ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը բացառիկ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդիկ քահանայ Չեթինքայա։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ Տ. Շահէն քահանայ Օհանեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին Մուրատ Խաչիկօղլու եւ Պարգեւ Ուհանեան ստացան կիսասարկաւագի աստիճան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ սարկաւագ Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Ս. Քառասուն մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։ Կրօնական արարողութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ 

Սիրոյ սեղանն ալ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս, մարզարանի երդիքին տակ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ 

Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Պաքըրգիւղի գաւառապետ Ռեճայի Քարալ, քաղաքապետ Այշէկիւլ Օվալըօղլու եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Սիրոյ սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին՝ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, բարերարներ, հասարակական գործիչներ, ծանօթ ազգայիններ, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ 

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ալ դպրոցի աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Քաղաքապետ Այշէկիւլ Օվալըօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, իսկ ծրագիրը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։ 

Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանէն առաջ տեղեկացուցած էր, որ այս տարուան պիւտճէի բացը կը կազմէ 24 միլիոն թրքական լիրա։ Հանգանակութեան արդիւնքով հաւաքուած նուիրատուութիւնները հասան 20 միլիոն լիրայի մակարդակին։ Այսպէսով, Պաքըրգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ այս տարուան սիրոյ սեղանը պսակուեցաւ յաջողութեամբ՝ քանի առաջին անգամ յայտարարուած պիւտճէի բացին այսքան մօտ գումար մը հաւաքուեցաւ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026