ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱԶ ԱՐՏԱԾՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՖՈՐՈՒՄԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Երէկ, Մոսկուայի մէջ սկսաւ՝ Կազ արտահանողներու ֆորումի երկիրներու եւ այլ ղեկավարներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողով մը՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան եւս կը մասնակցի այս հաւաքին։ Սա Կազ արտահանող երկիրներու ֆորումի 8-րդ գագաթաժողովն է։ 

Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ գագաթաժողովի սկիզբին պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն եւ խմբային նկարահանում տեղի ունեցաւ։ Հաւաքը տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնէն ներս։ 

Ժողովական ղեկավարները կը քննարկեն բնական կազի դերը՝ համաշխարհային ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման եւ համագործակցութեան ապագայ ամրապնդման ուղղութեամբ։ Օրակարգի վրայ է վառելանիւթի համաշխարհային շուկաներուն համար յուսալի մատակարարում ապահովելու նիւթը։ Կը նախատեսուի, որ գագաթաժողովի վերջաւորութեան ընդունուի եզրափակիչ հռչակագիր մը։ 

Վլատիմիր Փութին առանձին հանդիպումներ ալ ունեցած է՝ գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներէն Մեսուտ Փեզեշքիանի, Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համատ ալ-Թանիի եւ այլ ղեկավարներու հետ։ 

Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Իրանի նախագահի եւ Քաթարի էմիրի առանձնազրոյցը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2026