Չորեքշաբթի 4, Նոյեմբեր 2026
ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը իրականացուց իր աւանդական հանդիպումներէն մին։ Այսպէս, թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ իրենց ամբողջ գործակիցները մէկտեղուեցան ընտանեկան սեղանի շուրջ, ուր ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նուիրեալ ձեւով կ՚աշխատին՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար եւ իրենց գործունէութեամբ կը պայմանաւորեն անոր արժէքը։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2026