«ԵՒ ՄԻ՛ ՏԱՆԻՐ ԶՄԵԶ Ի ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ»

«Փորձութեան մէջ» չիյնալը սրտէն բխող որոշում մը կ՚ենթադրէ. «Ուր գանձդ է, հո՛ն է նաեւ սիրտդ…». (ՄԱՏԹ. Զ 21)։ Մեր մեղքերը արդիւնքն են փորձութեան մեր տուած հաւանութեամբ։ Կ՚աղօթենք Աստուծմէ, որ մեզ փորձութեան «չենթարկէ»։ Ան կը նշանակէ. «Թոյլ մի՛ տար մտնել ներսը». «մի՛ թողուր մեզ սայթաքիլ փորձութեան մէջ». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41)։ (ՅԱԿ. Ա 13). «Աստուած անփորձ է չարին, Ան ո՛չ ոք կը փորձէ». ընդհակառակը Ան կ՚ուզէ ազատել մեզ չարէն։

Մենք Աստուծմէ կը խնդրենք, որ թոյլ չտայ, որ հետեւինք մեղքի տանող ուղիին։ Մենք կը գտնուինք «մարմինին եւ Հոգիին միջեւ» մղուող պայքարին դիմաց։ Ուստի, այս խնդրանքը՝ այդ պայքարին մէջ հաստատամտութեան եւ զօրութեան խնդրանք մըն է։ Այս խնդրանքը զատորոշումի, ընտրութեան եւ ուժի Հոգին կը հայցէ։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգին զատորոշել եւ ընտրել կու տայ մեզի՝ մէկ կողմէ այն նեղութիւնը, որ անհրաժե՛շտ է ներքին մարդուն հոգեւոր աճումին եւ ազնուացման՝ անոր հաւատարմութիւնը եւ կարողութիւնը փորձելու հեռանկարով։ Բարին ընտրելու հաստատակամութիւնը կ՚ենթադրէ փորձութեան մէջ չիյնալ։ Փորձութիւնը մարդը կը տանի մեղքի եւ մահուան. (ՅԱԿ. Ա 14-15)։ Պէտք է գիտնալ նաեւ զատորոշել «փորձուիլ»ը եւ փորձութեան «հաւանիլ»ը։

Վերջապէս, զատորոշումը կը դիմակազերծէ փորձութեան սուտը. փորձութեան առարկան երեւութապէս «բարի, հաճոյատեսիլ, ցանկալի» կ՚ըլլայ. (ԾՆՆԴ. Գ 6), մինչդեռ իրականին մէջ անոր արդիւնքը մահն է։

Օրիգենես Ադամանտիոս (185-254) կ՚ըսէ. «Աստուած չ՚ուզեր բարին պարտադրել մարդուն։ Ան ազատ էակներ կ՚ուզէ։ Փորձութիւնը գէթ բանի մը օգտակար է։ Բացի Աստուծմէ, ամէնքը՝ նոյնիսկ մենք կ՚անգիտանանք բարիքը, որ մեր հոգին ընդունած է Աստուծմէ։ Բայց փորձութիւնը զայն յայտնի կը դարձնէ, երբ կը սորվեցնէ մեզի ճանչնալ մենք մեզ, եւ այսպէս՝ ան ցոյց կու տայ մեզի մեր թշուառութիւնը եւ կը ստիպէ մեզ գոհութիւն մատուցանելու այն բարիքներուն համար՝ զորս փորձութիւնը մեզի յայտնի կ՚ընէ…»։ Արդարեւ, Աստուած հաւատարիմ է, չի թողուր, որ մեր ուժերէն վեր փորձուինք, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Չկրեցիք փորձութիւն մը, որ մարդկային ուժերէն վեր ըլլայ։ Աստուած հաւատարիմ է, չի՛ թողուր որ ձեր ուժերէն վեր փորձուիք։ Փորձութեան հետ Ան ձեզի կու տայ ուժ՝ դիմադրելու եւ յաղթելու». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 13)։

Ուստի, այսպիսի դիմադրանք մը, պայքար մը եւ այսպիսի յաղթանակ մը առանց աղօթքի անկարելի՛ է։ Իր աղօթքով է, որ Յիսուս Իր հոգեվարքին սկիզբէն մինչեւ Իր վերջին պայքարը՝ յաղթեց փորձին։ Մեր Հօր ուղղուած. «Մի՛ տանիր մեզ փորձութեան» խնդրանքով՝ Քրիստոս մեզ Իր պայքարին եւ Իր հոգեվարքին կը միացնէ։ Իրեն հետ սրտով «արթուն» մնալու պատուէրը շեշտուած է Յիսուսի կողմէ։ Արթնութիւնը պահապանն է սրտին, եւ այս պատճառով Յիսուս կ՚աղօթէ՝ կը խնդրէ Հօրմէն, որ պահէ մեզ Իր անունով։ Սուրբ Հոգին հետամուտ է մեզ անդադար սթափեցնելու, որպէսզի արթուն մնանք։ Այս խնդրանքը իր ամբողջ եղերական իմաստը կը ստանայ երկրի վրայ մղած պայքարին վերջնական փորձութեան մեր հեռանկարով։ Ասիկա «վերջնական յարատեւութիւն» կը պահանջէ. «Ես գողի պէս կու գամ, երանի անոր որ արթուն կը հսկէ». (ՅԱՅՏ. ԺԶ 15)։

Յիսուս կոչ կ՚ուղղէ «արթուն մնալու»։ Աղօթքին մէջ, աշակերտը ուշադիր կը սպասէ Անոր՝ որ Կայ եւ որ Կու գայ, ի յուշ Անոր առաջին Գալուստին՝ մարմինի խոնարհութեան մէջ եւ ի յոյս Անոր երկրորդ Գալուստին՝ փառքով։ Իրենց Վարդապետին հետ տեւապէս հաղորդութեան մէջ եղող աշակերտներուն աղօթքը պայքա՛ր մըն է, եւ աղօթքին մէջ հսկելով է, որ մարդ չի մտներ փորձութեան մէջ։

Այն՝ որ կ՚ուզէ դէմ կենալ եւ պայքարիլ փորձութիւններու դէմ, պիտի հոգայ առ այս պահանջուած միջոցները. ինքնաճանաչումը, հոգեւոր ճգնութեան մը ապրումը՝ կացութիւններուն համեմատ, հնազանդութիւնը աստուածային պատուիրաններուն, զարգացումը բարոյական առաքինութիւններուն եւ հաւատարմութիւնը աղօթքին։ 

Ողջախոհութիւնը կը բովանդակէ ինքնատիրացումի վարժեցումը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2026