ՀԱՄՈԶԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Մտիկ ընողներ կարենալ համոզելու համար՝ անոնց առջեւ պէտք է դնել անուրանալի եւ հաստատ աստուածային ճշմարտութիւններ՝ որոնք պէտք է ընդունիլ իբրեւ անխուսափելի իրականութիւններ, եւ ո՛չ թէ վարկածներ՝ որոնք քննութեան կը կարօտին եւ պէտք է քննուին, քննադատուին, եւ որոշուին մտիկ ընողներու կողմէ։ Մարդիկ կը համոզուին այն իրականութիւններուն ճշմարտութեան, երբ համոզիչ ապացոյցներով փաստուին զանոնք։

Արդարեւ, Իր ըրած յայտարարութիւններուն մէջ՝ Աստուած մարդոց գաղափարը չի հարցներ, քանի որ ծառան աւելի մեծ չէ՛ քան տէրը, այլ կ՚ակնկալէ, որ անոնք առանց վերապահութեան ընդունին Իր ըսածները՝ Իր Խօսքը, եւ հնազանդին անոնց։ Ուստի, մտիկ ընող «մեղաւոր»ներ՝ պէտք է գիտնան, որ իրենց դատը տեսնուած եւ իրենք յանցաւոր գտնուելով՝ յաւիտենական կորուստի դատապարտուած են։ Ճիշդ այս կէտին յիշենք, որ պէտք չէ՛ շփոթել միջոցը նպատակին հետ։

Աստուած, սակայն, գթած եւ ողորմած ըլլալուն համար՝ առիթ մը եւս կու տայ իրենց՝ որ անդրադառնան իրենց ինկած վիճակին, զղջում ցոյց տան, խոստովանին իրենց մեղքերը եւ Քրիստոսի կատարած քաւութեան հիման վրայ՝ ներում խնդրեն Աստուծմէ՝ իրենց մեղքերուն համար եւ իրենց հոգւոյն փրկութեան համար…

Հին Յունաստանի փիլիսոփայութիւնը նշանաւոր է աշխարհի պատմութեան մէջ։ Մինչեւ հիմա՝ Սոկրատէս եւ Արոստոտէլ յարգանքով կը յիշուին գրական շրջանակներու մէջ։ Ասոնք մեծ ծառայութիւն մատուցանեցին քաղաքակրթութեան՝ իրենց տեսութիւններով։ Անոնք բացառիկ տաղանդի մարդիկ էին։ Անոնք փիլիսոփայութիւնը հիմնեցին։ Անոնք ռահվիրաներ էին՝ փիլիսոփայութիւնը ստեղծողներ։ Երբ «իմաստասէր» կ՚ըսենք՝ իմաստութիւնը սիրողներ կը հասկնանք։ Ուստի, յունարէն «ֆիլոսոֆիա» բառը ճի՛շդ այդ կը նշանակէ։ Ասոնք, Սողոմոն իմաստունի ակումբին կը պատկանին։ Սակայն, պէտք չէ՛ մոռնալ, որ Աստուած է իմաստութեան ակը։

«Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը, եւ հանճարով հաստատեց երկինքը». (ԱՌԱԿ. Ե 19)։ Աստուծոյ իմաստութիւնը չափ ու սահման չունի։

Շրջան մը եղաւ փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ՝ երբ Փերիքլէսի եւ Տիմոսթինէսի պէս մտաւորականներ՝ ուզեցին փիլիսոփայութիւնը աւելի ներկայանալի դարձնել մարդոց՝ անոր վրայ աւելցնելով հռետորութեան տարրը։ Ասոնք հռետորներ էին։ Հռետորը՝ մասնագէտ է ձայնի ելեւէջներու, գրական ոճի եւ շարժումներու մարմնական լեզուի մէջ։ Փոխանակ փիլիսոփայութիւնը բարելաւելու՝ անոնք փիլիսոփայութիւնը սպաննեցի՛ն. անոնք փիլիսոփայութիւնը գրականութեան վերածեցին։ Գեղեցիկ բառեր եւ նախադասութիւններ՝ փոխարինեցին գաղափարը, իմաստը եւ ճշմարտութիւնը։ Շեշտը՝ հռետորութեան վրայ դրուեցաւ եւ փիլիսոփայութիւնը զոհուեցաւ հռետորութեան համար։

Նիւթը, էութիւնը, յունարէն «ուսիա», «substance» անգլերէնի մէջ՝ երկրորդական նկատուեցան։ Կորիզը կորսնցուց իր կարեւորութիւնը, որովհետեւ կեղեւը զինք փոխարինեց։ 

Հայ Առաքելական Եկեղեցին զգալի ազդեցութիւն կրած է Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն։ Նոյն հռետորութիւնը կարելի է նշմարել Յոյն եկեղեցւոյ մէջ՝ նաեւ նշմարելի է Հայ Ուղղափառ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ յաճախ։ Ուստի, ինչպէս որ հռետորութիւնը սպաննած է փիլիսոփայութիւնը՝ նաեւ նսեմացուցած է «հոգեւոր քարոզութիւն»ը, ընդհանրապէս եկեղեցիներու մէջ՝ Աւետարանին ճշմարտութիւնները փոխարինելով սուտ եկեղեցասիրական, ազգասիրական կամ հայրենասիրական, աւելի աշխարհային զանազան յայտարարութիւններով։ Ուստի, կորսնցուցած կ՚երեւի եկեղեցին իր նախնական իմաստը, նպատակը եւ ազդեցութիւնը…

Պէտք չէ զոհել հոգեւորը աշխարհայինին եւ պէտք չէ շեղում կատարել նախնական նպատակէն, եւ միայն այն ատեն համոզիչ պիտի ըլլան քարոզներ, յանձնարարութիւններ եւ եկեղեցին պիտի հասնի իր սկզբնական հոգեւոր բարձր նպատակին։

Ճշմարտութիւնը խօսիլ առաքինութիւն մըն է եւ քաջութիւն կը պահանջէ. սա ալ իրողութիւն մըն է, որ ճշմարտութիւնը խօսողներ շատ չեն սիրուիր եւ շատեր չեն ուզեր համոզուիլ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026