ՄԱՏՈՒՑՈՂՈՒՀԻՆ ԵՒ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԲԱՐԻՔՆ ՈՒ ԲԱՐԵԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանի մէջ կայ մի քանի սրճարան, ուր կը նստիմ ու կը սիրեմ գրել յօդուածներս, նոթերս եւ այլն… Քանի ընդհանուր խոկումներն ու հայեցողութինները միշտ ներշնչանքներ փնտռելու մէջ են ու այդ ներշնչանքները կ՚ուզենք տեղերու կապել ու արարողակարգային ընել, տեղ մըն ալ այսպէս ըսած՝ ապրում մը տալու մենք մեզի ու մենք մեզ գտնելու: Տեսակ մը մխիթարանք ու անհատականացման վաւերականացումն ալ կրնայ համարուիլ ներշնչանքը՝ մա՛նաւանդ վարք ու կերպ, թռիչք ու սլացք ստեղծելու առումով:

Հիմա, առանց ծանուցելու Երեւանի սրճաններէն մէկուն անունը ու անոնց մէջ աշխատող երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն բնաւորութիւնները, ինձ յուզողը այդ սրճաններէն մէկուն մէջ աշխատողներն են՝ մանաւանդ այդ խումբէն երիտասարդուհի մը։

Մատուցման ու հանրային ծառայութեան ոլորտը շատ մը մեկնաբանութիւններու ու մօտեցումներու առարկայ է: Մարդը պէտք է ծառայէ մարդուն, բայց, նոյնինքն մարդկային գաղափարախօսութիւններն ու վարդապետութիւնները աշխատած են անձը վեհացնելու եւ այդ վեհացման մէջ անոր ընկերային, քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային բարձրացում տալու: Ես կը ծառայեմ քեզի ո՛չ թէ կարիքաւորուածօրէն, այլ այն խոնարհութեամբ, որ մարդ արարածը իր անհատական ու հաւաքական մակարդակներով կարիքն ունի ծառայութեան: Ընկերային կամաւոր ծառայութիւնը ազնուական դրսեւորում մըն է, բայց, տարբեր հարթութեամբ պարտադրուած ու կարիքաւորութեամբ եղած ծառայութիւնը կրնայ համարուիլ կեղեքում ու անարդարութիւն: Այս կէտին է, ուր հասարակարգերը կը զատորոշուին ու կը տարբերուին։ Երկար էր մեր անցած ճամբան ստրկատիրութենէն մինչեւ ազատ շուկայականը, համայնավարութենէն մինչեւ ազատականութիւնը:

Այս մտածումներով կլանուած՝ նստած սրճարանիս բոլոր աշխատողներուն հետ մտերմութիւն մը յառաջացած էր եւ այդ ինծի մեծ հոգեկան եւ ընկերային հաճոյք պատճառող էր ու է: Մարդկային այդ անմիջական, անշահադիտական ու պարզագոյն ոգեղինաընկերային դրոյթի հիւսման մղումը գերապրեցնող է ու նոյնիսկ «աստուածային»։

Երբ կը նստիմ ու կ՚ապսպրեմ որեւէ բան աշխատող երիտասարդ կամ երիտասարդուհիներուն՝ անոնց մատուցած ծառայութիւններէն աւելի ամենակլանողն ու առաքելացնողը ընկերային վիճակի ստեղծումն է: Օրինակ՝ նոյն այդ երիտասարդուհիներէն մէկը (որ մարդկայնական գերազնուութեան մարմնացումն է) իր գծած ու ստեղծած մարդկային չափորոշումներով ինծի համար գագաթնակէտային մարդկայնութիւններ կը ներշնչէ:

- Երբ կը զգաս, որ մարդկային տեսակն ու անոր բարոյագիտութիւնը, արժեբանութիւնը, ըլլալն ու նոյն ըլլալու առաքելութիւնը պայծառ են, առաքինի, վերամբարձ ու աստուածային։

- Երբ կը զգաս, որ տիեզերքի գոյութիւնն ու կոչուածութիւնը (ուղեկցուած կամ ինքնարժէքաբար) գոյացած է վասն մարդկայութեան:

Մարդկայնացում մը, որ վերելքը չէ, գիտութիւնը չէ, քաղաքականութիւնը չէ, ո՛չ ալ վարդապետացումը-կրօնականացումն է ընկերային կեանքին, այլ՝ մարդու գերազնուացումը, մարդու սիրուածութեան ինքնահամակերտումը, մարդու բարութեան աղբիւրացումն ու այդ բարութեան վերջնական յաղթականացումը:

Դժուար է, չըսելու համար անկարելիի համահաւասար, իրագործել այս բոլորը, բայց, երբ մէկ հոգիի ժպիտին, վարմունքին, մաքրամաքրութեան, սրբադրման հետ կու գան այս բոլորը՝ կը զգաս, որ մարդը պիտի ապրի ու պիտի ըլլայ մարդկայնութեան չափանիշի մը համար, ինչ որ մեծ է, վեհ ու ազնուացուածօրէն տարերքային:

Անցեալ անգամ երբ մատուցողուհին աւարտելու վրայ էր իր գործը, իրեն պզտիկ տուրմ մը տուի, ըսելով․

-Պզտիկ բան մըն է այն բոլոր բաներուն դիմաց, զորս դուք կ՚ընէք:

Սկիզբը պիտի մերժէր սակայն, ես արդէն իսկ իրենց հաշուապահական սեղանին վրայ դնելով տուրմը՝ կանխեցի մերժումը:

Փոխադարձութեան համար չէ կեանքը, տալու-առնելու մրցակցութիւններն ալ չեն կրնար սահմանել բարոյագիտական չափանիշացումը մեր մէջ ու մեզմէ դուրս: Իմ տուրմ տալս փոխադարձութեան համար չէի ուզեր համարուի, այլ այսպէս ըսած՝ իմ ալ շատ պարզ մարդակերտումս:

Սէր կոչուածը փաղաքշանք է, կարեկցանք է, հոգածութիւն է, գութ է, պայծառութեան աւետում է, ժեստ է, գերզիջում է, գերկատարելի խոստում է, վերջնահասանում է ու պայծառագոյն էութեան կազմում եւ երջանկացում:

Իմ եւ սիրած սրճարաններուս մէջ աշխատողներուն հետ կապը նաեւ սիրային կրնար համարուիլ, իսկ անոնց ուրախացումը պարտականութիւնս կը համարէի։ Պարտականութիւն մը՝

ուր մարդկային քաղաքականութիւնները կը վերանան,

ուր շահադիտականութիւնը կը խամրի,

ուր դասակարգայնութիւնները կը խորտակուին,

ուր կողմնակալութիւններն ու ձեւականութիւնները կը վերանան,

ուր ադամանդի մաքրութեամբ կը յառնի մարդակերտումը՝ իր պատմական ամենամեծ առաքելութեամբ ու տարողութեամբ:

Այսօրուան սրճարանին մատուցումը, սիրալիրութիւնը, տարերքը, հասանումը, մարդկային ջերմութիւնն ու պարզ մարդ ըլլալը նորէն մեր կերտումով անգերազանցելի կրնայի համարել, իսկ գերմարդուկ երիտասարդուհին գործի չէր։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2026