ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԿՈՉ՝ ԼԵՒՈՆ Զ. ԹԱԳԱՒՈՐԻ ԴԱՄԲԱՐԱՆԷՆ
Արեւմտահայ գրող, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Լեւոն Լարենց (Քիրիշճեան) 1907-ին հրապարակած իր մէկ գրութեան մէջ կը պատմէ Կիլիկիոյ վերջին հայ թագաւոր Լեւոն Զ. Լուսինեանի տապանաքարին կատարած այցելութեան մասին։
Ամառնային պայծառ օր մը Լեւոն Լարենց ճամբայ կ՚ելլէ Փարիզէն։
Անոր ուղղութիւնը Սեն Տընի է, ուր պիտի փնտռէր Ռուբինեանց թագաւորութեան վերջին գահակալին՝ Լեւոն Զ. Լուսինեանի տապանաքարը։
Ծնած 1875-ին Սամաթիա՝ Լարենց գրագէտ մըն էր, որ 1890-ականներու վերջերէն արձակ եւ չափածոյ գործերով աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին։ Աշխատած է «Բիւզանդիոն» օրաթերթին, ապա կարճ ժամանակով մեկնած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր հրատարակած է «Ձայն հայրենեաց» թերթը։ Ան հեղինակն է «Դրախտի երգեր» (Թիֆլիզ, 1908) ժողովածուին, ինչպէս նաեւ կատարած է կարեւոր թարգմանութիւններ, որոնց շարքին՝ անգլերէնէն Հ. Լինչի «Արմենիա» գիրքին համառօտութիւնը եւ ֆրանսերէնէն՝ «Ղուրանը» (1911)։ Ունի նաեւ այլ գրութիւններ։ Ցաւօք, ժամանակի տաղանդաւոր գրողներէն մէկը 1915-ին զոհ գնաց։
Լարենցի գրական ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Այցելութիւն մը Լեւոն Զ. թագաւորի տապանին» խորագիրը կրող հրապարակախօսական յօդուածը, որ լոյս տեսած է 1907 թուականի սեպտեմբերի 11-ին, «Ազատ բեմ» թերթի 42-րդ թիւին մէջ։ Այս գրութիւնը այսօր, տարիներու հեռաւորութենէն, կը ներկայանայ իբրեւ պատմական յիշողութեան հետ հաղորդակցելու, սեփական ժողովուրդի անցեալին առջեւ հաշուետու կանգնելու եւ ազգային անկախութեան գաղափարին կառչելու փորձ մը։
Լարենցի ճամբորդութեան նպատակը սրտի խորին պարտքով կատարուող ուխտագնացութիւն մըն էր դէպի Փարիզէն շուրջ 9 քիլօմեթր հիւսիս գտնուող Սեն Տընիի պատմական քաղաքը՝ տեղւոյն արքայական դամբարաններուն մէջ փնտռելու համար հայոց վերջին թագաւորին տապանաքարը։
Ճամբան անցնելով՝ Լարենցի առջեւ կը բացուի Սեն Տընիի հին Աբբայարանի հոյակերտ եկեղեցին՝ ֆրանսական արքայական պատմութեան ամենէն նշանաւոր դամբարանավայրը, որուն պատմական արմատները կը հասնին մինչեւ վաղ միջնադար։ Եկեղեցւոյ գոթական ճարտարապետութիւնը, սլացիկ կամարներն ու պատմական ծանր մթնոլորտը առաջին իսկ պահէն կը համակեն այցելուն։
Ինչպէս իր գրութենէն կը տեղեկանանք, երբ հեղինակը քանի մը հպանցիկ նայուածք կը նետէ ճակատը զարդարող քանդակներուն վրայ ու ներս կը մտնէ, տպաւորութիւնը այնքան խորունկ կ՚ըլլայ, որ ինքն ալ, տաճարի գաւիթին մէջ ծնկաչոք աղօթող ջերմեռանդներուն նման, կը համակուի խոր լռութեամբ ու ակնածանքով։
Տաճարին ներսը կը տիրէ գերեզմանային թերաստուեր մը, զոր անկարող են փարատելու գունաւոր ապակիներէն ներս թափանցող լոյսի տկար շողերը։ Այս տեսարանը նկարագրելով՝ Լարենց կը գրէ.
«Թագաւորներու դամբարանները կ՚երեւային՝ սպիտակ, ու կարգ կարգ պատանքուած մեռելներու նման, որոնք դուրս փախած ըլլային իրենց ստորերկրեայ գերեզմաններէն, շնչելու համար այն խնկաբոյր մթնոլորտը, որ եկեղեցիին կամարներուն վրայ դեռ կը սաւառնէր»։
Լարենց կը քալէ երկար գաւիթէն՝ աստիճանաբար մօտենալով դամբարաններու շարքին։ Սկզբնական տպաւորութիւնը կը փարատի, եւ ան արդէն ընտանի ձեւով մը կը շօշափէ Ֆրանսայի հին վեհապետներուն՝ Մերովինգներու եւ Քափեթներու, Տակօպէռներու, Քլօվիսներու, Լուտովիկոսներու եւ Ֆրանսուաներու հոյակապ մարմարեայ դամբարանները։
Անոր ընկերացող տաճարի ժամկոչը, իր անդրշիրիմեան արձագանգող ձայնով (Լարենցի նկարագրութեամբ), յուզումով լեցուն կենսագրականներ կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր տապանի առջեւ։ Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան օրերուն յեղափոխականները Սեն Տընի վազեցին, արքայական դագաղներն ու մարմինները դուրս հանեցին իրենց հանգստարաններէն, ջարդուփշուր ըրին զանոնք, ոսկիներն ու թագերը տարին յեղափոխութեան կարիքներուն համար, իսկ մնացորդները լեցուցին երկու մեծ փոսերու մէջ։
Այս տեսարանին մէջ Լարենցի ուշադրութիւնը կը գրաւէ ո՛չ միայն պատմական դէպքը, այլեւ ժամկոչին վերաբերմունքը անոր հանդէպ։ Հեղինակը յատուկ պատմափիլիսոփայական դիտարկումով կը նկատէ, որ այս պարզուկ մարդը կարծես բնազդով թափանցած էր 1789 թուականի ոգիին մէջ եւ իր խօսքին մէջ կը կրէր դար մը առաջուան ֆրանսացի յեղափոխականներուն շեշտը։
Լարենցի համար այս երեւոյթը կը դառնայ առիթ մը՝ աւելի ընդհանրական եզրակացութեան մը յանգելու։ Ան կը գնահատէ ժամկոչին կարողութիւնը՝ պատմական իրադարձութիւնը դատելու ո՛չ թէ իր ապրած ժամանակաշրջանի սկզբունքներով, այլ այն ժամանակի մտայնութեան եւ գաղափարական պայմաններուն մէջ, որուն կը պատկանէր դէպքը։ Այս դիտարկումը կը բացայայտէ Լարենցի պատմական մտածողութեան հասունութիւնը։ Ան կը քննադատէ այն պատմաբաններն ու մտածողները, որոնք անցեալի իրադարձութիւնները կը դատեն իրենց ժամանակի չափանիշներով եւ այսպէս կը հասնին պատմականօրէն անճիշդ եզրակացութիւններու։
ԼԵՒՈՆ Զ. ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Լեւոն Զ. Լուսինեան (1342-1393) Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութեան վերջին գահակալն ու հայկական միջնադարեան պետականութեան վերջին թագաւորն էր Կիլիկիոյ մէջ։ 1374-ին Սիսի մէջ թագադրուելէ ետք, անոր գահակալութիւնը կարճ տեւեց։ 1375-ին, Եգիպտոսի մեմլուքներու հարուածներուն տակ Սիսի անկումով, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը վերջ գտաւ, իսկ Լեւոն գերի ինկաւ եւ ընտանիքին ու մերձաւորներուն հետ տարուեցաւ Եգիպտոս։ Ան մերժեց ընդունիլ իսլամութիւնը՝ նախընտրելով գերութիւնն ու զրկանքները, քան իր քրիստոնէական հաւատքը ուրանալը։
Կաստիլիոյ թագաւոր Յովհաննէս Ա.-ի միջնորդութեամբ 1382 թուականին ազատ արձակուելէ ետք, ան անցաւ Եւրոպա, ուր կեանքի վերջին տարիները ապրեցաւ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ արքունիքներուն հետ կապեր հաստատելով եւ ապարդիւն փորձելով եւրոպական տէրութիւններու աջակցութեամբ վերականգնել կորսուած թագաւորութիւնը։ Մահացաւ Փարիզ, 1393-ին։ Սկզբնապէս թաղուեցաւ Կելեստինեանց վանքին մէջ։ Ֆրանսական Յեղափոխութեան ընթացքին անոր դամբարանը աւերուեցաւ, իսկ տապանաքարը փրկուեցաւ եւ յետագային փոխադրուեցաւ Սեն Տընի։ Պատմագրութեան մէջ ան յաճախ կը յիշատակուի նաեւ Լեւոն Ե. անունով։
Լեւոն Ե./Զ. համարակալման տարբերութիւնը կապուած է պատմական թագաւորացանկերու հաշուարկման տարբերութիւններուն հետ։ Լարենցի բնագրին մէջ գործածուած է Լեւոն Զ. ձեւը, եւ այս գրութեան մէջ եւս կը պահպանենք զայն՝ սկզբնաղբիւրին հարազատ մնալու համար։
Կարեւոր է նաեւ նշել, որ Լարենցի բնագրին մէջ յիշուած ինն տարուան բանտարկութիւնը պատմական ժամանակագրութեան հետ ամբողջովին չի համընկնիր։ Պատմական աղբիւրներուն համաձայն՝ Լեւոն շուրջ եօթ տարի մնացած է Եգիպտոսի գերութեան մէջ՝ 1375-էն մինչեւ 1382-ը։
ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՏԱՊԱՆԸ՝ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Ինչպէս Լարենցի հրապարակախօսական գրութենէն կը տեղեկանանք, ամենազգի հետաքրքիր այցելուներուն ցոյց տրուող արքայական շքեղ դամբարաններու շարքէն հեռու, տաճարին գրեթէ մոռցուած ու անշուք անկիւնի մէջ է, որ ֆրանսացիները զետեղած են Հայ Անկախութեան վերջին ներկայացուցչին տապանաքարը։ Ժամկոչը այցելուները չ՚առաջնորդեր այդ անկիւնը, եթէ մասնաւոր կերպով չխնդրուի։ Իսկ օտար այցելուները, որոնք արդէն ծանօթ չեն Լեւոն Զ.-ի կեանքին, պարզապէս կը կարդան տապանաքարին լատինատառ երկտողը՝ «Léon de Lusignan, Roi d’Arménie», եւ անտարբեր կ՚անցնին։
Այս տխուր իրականութեան առջեւ Լարենց ցաւով կը գրէ.
«Մենք ալ կարդացինք, բայց չանցանք անշուշտ»։
Օտար այցելուներուն համար այդ մարմարեայ յուշարձանը պարզապէս հեռաւոր թագաւորի մը տապանաքարն է, իսկ հայ այցելուին համար՝ կորսուած հայրենիքի, ընդհատուած պետականութեան, չիրականացած ազգային յոյսերու եւ պատմական մեծ կորուստի մարմնաւորումը։
Այդ մարմարեայ զանգուածին առջեւ, որուն վրայ արքայական տարազով պառկած է Լեւոն Զ.-ի քանդակուած արձանը, հայ այցելուին հոգին կը համակուի ծանր մտածումներով։ Այն հանգամանքը, որ Սեն Տընիի մէջ գտնուողը թագաւորին բուն մարմինը չէ, եւս կը խորացնէ պատմական ողբերգութեան զգացումը. հայոց վերջին թագաւորին ո՛չ միայն թագաւորութիւնը կորսուած էր, այլեւ անոր մարմինը չէր կրցած անխաթար հանգչիլ իր վերջին հանգստարանին մէջ։ Մնացած էր միայն մարմարեայ վկայութիւնը՝ անցեալին, գահին եւ կորսուած պետականութեան։
Իր յօդուածին մէջ Լարենց վեր կը հանէ թագազուրկ վեհապետին ողբերգական ու միաժամանակ վեհանձն կեանքը՝ բանտարկութիւնը, հաւատքին ու ազգային աւանդութիւններուն հաւատարիմ մնալը եւ ապա եւրոպական արքունիքներուն մէջ անկախութիւնը վերականգնելու ապարդիւն ճիգերը։ Հեղինակը Լեւոն Զ.-ն կը ներկայացնէ իբրեւ մարդ մը, որ գահը կորսնցնելէ ետք ալ չհրաժարեցաւ իր հաւատքէն ու ազգային պատկանելիութենէն։ Ան նախընտրեց տարիներ շարունակ տառապիլ, քան ուրանալ իր քրիստոնէական կրօնն ու ազգային սրբութիւնները։
Ազատ արձակուելէ ետք Լեւոն Զ. չհրաժարեցաւ իր երազէն։ Ան շարունակեց թափառիլ եւրոպական արքունիքներու մէջ, հանդիպումներ ունենալ թագաւորներու եւ իշխանաւորներու հետ, փորձելով համոզել զանոնք, որպէսզի աջակցին հայկական թագաւորութեան վերականգնման։ Սակայն, քաղաքական շահերը, եւրոպական պետութիւններու մրցակցութիւններն ու ժամանակի բարդ իրադրութիւնը անոր ջանքերը դատապարտեցին ձախողութեան։
Լարենց դառնութեամբ կը նշէ, որ Լեւոն Զ. իր հետ գերեզման իջեցուցած է Ազգային Ազատութիւնը։ Սակայն, Լեւոն Զ.-ի պատմական կերպարը հեղինակին համար նաեւ յարատեւութեան, հաւատարմութեան եւ վերադարձի յոյսին խորհրդանիշն է։
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Լարենցի մտահոգութիւնը չի սահմանափակուիր անցեալի կորուստը սգալով։ Անոր հայեացքը կը դառնայ դէպի ներկան։ 1907-ի պատմական համատեսքին մէջ, երբ հայութիւնը տակաւին վէրքերու մէջ էր, կը դիմագրաւէր քաղաքական անորոշութիւններ, ներքին տարակարծութիւններ ու ազգային կազմակերպման դժուարութիւններ, Լարենցի գրութիւնը կը վերածուէր ազգային արթնութեան եւ համախմբումի խիստ հրամայականի։
Այդ տարիները հայ քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ հակասութիւններով լեցուն շրջան մըն էին։ Ազգային ինքնապաշտպանութեան, քաղաքական ազատութիւններու, բարենորոգումներու եւ ապագայի տեսլականի շուրջ տարբեր հոսանքներ ու դիրքորոշումներ կը ձեւաւորուէին։ Լարենց կը տեսնէր, որ արտաքին վտանգներուն դիմակայելու համար անհրաժեշտ էր նաեւ ներքին ամրութիւն եւ համընդհանուր նպատակներու շուրջ համախմբում։ Ան իր քննադատութեան թիրախ կը դարձնէ ներքին կռիւները, իրերամարտ պայքարները, անտարբերութիւնը, հաճոյամոլութիւնն ու եսականութիւնը։
Սրտաբեկ ու յուզուած, մինչ Լարենց կը հեռանայ տապանաքարին քովէն, անոր ականջին կարծես կը հասնի հրամայական ու տիրական ձայն մը՝ գերեզմանի խորերէն։ Այս առնչութեամբ հեղինակը իր յօդուածին մէջ կը շեշտէ․
«…Ձայն մը կարծես կը բարձրանար անոր գերեզմանին խորերէն, ձայն մը հրամայողական ու տիրական շեշտերով, հրաւիրելու համար աշխարհասփիւռ հայութիւնը, որ այլեւս մէկ կողմ ձգէ ներքին կռիւները, իրերամարտ պայքարները, ու այլեւս թօթափի իր անտարբերութենէն, հաճոյամոլութենէն, եսականութենէն, միահամուռ ուժերով յարութիւն տալու համար Ազգային Ազատութեան դիակին, որ ահա դարերէ ի վեր գերեզման իջած է, ու կը սպառնայ նեխիլ. տարրալուծուիլ բոլորովին։»
Անոր պատկերացուցած ազգային միասնութիւնը կը ներառէ աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը, որուն գոյատեւումը եւ ապագան, իր համոզումով, կախեալ են ընդհանուր նպատակներու շուրջ համախմբուելու կարողութենէն։ Ազատութեան վերականգնումը, ըստ Լարենցի, կը պահանջէ ո՛չ միայն քաղաքական կամք, այլեւ խոր բարոյական վերափոխում։
ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴԷՊԻ ԱՅՍՕՐ
Լարենցի գրութեան ընթերցումը աւելի խոր իմաստ կը ստանայ, երբ նկատի ունենանք նաեւ հեղինակին անձնական ողբերգական ճակատագիրը։ 1907 թուականին Լեւոն Զ. թագաւորի դամբարանին առջեւ կանգնած, կորսուած ազգային ազատութեան մասին խորհող Լարենցը ութ տարի յետոյ ինք եւս պիտի դառնար Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերէն մէկը։
Այսօր ալ, աւելի քան մէկ դար ետք, Սեն Տընիի մոռցուած անկիւնէն Լարենցի գրչով հնչող այդ կոչը բնաւ չէ կորսնցուցած իր այժմէականութիւնը։ Ժամանակները փոխուած են, պատմական պայմանները՝ նոյնպէս, սակայն, ներքին պառակտումներու, եսականութեան, անտարբերութեան եւ համազգային նպատակներու շուրջ համախմբուելու անկարողութեան հարցերը տակաւին կը մնան մեր ազգային կեանքի ամենացաւոտ ու կարեւոր մարտահրաւէրներէն։ Լարենցի համար Լեւոն Զ.-ի մոռցուած դամբարանը հայ ժողովուրդի ցրուած ուժերը մէկտեղելու եւ ազգային համախմբումը վերականգնելու կոչ մըն էր՝ ուղղուած իր ժամանակակիցներուն, բայց նաեւ՝ յաջորդող սերունդներուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան