։ Հետեւաբար, մենք պէ՛տք է անհրաժեշտաբար ընդունինք Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենանք ամբողջական հաւատք եւ յոյս՝ վստահութի՛ւն։
Ան Ամենակարող է. բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։ Ան նաեւ իմաստուն է՝ բացարձակապէս իմաստո՛ւն։ Եւ ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք. ո՞վ պիտի կարենար չվստահիլ Իրեն՝ գիտնալով բարութեան, իմաստութեան, սիրոյ եւ խանդաղատանքին գանձերը, զորս Ինք սփռեց մեր վրայ։ Ասոր համար Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջը կը գործածէ այս բանաձեւը. «Ես եմ Տէրը»։ Վստահութեան մասին «կամովին տարակոյսը» կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ, կ՚ուրանայ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը՝ զոր Եկեղեցին կ՚առաջարկէ մեզի, որպէսզի հաւատա՛նք։ «Ակամայ տարակոյսը» ցոյց կու տայ հաւատալու եւ վստահելու վարանումը, նաեւ հաւատքին դէմ առարկութիւններուն յաղթահարելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անձկութիւնը հաւատքին յարուցած մթութեան դիմաց։
Եթէ տարակոյսը կամովին մշակուած է՝ կրնայ տանիլ մտքի կուրացումին։
Վստահութեան պակասը կամ թերահաւատութիւնը յայտնեալ հաւատքին հանդէպ անհոգութիւն է կամ կամովին մերժո՛ւմն է զայն ընդունելու։ Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ հաւատքը եւ վստահութիւնը իր մէջ կ՚ընդգրկէ կոչը եւ պարտաւորութիւնը պատասխանելու աստուածային սիրոյն՝ անկեղծաւոր կերպով։
Տէրունական աղօթքին մէջ «Այսօր» բառը՝ վստահութեան արտայայտութիւն մըն է։ Ուստի, Աստուծոյ վստահինք «այսօր» եւ միշտ, քանի որ Ա՛ն է ամենավստահելին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ