Երկուշաբթի 9, Նոյեմբեր 2026
ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Ան ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ վարժարանէն ներս, ուր բացատրութիւններ տուաւ իր գործունէութեան մասին։ Յայտնի մտաւորականը տեղեկութիւններ քաղեց նաեւ դպրոցի գործունէութեան շուրջ։ Այցելութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցան հայոց լեզուին եւ մշակոյթին վերաբերեալ նիւթեր։
Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ վարժարանի գործակիցները հիւրերը ընդունեցին բարձր տրամադրութեամբ՝ մինչ անոնց զրոյցը իսկապէս բովանդակալից էր եւ բոլորին տեսակէտէ հարստացուցիչ։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026