ԵՐԲ ԲՈԼՈՐԸ ԾԻԾԱՂԵՑԱՆ…

Հայերէնի պահն էր: 

Բոլորը պատրաստ էին իրենց շարադրութիւնները կարդալու: 

Ուսուցչուհին դասարան մտնելէ ու բարեւելէ ետք, ժպտադէմ հարցուց աշակերտներուն, թէ արդեօք պատրա՞ստ են: Բոլորը բարձրաձայն այո՛, պատասխանեցին: 

Քանի մը աշակերտներէ ու աշակերտուհիներէ ետք կարգը հասաւ Անիին: Անին, դասարանի ամենէն ամչկոտ աղջնակն էր: Ան սկսաւ իր շարադարութիւնը կարդալ, դանդաղ: Խառնուած էր: Քրտինքը սկսած էր հոսիլ իր ճակատէն: Կարդացած պահուն յանկարծ թուղթը գետին ինկաւ… Ամբողջ դասարանը՝ բացի Անահիտէն, սկսաւ բարձր ծիծաղիլ: Ուսուցչուհին զսպեց դասարանը: Անին ինկած թուղթը վերցուց, ուզեց շարունակել կարդալ, սակայն, չկրցաւ… Ուսուցչուհին հանդարտութեամբ ըսաւ անոր, որ իր տեղը անցնի: Անահիտը, որ Անիին ամենէն մտերիմ ընկերուհին էր լուռ կը հետեւէր եղելութեան, մինչ միւս դասարանակիցները կը շարունակէին քմծիծաղիլ:

Անին վիրաւորուած էր: Չէ՞ որ քանի մը օրէ ի վեր կը պատրաստուէր այս պահուն համար, սակայն, դարձեալ ձախողեցաւ եւ չկրցաւ յաղթահարել իր ամաչկոտութիւնը: Անոր վիրաւորանքը աւելի խորացաւ, քանի որ Անահիտը, լուռ էր եւ ո՛չինչ ըրած կամ ըսած էր… 

Դպրոցի աւարտին Անին հակառակ իր սովորութեան, Անահիտին հետ տուն չվերադարձաւ: 

Անահիտը, որ թէեւ լուռ մնացած էր, բայց ներքնապէս տառապած ու ցաւած էր իր ընկերուհիին այդ վիճակին համար, սակայն ամբողջ դասարանցիներու ծաղր ու ծանակի առարկան դառնալու հանգամանքը, ստիպած էին զինք, որպէսզի լուռ մնայ եւ ո՛չ մէկ միջամտութիւն ընէ: Միաժամանակ, ան զարմացած էր, որ ուսուցչուհին եւս չէ՛ր յանդիմանած զիրենք, այլ պարզապէս խնդրած էր Անիէն, որպէսզի իր տեղը վերադառնայ եւ շարունակած էր դասապահը, կարծէք ոչինչ պատահած ըլլար: 

Անահիտը յաջորդ օրուան դասերը պատրաստելէ ետք, ըստ սովորութեան իր մեծ մայրիկին հետ քալելու ելան: Երբ հասան իրենց տան մօտակայքը գտնուող այգին, Անահիտը խնդրեց իր մեծ մայրիկէն, որպէսզի քիչ մը նստին այնտեղ, որովհետեւ ըսելիք ունէր իրեն եւ կ՚ուզէր հանգիստ խօսիլ: Մեծ մայրիկը համաձայնեցաւ: Երբ նստան, մեծ մայրիկը հարցուց անոր. 

-Ի՞նչ պատահած է ձագս: 

-Մեծ մայրիկ, այսօր հայերէնի դասի ժամանակ պատահեցաւ գէշ միջադէպ մը, որ կը չարչրկէ զիս: 

-Ի՞նչ է պատահածը: 

-Երէկ ըսած էի քեզի, թէ այսօր մեր շարադրութիւնները պիտի կարդանք: Այսօր երբ կարգը Անիին հասաւ… 

-Ամչկոտ ընկերուհի՞դ Անին: 

-Այ՛ո, մեծ մայրիկ: Երբ կարգը իրեն հասաւ, սկսաւ կարդալ, սակայն ընթացքին թուղթը ինկաւ ձեռքէն եւ բոլոր դասարանը սկսաւ ծիծաղիլ: Թուղթը վերցնելէն ետք չկրցաւ շարունակել կարդալ եւ ուսուցչուհին խնդրեց իրմէ, որպէսզի իր տեղը անցնի: 

-Իսկ դուն ի՞նչ ըրիր ձագս: 

- … 

-Ինչո՞ւ չես խօսիր: 

-Ես լուռ մնացի… 

-Այսինքն դուն ալ միւսներուն նման չխնդացի՞ր: 

-Չէ՛, մեծ մայրիկ, ինչո՞ւ պիտի խնդամ: Բոլորիս հետ ալ նման դէպքեր կրնան պատահիլ: Յետոյ Անին իմ ընկերուհիս է, իմ մտերիմս: 

-Հապա ինչո՞ւ լուռ մնացիր: 

-Չեմ գիտեր: Բայց կը զգամ, որ սխալած եմ: 

-Ինչո՞ւ: 

-Երբ դասերը աւարտեցան, Անին մերժեց հետս տուն վերադառնալ: Կը կարծեմ, որ վիրաւորուած է: Թերեւս կը մտածէ, որ ե՛ս ալ ծիծաղած եմ: 

-Ձագս, դէպքեր ու պարագաներ կան, երբ լռութիւնը շատ աւելի ծանր կ՚ըլլայ, քան ծիծաղիլը, արհամարհելը կամ անարգելը: Դուն պէտք էր միջամտէիր, խնդրէիր դասարանցիներէդ, որ դադրեցնէին ծիծաղիլը, պիտի մօտենայիր ու թուղթը վերցնէիր գետնէն ու տայիր իրեն. նոյնիսկ կրնայիր առաջարկել ուսուցչուհիին, որպէսզի դուն շարունակես կարդալ անոր շարադրութիւնը: 

-Չե՛մ գիտեր մեծ մայրիկ, այդ պահուն ո՛չինչ կրցայ մտածել, առաւել ո՛չինչ կրցայ ընել: Աւելին, ուսուցչուհիին լռութիւնը եւ սառնասրտութիւնը ա՛լ աւելի խանգարեցին զիս: Կը պատկերացնե՞ս մեծ մայրիկ, ուսուցչուհին պարզապէս ըսաւ վերջացուցէք եւ Անիին ըսաւ, որ տեղը անցնի: 

-Ձագս, ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները երբեմն յատուկ կերպով լուռ կը մնան, որպէսզի ազդեցիկ դաս մը սորվեցնեն իրենց աշակերտներուն: Թերեւս այդ պատճառով այդպէս վարուած է, բայց անպայման կ՚անդրադառնայ տակաւին այսօրուան դէպքին:

-Չեմ գիտեր մեծ մայրիկ, բայց վաղը ես անպայման պէտք է սրբագրեմ պահուածքս եւ Անիին բացատրեմ պէտք եղածը: 

Անահիտին մեծ մայրիկը գրկեց իր թոռնուհին ու շոյեց անոր գլուխը:

Յաջորդ առաւօտ Անահիտը մարտական տրամադրութեամբ դպրոց հասաւ: Այդ օր եւս հայերէն ունէին: Անին սառնութեամբ պատասխանած էր իր բարի լոյսին եւ խուսափած էր անոր հետ շփուելէ: Երբ հայերէնի դասապահին ժամը հասաւ ու ուսուցչուհին ներս մտաւ, Անահիտը ձեռքը բարձրացուց: Ուսուցչուհին արտօնեց անոր, որպէսզի խօսի: Անահիտը խօսեցաւ.

-Տիկին Յակոբեան, կ՚ուզեմ երէկուան դէպքին մասին խօսիլ, որ Անիին հետ պատահեցաւ: Մենք գրեթէ բոլորս ծիծաղեցանք պատահածին վրայ: Ճիշդ է, ես չծիծաղեցայ, սակայն աւելի ծանր բան մը ըրի՝ լուռ մնացի… Լռութիւնս թերեւս շատ աւելի գէշ էր, քան դասարանացիներուս ծիծաղը: Հիմա ձեր ներկայութեան եւ բոլորին դիմաց կ՚ուզեմ ներողութիւն խնդրել Անիէն լռութեանս համար եւ պիտի խնդրեմ ձեզմէ, որպէսզի արտօնէք իրեն այսօր դարձեալ կարդայ իր շարադրութիւնը: 

Տիկին Յակոբեան, որ ուշադրութեամբ կը լսէր Անահիտին խօսքերը, աչքերը դարձուց դէպի Անին ու խնդրեց, որ մօտենար գրատախտակին՝ ուր Անահիտը կանգնած էր: Անին երբ եկաւ, տիկին Յակոբեանը հարցուց անոր. 

-Անի՛, զաւակս, կը ներե՞ս դասընկերուհիիդ: 

Անին շփոթեցաւ: Անահիտը երբ կը խօսէր, ան միտքերու մէջ խորասուզուած էր: Զարմացած էր, միաժամանակ ուրախացած, որ Անահիտը հասկցած էր իր անտարբերութեան պատճառը, որովհետեւ զինք այդքան չէ՛ր վիրաւորած դասարանակիցներուն ծիծաղիլը, քան Անահիտին անտարբերութիւնը՝ լուռ մնալը: 

Տիկին Յակոբեանը տեսնելով, թէ Անին լուռ կը մնայ, դարձեալ խօսեցաւ.

-Անի՛, կը ներե՞ս, թէ ոչ: 

-Անշուշտ կը ներեմ,- այս անգամ ժպիտով խօսեցաւ Անին-, անշուշտ կը ներեմ: 

Անին ու Անահիտը փաթթուեցան իրարու: 

Դասարանը խո՜ր լռութեան մէջ էր: 

Տիկին Յակոբեանը լռութիւնը ընդհատելով, ըսաւ. 

-Զաւակներս, երէկ ես չուզեցի անմիջապէս արձագանգել պատահածին, յոյս ունենալով, որ ձեզմէ ոեւէ մէկը կամ ոմանք անդրադառնան եւ իրենք նախաձեռնեն պատահածին մասին խօսելու: Ինչպէս կը տեսնէք, Անահիտը հասկցած է իր սխալը, վստահ եմ, որ ձեր մէջ ուրիշներ եւս գիտակցած են իրենց սխալին եւ յոյս ունիմ, որ իրենք եւս պիտի մօտենան ու ներողութիւն խնդրեն Անիէն: Ըսելիքս հետեւեալն է. կեանքին մէջ պահեր կան, երբ մեր լռութիւնը շատ աւելի խոր ազդեցութիւն կը գործէ մեր դիմացինին վրայ, քան մեր որեւէ մէկ արարքը կամ վերաբերմունք՝ ծիծաղ, անարգանք, արհմարհանք: Ինչ որ պատահեցաւ երէկ, մեր բոլորիս ձախողութիւնն էր: Բոլորս ալ գիտենք, որ Անին ամչկոտ է, իսկ ամչկոտութիւնը սխալ կամ յանցանք չէ: Մենք փոխանակ երէկ օգնէինք Անիին, որպէսզի յաղթահարէ իր ամչկոտութիւնը, ընդհակառակը, այնպէս վարուեցանք, որ ինք վիրաւորուի: Ձեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր, որ որեւէ մէկ պարագայի մէջ, ոեւէ մէկը ծիծաղէր վրան, բանականաբար, ո՛չ ոք: Հետեւաբար, զգոյշ պէտք է ըլլանք եւ մարդոց, մեր ընկերներուն թերութիւնները կամ տկարութիւնները ծաղր ու ծանակի առարկայ չդարձնենք, այլ՝ օգնենք, որպէսզի յաղթահարեն զանոնք: 

Տիկին Յակոբեանի խօսքերէն ետք դասարանին մէջ լռութիւն տիրեց։ Աշակերտները կախած էին իրենց գլուխները։ Ոմանք կը մտածէին իրենց ըրածին մասին, իսկ ուրիշներ արդէն կը զղջային։

Ուսուցչուհին դառնալով Անիին՝ մեղմ ձայնով ըսաւ.

-Անի՛, եթէ պատրաստ ես, կրնաս այսօր դարձեալ կարդալ շարադրութիւնդ։ Այս անգամ մենք բոլորս քեզի պիտի լսենք։

Անին նայեցաւ Անահիտին, որ ժպտալով քաջալերեց զինք։ Անին վերցուց իր թուղթը եւ սկսաւ կարդալ։ Այս անգամ անոր ձայնը վստահ էր։ Դասարանը լուռ կը հետեւէր անոր խօսքերուն։

Երբ Անին վերջացուց, աշակերտները ծափահարեցին։ Անահիտը առաջինն էր, որ մօտեցաւ ընկերուհիին եւ գրկեց զայն։

Այդ օրը Անին յաղթահարեց իր ամչկոտութեան մէկ փոքրիկ մասը, իսկ Անահիտը սորվեցաւ, որ իսկական ընկերութիւնը միայն ուրախ պահերուն ընկերներուն ու ընկերուհիներուն կողքին ըլլալ չէ. երբեմն ան կը պահանջէ քաջութիւն՝ խօսելու այն ատեն, երբ բոլորը լուռ են։

Այդ օր ութերորդ դասարանի աշակերտներն ու աշակերտուհիները հասկցան, որ երբեմն ծիծաղէն աւելի լռութիւնը կրնայ վիրաւորել, բայց անկեղծ խօսք մը եւ բարի քայլ մը կրնան բուժել այդ վիրաւորանքը։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026