Երեքշաբթի 10, Նոյեմբեր 2026
ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեան այցելեց Էսաեան վարժարան։ Դպրոցէն ներս մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ՝ նուիրեալ գործիչի այցելութեան առթիւ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւագ քահանայ Չնարեան: Վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի գլխաւորութեամբ հիւրընկալուեցաւ երէց սերունդէ յայտնի մտաւորականը։
Աշակերտները, որոնք Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան, հետաքրքրութեամբ լսեցին փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեանի խորհրդածութիւնները, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին արեւմտահայերէնի յարատեւութեան:
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026