ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին արժեւորուեցաւ Կիպրոսի՝ այժմ արդէն փակուած Մելգոնեան կրթական հաստատութեան (ՄԿՀ) հիմնադրութեան 100-րդ տարին։ Սա յուզումնախառն դարադարձ մըն էր՝ քանի վարժարանը վաղուց գոյութիւն չունի։
Երէկ առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։ Արարողութեան ընթացքին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ կիսասարկաւագի աստիճան ստացան Մարթէն Ջուլհաճը եւ Շանթ Քարափեքմէզ։
Ս. Պատարագին ներկայ էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՄԿՀ-ի պոլսահայ շրջանաւարտները։
Օրուան քարոզին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նուիրումի գաղափարին։ Ան բիւր երախտագիտութեամբ ոգեկոչեց ՄԿՀ-ի հիմնադիր հարազատները՝ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները, որոնք դար մը առաջ հիմքը դրած էին կարեւոր կրթօճախի մը, որ տասնամեակներ շարունակ պայմանաւորած է սփիւռքի մարդուժի պատրաստութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ ՄԿՀ յանձնուած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան եւ 2000-ական թուականներուն արդէն որոշուած էր դպրոցին դռները փակել։ Թէեւ այդ որոշումը յառաջացուցած էր մեծ ցասում, սակայն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքով՝ պատմութիւնը կը շարունակուի եւ այժմ ալ պէտք է իմաստութեամբ արժեւորել ազգի հնարաւորութիւնները՝ առաւելագոյնս զանոնք ծառայեցնելու համար կրթական նպատակին։
Քարոզէն վերջ, Ս. Պատարագի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ։ Բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան համար։
Հուսկ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները, ՄԿՀ-ին անցեալի մէջ ծառայած բոլոր տնօրէններն ու կրթական մշակները, սատարողներն ու սաները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այստեղ եւս կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն՝ մինչ պոլսահայ բոլոր շրջանաւարտները յուզումնախառն զգացումներու մէջ էին։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնը եւս գլխաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ելոյթներով հանդէս եկան քաղաքիս մելգոնեանցիներէն Ովսաննա Գալէնտէր, Յակոբ Մամիկոնեան, Տիգրան Ալթուն եւ Ռաֆֆի Սիւզմէ։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Նաիրի Պետրոսեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ Սէրճան Կազէրօղլու հանդէս եկաւ մեներգներով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ մինչ հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին հատուեցաւ ՄԿՀ-ի դարադարձին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը, որ սրահ բերուեցաւ վարժարանի քայլերգի նուագներով։
