ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՏԱ ՍԱՐԻՍԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիսը։ Զրոյցի ընթացքին Մայտա Սարիս նշեց, որ պարբերականը կը պատրաստուի նշել հիմնադրութեան հերթական տարեդարձը եւ այս շրջանակներէն ներս նախատեսուած է «Գլուխ գործոցներու դէմ յանդիման» ցուցահանդէսի կազմակերպումը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց տարեդարձին առթիւ, յղեց շնորհաւորութիւններ եւ գնահատեց, որ առիթը կը ծառայեցուի գեղարուեստական ձեռնարկի մը կազմակերպման։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յարատեւութիւն մաղթեց Մայտա Սարիսի եւ գործակիցներու աշխատանքին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2026