ՄԵԾԱԳՈՐԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Ըստ ընկալեալ կարգի՝ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս բերուած էր նաեւ Սկեւռայի Սրբոց մասնեաց պահարանը։ Ամենայն սրբոց տօնի շաբաթավերջին զուգադիպեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը։
Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ բազմաթիւ ուխտաւորներ։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան։ Քարոզին մէջ նորին սրբազնութիւնը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան տարեդարձը՝ անդրադառնալով անոր հոգեւոր, մշակութային, կրթական ու եկեղեցաշէն գործունէութեան։ Ան մասնաւորապէս նշեց. «Այսօր ազգովին կը տօնենք գահակալութեան 27-րդ տարեդարձը հայոց հօր՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ծայրագոյն Պատրիարք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի։ Մեծագործ հայրապետներէն մէկը, որ լսեց Տիրոջ պատուիրանները եւ կատարեց զանոնք եւ, ըստ Տիրոջ խօսքի՝ արժանացաւ աւելիին՝ կանչուելով առաքելահաստատ Աթոռին բարձրագոյն ծառայութեան: 27-ը տարի… սա ժամանակի մեծ հանգրուան մըն է, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ ո՛չ միայն հայրապետի մը կեանքն ու ծառայութիւնը, այլեւ ժողովուրդի մը, սերունդի մը նորագոյն պատմութեան ամենայուզումնալից, վերելքներով ու հաւատի յաղթանակներով լի շրջանը։ Հայրապետը Լուսաւորչի գահը ստանձնեց այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը նոր ոտքի կը կանգնէին անկախութեան դժուարին ճանապարհին։ Այս 27 տարիները եղան ամբողջական նուիրումի, ամէնօրեայ աղօթքի, անխոնջ աշխատանքի եւ հայրենասիրութեան մեծ մատեան մը, որու իւրաքանչիւր էջը վկայութիւն է», ըսաւ քարոզիչ սրբազան հայրը։
Անդրադառնալով վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ նորին սրբազնութիւնը ըսաւ. «Այսօր, այս Ս. Խորանին առջեւ, ի դէմս Հայրապետի, կը կենդանանայ մարգարէին խօսքը. «Տիրոջ հոգին ինձ վրայ է, անոր համար իսկ ան օծեց ինձ՝ աւետարանելու աղքատներուն, բժշկելու սրտով բեկանուածները, գերիներուն ազատութիւն քարոզելու եւ կոյրերուն՝ տեսողութիւն, հռչակելու Տիրոջ ընդունելի տարին»… (Եսայի 61.1)։ Այս տարիները հոգեւոր «ընդունելի տարուայ» հռչակման տարիներ են։ Հակառակ պատերազմներուն, տնտեսական դժուարութիւններուն, հոգեւոր ու քաղաքական ցնցումներուն՝ Հայրապետը անխոնջ կերպով իր ուսերուն վրայ կը կրէ պատասխանատուութեան այս խաչը՝ աղօթելով ժողովուրդի բարօրութեան, հայրենիքի խաղաղութեան եւ եկեղեցւոյ միասնութեան համար։ 27 տարուան Հայրապետական խաչը՝ ի սպաս ժողովուրդի, աստուածային յանձնառութեան իրագործում՝ գործով ու կեանքով»:
Հուսկ, Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան ներկաներուն դիմեց՝ յորդորեց միասնաբար աղօթել երկնաւոր Տիրոջ, որպէսզի իր անպարտելի աջով հաստատուն պահէ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հիմերը, խաղաղութիւն շնորհէ հայրենիքին եւ երկար կեանք, արգասաբեր ու քաջառողջ տարիներ պարգեւէ հայոց հոգեւոր հօր, որպէսզի անոր հայրապետական գաւազանը շարունակաբար առաջնորդէ հայ ժողովուրդը դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենականութիւն։
Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ, Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեանի: Ներկաները առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան ու պայծառութեան, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան քաջառողջութեան, կենաց արեւշատութեան եւ բազմամեայ գահակալութեան համար։