ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԴԻՐՔԸ ԼՔԵԼՈՎ ՄՏԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՈՒՐ ՎԻՐԱՒՈՐԵՑ ԿԻՆ ՄԸ ԵՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ժամը՝ 14.15-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ մուտք գործած է Ատրպէյճանի զինծառայողներէն մին։ Այս վերջինը կրակած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի 39-ամեայ կնոջ մը վրայ՝ ներկայութեամբ իր երեք զաւակներուն։ Թէ՛ տուեալ կինը եւ թէ 15 եւ 12 ամեայ երեխաները դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած ու դարմանման տակ առնուած են։ 39-ամեայ մայրը Սիսիանի բժշկական կեդրոնէն ներս առաջին օգնութիւնը ստանելէ վերջ, փոխադրուած է Երեւանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցը։
Վիրաւորուած երեխաները ծնած էին 2011 եւ 2014 թուականներուն։
Ըստ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ երեք օր առաջ, Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկացուցած էր, որ երկրի զօրամասերէն մէկու զինծառայողներէն մին անծանօթ հանգամանքներու մէջ լքած է իր դիրքը։ Ուստի, չի բացառուիր, որ այդ մէկը կարող է հատած ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը։ Աւելի վերջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իրաւասու մարմինները իրականացուցած են համապատասխան որոնման աշխատանքներ։
Թէ ինչո՞ւ կարելի չէ եղած նախորդող օրերուն կանխել Ատրպէյճանէն զինեալի մը մուտքը Հայաստան կամ աւելի շուտ յայտնաբերել զինքը… Արդեօք շրջանի բնակչութիւնը զգուշացուա՞ծ էր Ատրպէյճանէն զինուորի մը փախուստի եւ Հայաստանի սահմանը հատած ըլլալու մասին։ Այս բոլոր հարցումներուն պատասխանները առայժմ պարզ չեն։ Այսօր արդէն, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Հայաստանի Ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է սոյն կրակոցի մասին։
«Պարզուած է, որ յանցագործութիւնը կատարուած է Ատրպէյճանի զինծառայողին կողմէ, որ ձերբակալուած է։ Դէպքի մանրամասնութիւնները ներկայացուած են նաեւ Ատրպէյճանի կողմին։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն դէպքին առընչութեամբ նախաձեռնած է քրէական վարոյթ», Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը առայժմ այսքանը տեղեկացնելով բաւարարուած է։
Միւս կողմէ, այս իրադարձութիւնը, անշուշտ, քաղաքական գետնի վրայ ալ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս պահուն կը պահանջէ, որ ձերբակալուած Ատրպէյճանի զինուորը բացարձակապէս պէտք չէ յանձնուի իր երկրին։