ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ իր երկիրը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ՝ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ համագործակցութեան զարգացման հարցը:
Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Մանամայի երկխօսութիւն» միջազգային ֆորումին, որ կազմակերպուած էր Պահրէյնի հիւրընկալմամբ: Նախարարը ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ «Մանամայի երկխօսութիւն» ֆորումի եզրափակիչ փուլին կազմակերպուած ասուլիսին ժամանակ: «Համաշխարհային անվտանգութեան կառավարում. ներառականութիւն եւ դերակատարութիւն» խորագրեալ նիստի ընթացքին ան Երեւանի ղեկավարութեան պատգամները փոխանցեց այս կարեւոր միջազգային հարթութեան վրայ:
Արարատ Միրզոյեան Պահրէյնի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն:
Ֆորումի հիւրընկալ երկրի՝ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլ Լաթիֆ պին Ռաշիտ ալ-Զայանի հետ տեսակցութեան ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շօշափեց նաեւ «Մանամայի երկխօսութիւն» եւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» դիւանագիտական ֆորումներու միջեւ համագործակցութեան հարցերը:
Միրզոյեանի երկկողմանի շփումներու շրջանակներէն ներս առանձնացաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետր Ապտիւլաթիի հետ տեղի ունեցած հանդիպումը: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները քննարկեցին Երեւան-Գահիրէ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական կապերը եւ անոնց խթանման ուղղեալ հաւանական քայլերը:
Արարատ Միրզոյեան եւ Պետր Ապտիւլաթի կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ: Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատութենականացման ուղղեալ քայլերը՝ կարեւորելով նաեւ խաղաղութեան օրակարգի հետեւողական յառաջ մղման ուղղութեամբ միջազգային գործընկերներու շինիչ դերակատարութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ բազմակողանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան հարցերուն: Զրուցակից նախարարները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները եւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը:
Արարատ Միրզոյեան Պահրէյնի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ծոցի արաբական պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ճասէմ Մուհամմէտ ալ-Պուտայվիի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ այս խորհուրդի միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր: Կողմերը կարեւորեցին հաստատութենական հիմքերու վրայ զետեղել շփումները եւ հետամուտ ըլլալ օրակարգի ընդլայնման: Միրզոյեան ընդգծեց, որ Երեւան կը կարեւորէ Արաբական ծոցի տարածաշրջանի երկիրներուն հետ տնտեսական համագործակցութեան խորացումը՝ որպէս արտաքին առեւտուրի տեսակաւորման կարեւոր ուղղութիւն:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան պայմաններուն ներքեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման ծրագրերուն: Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի եւ TRIPP նախագծին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ: Միրզոյեան ներկայացուց Երեւան-Պաքու խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացման ուղղութեամբ հայկական կողմի մօտեցումները:
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան եւ անոր հանգուցալուծման ուղղեալ հաւանական քայլերուն շուրջ: