Երեքշաբթի 3, Նոյեմբեր 2026
«ՅՈՅՍ»Ի ՊԱՅՔԱՐ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Յոյս» միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մը։ Հիւրընկալ միութեան դահլիճը համախմբեց՝ այս միութեան գործունէութեան նպատակներուն համապատասխան զգայնութիւններու հետամուտ հիւրեր։
Երեկոյթի հանդիսավարն էր՝ մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան, որ «Յոյս»ի շարժումի սկիզբէն ի վեր ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի մեր համայնքի յատուկ խնամքի կարօտ տղաքը չմնան անպաշտպան։
Ելոյթներով հանդէս եկան՝ Գարին Աթաօղլու, Մերվէ Սէօղիւթ եւ Բարին Եագուպեան, որոնք «Յոյս»ի գործունէութեան զանազան երեսակներուն մասին տուին տեղեկութիւններ։ Հուսկ, Պարթեւ Կարեան եւ Արի Հերկել հանդէս եկան նուագներով։ Անոնց երաժշտական կատարումները մեծ խանդավառութեան առիթ դարձան սրահէն ներս։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2026