ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՐՊԷՐՕՂԼՈՒ ԱՄՈԼԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց մեր համայնքի յայտնի ու երախտաշատ բարերարներէն Եթքին եւ Անի Պէրպէրօղլու ամոլը։ Քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր այս մէկը՝ քանի մօտաւոր անցեալին Անի Պէրպէրօղլու կորսնցուցած էր իր սիրեցեալ մայրը եւ սուգի ծանր փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրական հոգածութեան առարկայ դարձուցած էր զինքը։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին Պէրպէրօղլուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատութեան։ Զրոյցի տեւողութեան արծարծուեցան համայնքային օրակարգի զանազան հարցեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Պէրպէրօղլու ընտանիքի բարերարութիւնը, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուի՝ ի նպաստ թրքահայ համայնքի զանազան հաստատութիւններուն։ 

Հուսկ, Պէրպէրօղլուները հրաժեշտ առին՝ արեւշատութիւն մաղթելով Նորին Ամենապատութեան:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2026