ԱՆՏԷՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ
Շատեր թող չկարծեն, թէ հրապարակախօսներ «նահանջ» բառը կը գործածեն «գործածելու սիրոյն»։ Գացէ՛ք սփիւռքի հայկական գաղութները եւ ամէ՛ն տեղ նոյն արտայայտութիւնը պիտի լսէք. «անցեալ տարի թիւով աւելի էինք». թէ՛ ակումբներուն, թէ՛ եկեղեցիներուն մէջ միշտ երէկ աւելի հայ կար՝ քան այսօր։ Անշուշտ, բոլորս ալ գիտենք, որ պատճառաբանութիւնները աւելորդ են։ Մեր նախնիները այդ բոլորը հիմնեցին այդ տարիներուն՝ երբ նիւթապէս աւելի աղքատ ու համեստ պայմաններու մէջ կ՚ապրէին, հետեւաբար, եթէ խնդիրը տնտեսական է, ապա շատ աւելի դժուարին տարիներուն նոյնիսկ վիճակը այդպէս չէր: Այդ նահանջը լաւագոյնս կրնանք բացատրել հետեւեալ ձեւով. պատկերացուցէք նորաստեղծ ընկերութիւն մը, որուն յաջողութիւնը կը չափուի իր ընթացքով։ Եթէ ընկերութիւնը սկսի նոր մասնաճիւղեր հիմնել, օր օրի աշխատակազմի թիւը աւելցնել՝ կը նշանակէ դրական ընթացքի մէջ է։ Նոյն այդ ընկերութիւնը եթէ սկսի մէկ առ մէկ մասնաճիւղեր փակել՝ կը նշանակէ սնանկութեան մօտեցած է եւ այդ ընկերութեան ապագան այնքան ալ դրական չէ: Հիմա այս ընկերութեան նոյն օրինակը փոխադրենք մեր հայկական իրականութեան։ Վերջին տասնամեակին շատ աւելի հայկական դպրոցներ փակուած են՝ քան բացուած։ Վերջին տասնամեակին շատ աւելի թերթեր վերջ տուած են իրենց ընթացքին՝ քան նորերը ստեղծուած։ Անցեալին եօթ-ութ հազար թերթ տպող մամուլ մը եթէ սկսած է երկու-երեք հազար թերթ տպել՝ կը նշանակէ լուրջ նահանջ մը գոյութիւն ունի:
Անշուշտ, գաղութի ներկայացուցիչներ եւս լաւապէս գիտեն, թէ այս մէկը դրական ընթացք մը չէ, սակայն, կը փորձեն ծածկել այդ բոլորը. օրինակի համար, գործող հինգ-վեց դպրոց փակելով նոր «միացեալ վարժարան» մը կը հիմնեն եւ կը փորձեն այդ մէկը որպէս ձեռքբերում, որպէս դրական ներկայացնել։ Այո, նոր դպրոց մը հիմնելը դրական է՝ մա՛նաւանդ եթէ կ՚ըլլայ ժամանակակից պայմաններով, սակայն, բոլորս ալ լաւապէս գիտենք, թէ այդ դպրոցները փակուեցան աշակերտի պակասի պատճառով. փակուեցան, որովհետեւ շատ աւելի նախընտրելի է բոլորը մէկտեղել եւ մէկ ուսուցիչի վճարել՝ քան հինգ-վեց տարբեր դպրոցներու մէջ ուսուցիչ պահել:
Սփիւռքի մէջ տարածուած մեծագոյն սուտը (որ կամաց-կամաց հայրենիքի մէջ եւս տարածում կը գտնէ) ժամանակ չունենալու սուտն է։ Մեր երիտասարդները լաւապէս ժամանակ ունին այն բոլորին, որուն համար կ՚ուզեն ժամանակ ունենալ։ Կեանքի պայմանները ինչքան ալ ծանրաբեռնուած ըլլան, մարդ ժամանակ կը գտնէ ընելու բոլոր այն բաները, որոնք իրապէս կ՚ուզէ ընել եւ հետեւաբար, եթէ մարդ կ՚ուզէ օտարութեան մէջ հայերէն սորվիլ, հայերէն կարդալ ու հայաբար ապրիլ՝ ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ:
Այս նահանջին արդիւնքը Շաւարշ Միսաքեան իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով. «Անտէր պիտի մնաք»։ Միսաքեան կը գրէ. «Հայ երիտասարդները ամէն բան կը սորվին այս ազատ ափերուն վրայ: Իսկ երբ կարգը կու գայ մայրենի լեզուին, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ գրականութեան, վատօրէն խոյս կու տան. հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն դպրոցէն փախչելու համար: Առանց կարմրելու: Առանց նախատեսելու հետեւանքները»։ Յիշեցնենք, որ Շաւարշ Միսաքեան այս տողերը գրած է 1951 թուականին։ Սփիւռքի մէջ դրական ո՛չ մէկ բան կրնանք ունենալ, եթէ հայ երիտասարդը սկսի (շարունակէ) մայրենի լեզուն երկրորդական նկատել. երբ սկսի հայոց պատմութիւնը անկարեւոր նկատել, որովհետեւ վերջաւորութեան պատերազմներուն յաջողիլ չկրցածը՝ մենք մեր անտարբերութեամբ պիտի յաջողեցնենք:
Թող հայ ժողովուրդին մէջ լաւատեսի ու յոռետեսի պայքար տեղի չունենայ, որովհետեւ ամէն մէկը իր կարգին իր հայրենասիրութիւնը կը փորձէ ապրիլ։ Ազգի մը ապագան անոր որդիներուն ունեցած մօտեցումներով չի՛ գոյատեւր։ Անոր գոյութիւնը ապահովելու համար աշխատանք պէտք է եւ մենք նիւթապէս ունինք ապահովութիւն այդ աշխատանքները լաւապէս կատարելու: Անշուշտ, վերջին տարիներուն կայ դժբախտութիւն մը, որ հայ ժողովուրդին համար դրական չըլլալով հանդերձ դրական արդիւնք մը տուաւ։ Երանելի պիտի ըլլար Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ ժողովուրդին հայրենադարձութիւնը, սակայն, վերջին տասնամեակին պատերազմները պատճառ եղան, որ բազմաթի՜ւ հայեր մեկնին Ամերիկա, Գանատա եւ Եւրոպա։ Այս մէկը ունեցաւ դրական միայն մէկ բան. գաղութներուն մէջ հայկականութիւնը նոր ոգի եւ շունչ ունեցաւ. ակումբները, եկեղեցիներն ու միութիւնները նոր հայ անդամներով հարստացան։ Հայերէն լեզուէն հեռու հայուն մօտ յայտնուեցաւ սուրիահայն ու լիբանանահայը՝ որ լաւապէս կը տիրապետէ մայրենի լեզուին եւ հայրենասիրական զգացումներուն։ Սակայն, այդ դրականը եւս ունի իր բացասական կողմը. լիբանանահայ կամ սուրիահայ այդ հայուն յաջորդող սերունդները պիտի ունենա՞ն նոյն ճակատագիրը՝ ինչ որ ունեցան գաղթականներու առաջին սերունդին յաջորդող սերունդները։ Դէպի նոր կեանք, նոր աշխարհ գացած այդ հայերն ու անոնց յաջորդող սերունդները երբեւէ հայրենադարձ պիտի ըլլա՞ն, թէ ոչ մի քանի սերունդ իրենց հայութիւնը պահելէ ետք, կամաց-կամաց նահանջի ճամբան պիտի բռնեն: Սփիւռքահայը ի՛նք պէտք է լրջօրէն մտածէ այս հարցերուն մասին, այլապէս օտարի երկրին մէջ, օտարի անունով, օտարի պէս պիտի ապրի՝ մինչեւ օր մը ամբողջութեամբ օտարանայ ու մնայ անտէր:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երբ ազգային արժանապատուութեան վիրաւորանք կայ, պատուաբեր չէ հատուցումի համար դիմել օտարին, ինչքան ալ հայասէր եւ հայագէտ ըլլան անոնք:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան