«ԲԱՐԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»
«Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին՝ որ Տէրը, արդար Դատաւորը, իբրեւ հատուցում՝ ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը»։ Այսպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալ, Տիմոթէոսին գրած իր երկրորդ նամակին մէջ. (Բ ՏԻՄ. Դ 7-8)։
Ուստի, Պօղոս առաքեալի նամակներուն հիմնական նպատակն է՝ բացայայտել հաւատքին եւ շնորհքին դերը քրիստոնեայ կեանքին մէջ։ Տիմոթէոսին ուղղուած երկրորդ նամակը գրուած է Հռոմէն՝ ուր ան բանտարկուած էր եւ լքուած կը զգար ինքզինք… եւ կը զգար, թէ կ՚ապրէր իր կեանքի վերջին օրերը։ Այս նամակը քաջալերութեան մնայուն աղբիւր է բոլոր հաւատացեալներուն եւ մանաւանդ անոնց համար՝ որոնք Տիրոջ հոգեւոր ծառայութեան լծուած են, որպէսզի իրենց հաւատքի պայքարը՝ պատերազմը մղեն անվախօրէն, համբերութեամբ եւ մանաւանդ սիրո՛վ։
«Ամէն սուրբ անցեալ մը ունի, ամէն մեղաւոր՝ ապագայ մը»։ Եւ ո՜րքան պատշաճ է այս խօսքը Պօղոս առաքեալի կեանքին՝ որ երբ Սօղոս էր, թէ՛ սպառնալիք եւթէ մահ կը թափէր Յիսուսի աշակերտներուն վրայ։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ Յիսուսի մէկ խօսքով վերածուեցաւ Պօղոսի, եւ ապա Պօղոս առաքեալի։
Յիսուսի խօսքը եղաւ Սօղոսի. «Սօղո՛ս, Սօղո՛ս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս». (ԳՈՐԾ. Թ 4)։ Նման հոգեփոխութեան ուրիշ օրինակ մըն է նաեւ աւելի վերջի դարերուն, Սբ. Օգոստինոս Աւրելիոս։
Արդարեւ, մարդուս կեանքը ունի «անցեալ» մը՝ որ կատարուած եւ աւարտած է, բայց ունի նաեւ «ապագայ» մը՝ յոյսով լեցուն։ Անցեալը կրնայ հետքեր թողած ըլլայ, բայց ապագան, որքան որ անորոշ է, լեցուն է յոյսով եւ եթէ անցեալը գէշ եւ չար է մէկուն, անոր ապագան կրնայ լաւ եւ բարի ըլլալ։ Որովհետեւ, պէտք է շեշտուի, որ Յիսուս մեղաւորին դէմ չէ՛, այլ՝ մեղքի՛ն։
Սօղոսի օրինակով եւ Յիսուսի անոր հարցումին հետեւելով՝ կարելի է ըսել, թէ երբ կը վիրաւորենք մարդը, Յիսուսն է, որ կը վիրաւորենք կամ կը հալածենք։ Եւ ահաւասիկ այս պատճառով՝ Սօղոս դարձաւ Պօղոս առաքեալի՝ մարդուն փրկութեան միջնորդ։ Եւ ասիկա կատարուեցաւ «բարի պատերազմ»ով՝ մղուած չա՛րին դէմ։
Արդարեւ, ընդհանուր առմամբ, պատերազմը բարի է, երբ մեղքի եւ չարի դէմ է, իսկ եթէ պատերազմը մարդուն դէմ է, ի հեճուկս «մարդ»ուն մղուած է՝ անարդար է եւ չա՛ր։ Այս իմաստով, կեանքի նեղութիւններու, անձկութիւններու եւ դժուարութիւններու պատճառը մարդ փնտռելու է իր իսկ արարքներուն մէջ, քանի որ ներքին աշխարհն է, որ կը ձեւաւորէ արտաքինը։ Ասոր համար պէ՛տք է հաւատարիմ մնալ հաւատքին։
Ներկայ աշխարհի մէջ՝ մանաւանդ աշխարհային հոսանքներու տարուելով մարդը հետզհետէ կը հեռանայ հոգեւոր աշխարհէն՝ Աստուծմէ, Քրիստոսէ։ Արհեստականը հետզհետէ բնականին տեղը գրաւել կը սկսի, փոխանակ հաւաքական-հասարակաց կեանքի՝ անհատական-անձնականի մը ընտրութիւնը մարդը ինքնակեդրոն եւ մինակ կը դարձուցանէ. փոխանակ «ուրիշ»ի՝ «Ես»ը կը սկսի տիրապետել։
Հաւատարիմ եւ սիրով լեցուն՝ մա՛րդ ըլլալ մարդուն հանդէպ. ահաւասի՛կ, այս կը պահանջէ մարդուն ստեղծման նպատակը եւ կոչումը։ Եւ ասիկա մեծ մասամբ գիտակցութեան մը հարց է, բայց ներկայ աշխարհի ստեղծած դժուարութիւնները, աշխարհային զանազան հոսանքներու պատճառ կ՚ըլլան։
Այս պարագաներուն մէջ քրիստոնեայ կեանքը՝ Քրիստոսի նմանելու ջանքով միայն կրնայ իրականալ։
Այո՛, Յիսուս երբեք չատեց մեղաւորը, եւ զայն փրկելու համար զոհեց ինքզինք, այլ ատեց մեղքը։ Ուրեմն աղօթենք, որ Աստուած բանայ մեր հոգեւոր աչքերը՝ որպէսզի հասնինք ճշմարտութեան։
Հին աշխարհի չաստուածները, եթէ ուզէին մէկը ոչնչացնել՝ անոր հպարտութիւն կու տային։ Եւ այսօր հպարտութիւնը իսկապէ՛ս ոչնչացման առաջնակարգ պատճառն է։ Մարդ փոխանակ իր թերութիւններով եւ տկարութիւններով, բանականութեամբ հպարտանալու՝ մաքուր սրտով եւ հանդարտ խիղճով պէտք է գոհանայ… արհեստականը պէտք չէ, որ բնականը նուաճէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ