ԱՇՆԱՆԱՄՈՒՏ

Եղանակները, կարծես կեանքի հանգրուաններուն կրկնօրինակներն են։ Գարունէն մինչեւ ձմեռ՝ կեանքին սկիզբը եւ վախճանը կը պատկերացնէ։ Այս իմաստով, աշունը ձմեռուան գուժկանն է, եւ այս իսկ պատճառով՝ աշունը ընդհանրապէս տխուր եւ մելամաղձոտ զգացուներու շրջան մըն է շատերու համար։

Աշունը ուրիշ պատճառով ալ մելամաղձոտ զգացումներ կ՚արթնցնէ, քանի որ ամառը՝ որ առհասարակ դադարի եւ հանգիստի, ազատ ժամանցի շրջան մըն է եւ աշունով, այլեւս սկսած է աշխատանքի շրջանը։ Եւ կեանքն ալ իր ամբողջ տեւողութեան՝ աշխատանքի եւ դադարի ընթացք մը չէ՞… աւելին՝ երբեմն չարչարանքի, տառապանքի, նեղութեան եւ երբեմն ալ ուրախութեան, խնդութեան, վայելքի եւ հրճուանքի գնացք մը չէ՞։ Երբեմն առողջ, երբեմն՝ հիւանդ, երբեմն յաջող, երբեմն՝ ձախողած, երբեմն սիրուած, երբեմն ատելութեան թիրախ հանդիսացած, երբեմն բարձրացած, երբեմն ցածը գլորած… Բնութեան մէջ եւ որպէս բնութեան մէկ մասը՝ կեանքի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի, քանի որ անոնք «ընթացք» մըն են եւ շարժումի ենթակա՛յ։ Իրաւ է, որ բնութեան եւ կեանքի մէջ ամէն ինչ կը փոխուին, փոփոխութեան ենթակայ են՝ կը սկսին եւ կը վերջանան։ Աստուոր՝ այս աշխարհի պատկանող վաղանցուկ կեանքը ժամանակաւոր է. բայց աստուածաշնորհ բնութեան եւ կեանքին մէջ, անփոփոխ եւ կայուն է միայն Սէ՛րը։ Եւ սէ՛րն է, որ այս աշխարհի բանաւոր էակը՝ մարդը կանգուն, աներեր կը պահէ՝ համբերելու եւ հանդուրժելու ուժ եւ կարողութիւն կու տայ, կեանքը կը պահէ եւ կը տեւականացնէ։ Սէրը երբեք չի փոխուիր, չի վերջանար, յարատեւ է եւ անժամանա՛կ…

Եւ այս բոլորին մէջ, այս խորհրդածութիւններուն մէջ այս տրուպ գրիչը հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ կը դիմաւորէ աշունը՝ աշնանամուտը՝ 23 սեպտեմբերը, երբ առայժմ հրաժեշտ տուաւ իր երէցկինը՝ Աննիկ Գալփաքճեանը։ Բայց սէրը անվախճա՛ն է. սիրոյ մէջ մահ գոյութիւն չունի՛։

Երբեմն կը խորհիմ. մարդ երբ մարմնապէս ներկայ ըլլայ՝ անոր ներկայութիւնը աշխարհի պայմաններուն մէջ երբեմն ընդհատումներու եւ ընդմիջումներու կրնայ ենթարկուիլ աշխարհային զբաղումներու, աշխատանքի եւ այլ պատճառներով, ինչ որ բնական է, բայց, երբ մարմնապէս հեռանայ, այս աշխարհի ժամանակաւոր կեանքի ընթացքը աւարտի՝ իր վախճանին հասնի, սիրոյ հոգին տեւապէս կու գայ, կը հանգչի սիրտերու մէջ եւ առանց ընդհատութեան, առանց ընդմիջումի կը մնայ հոն։

Ահաւասի՛կ, այս է սիրոյ հոգիին մարմնացումը մարդկային հոգիին մէջ։

Աշխարհային զբաղումներ, աշխարհային մտահոգութիւններ եւ անոնց ստեղծած հոսանքներ երբեմն մարդ կը հեռացնեն Աստուծոյ մտերմութենէն, եւ տարուելով աշխարհայինին, մարդ երբեմն կ՚անտեսէ հոգեկանը։ Ուրիշ խօսքով՝ «ստուեր»ը կը շփոթէ բուն իսկ «իրական»ին հետ։ Եւ այս իմաստով երբեմն կը խորհիմ, իրապէս, կեանքի մէջ կարգ մը կորուստներ՝ շա՛հ են։

Այս տեսանկիւնէն դիտելով, ես ինծի կը հարցնեմ, երէցկինս Աննիկին մարմնապէս հեռանալը եւ հոգեպէս եւ մի՛շտ ինծի հետ ըլլալը արդեօք աւելի՛ մօտեցուց եւ մտերմացո՞ւց զիս Աստուծոյ. կամ աւելի լաւ եւ խոր ծանօթանալու առիթ հանդիսացաւ… Անշո՛ւշտ որ կը հաւատայի, ո՛չ մէկ կասկած, բայց հաւատքը միշտ զօրանալու պէտքը ունի, հաւատքը չ՚աւելնար, քանի որ ան քանակի կամ թիւի առարկայ չէ՛, այլ՝ որակի, այսինքն կը զօրանայ, աւելի հաստատ կը դառնայ։

Այս իմաստով, յաճախ կը կրկնեմ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ պէտք է հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ՝ հաւատալով։ Եւ ահաւասի՛կ, այդ պատահեցաւ, եւ մտային սահմանաւոր կարողութեանս համեմատ, հետզհետէ սկսայ հաւատալով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ։ Արդարեւ, կեանքի մէջ շատ բան կայ՝ որ գիտութեամբ անբացատրելի է, բայց հաւատքով հասկնալի՛, ինչպէս հրաշքներ…

Շնորհակալ եմ երէցկին Աննիկ, որ իմ առանձնութեանս մէջ հաւատքը հասկնալու այս բարեպատեհ առիթը տուիր։

Արդար յիշատակդ օրհնութեամբ լեցուն ըլլայ. ցտեսութիւն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026