ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը կը տօնենք այսօր: Կը տօնենք, կ՚ըսեմ, քանի որ աշխարհի բոլոր երկիրներու պատմութեան մէջ «տօն» կը համարուի անկախութիւնը: 

Մեզի համար ալ այդպէս է: 

Դպրոցական մըն էի ես, երբ անկախացաւ Հայաստանը: Համացանց չկար այն ատեն, որպէսզի «Հայաստանի անկախ...» դեռ չլրացուցած՝ բազմաթիւ կայքեր, լուրեր, նկարներ ու տեսերիզներ յայտնուին առջեւս: 

Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ընդունուած հիմներգով կ՚ուրախանայինք մենք, անոր չորս տուները կը սորվէինք ու կը սորվեցնէինք մանուկներուն: Տուն, խանութ, ակումբ, սրահ, ինքնաշարժ, հանրաշարժ՝ եռագոյն դրօշը կը կախէինք. երգչախումբերուն, պարախումբերուն, դպրոցական հանդէսներուն, ելոյթներուն ու գրեթէ բոլո՛ր ձեռնարկներուն, բեմին որպէս ընդհանուր պատկեր կը գործածէինք զայն...

Շատ հին չէ՛ պատմածս, ի դէպ. դեռ մօտ տասն տարի առաջ, սեպտեմբերի վերջին տասն օրերուն, կը յիշեմ, հայկական բոլոր, կը պնդեմ՝ բոլո՛ր գաղութներու միութեանց օրակարգերը Հայաստանի անկախութեան օրուան կամ այս-ինչ ամեակին նուիրուած ձեռնարկներով կը լեցուէին: Դասախօսութիւններ կը կազմակերպուէին, հոսկէ-հոնկէ կուսակցականներ, գրողներ, մտաւորականներ կը հրաւիրուէին, այդ ձեռնարկներուն գեղարուեստական բաժիններուն մէջ հնչող բոլոր երգերն ու ոտանաւորները խիստ հայրենասիրական կ՚ըլլային, ակումբներու մէջ քով-քովի կու գային զանոնք կատարողները, Հայաստանի անկախութեան դրօշին ու հովանիին տակ ըլլալին՝ ամենագեղեցիկ բանը կ՚ընէին. դպրոցի հայերէն դասերէն ու նիշերէն անդին, ինքնակամ հայերէն երգեր ու ոտանաւորներ կը փնտռէին, նուագել գիտցողները կը նուագէին, զիրար լսել ու ներդաշնակութիւն կը սորվէին: 

Մարդիկ, բոլոր հայկական գաղութներու մէջ ապրող սփիւռքահայերը այդ ձեռնարկներուն կու գային. աչքերովս տեսած ու ապրած եմ հաճելի այդ խճողումը, վերջին կարգերուն ետեւ շարուող յաւելեալ աթոռներուն ճռճռոցը լսած ու քուլիսներուն մէջ ալ կարգս սպասած եմ ես...

Կրկնած պիտի ըլլամ. շատ հին չէ՛ այս պատմածս, այո՛, բայց փաստօրէն՝ անցեալ է: 

Այսպիսի իրականութիւն մը կ՚ապրի՞նք այսօր: 

Երբե՛ք: 

Ժամանակին, կը յիշեմ, հայրենիքէն եկող մը, քաղաքական ի՛նչ կողմ ալ ներկայացնէր, մասունքի պէս ձեռքերու վրայ կը պահուէր. մեր «չտեսած» Հայաստանը ներկայացնող այդ մարդը կամ կինը չէր ազատեր իրեն ուղղուած հարցումներէն... 

Փա՜ռք, այն ատեն մեր չունեցած, համացանցին. ազատ, անկախ ու ինքնիշխան մեր հայրենիքին առօրեան բաց գիրք մըն է մեր դիմաց՝ այսօր. կը բաւէ, որ ցանկանք զայն ընթերցել: 

Հայրենիքէն սփիւռքի ո՛րեւէ գաղութ հիւրաբար ժամանող փրոֆեսէօրներ, տոքթորներ, քաղաքագէտներ ու վերլուծաբաններ կա՞ն: 

Հայաստանի Հանրապետութեան պանծալի 35-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ, ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, զեկոյցներ, զրոյցներ, ցուցահանդէսներ ու շնորհանդէսներ կա՞ն. կը հարցնեմ: 

Անցեալ են այս բոլորը եւ ա՛յլ է ներկան: 

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան բառամթերքին մէջ չկայ «սփիւռք»ը. պէտք ալ չէ՛, քանի որ անոնց համար «սփիւռք» հասկացողութիւնը զարմանալիօրէն քարացած է «սնիքըր»ներուն, «քինտըր»ներուն ու «սեքընտ հենտ» ղրկուածներուն քով, որոնք իրականութիւն են, ի՛նչ խօսք, բայց միայն այս մէկը՞ պէտք է ըլլայ մեր՝ «սփիւռքի» սահմանումը մեր վարչապետին յայտարարութիւններուն մէջ:

Ատրպէյճանին անցած Արցախի քանի-քանի՜ ճամբաներ սփիւռքի կազմակերպած «թելեթոն»ներով շինուեցան: 

Երկրաշարժ է, պատերազմ է, օգնութիւն է, նպաստ է, քանի-քանի՜ միլիոններ հաւաքուեցան: 

Շուտով, սեպտեմբեր 27-ը պիտի ըլլայ եւ չորրորդ հանրապետութեան իշխանութիւնը մեր բարեկամները չնեղացնելու համար պիտի չյիշէ անպայման չարաբաստիկ այս օրը. այս պատերազմի ընթացքին «սեքընտ հենտ» սփիւռքին հաւաքուած միլիոններուն հաշիւը տրուեցա՞ւ:

Չեմ խօսիր պատմութեան ընթացքին չխամրած սփիւռքի կրթական կառոյցներուն, դպրոցներուն, կրթական վաստակաւոր մշակներուն, ստեղծագործողներուն, գիտնականներուն, մամուլին, տպարաններուն, միութիւններուն, անունը չլսուած երկրի մը մէջ խաչքար դնողներուն ու հայկական տարազ կարողներուն...

Ափսո՛ս: 

Ա՛յլ է ներկան, բարեկամներ:

Հինէն մնացած համարեա՛ ամէն ինչ քանդող հանրապետութիւն մըն է մեր այսօրուան մեր անկախ Հայաստանը՝ «նորաձեւ»:

Վերջին հետազօտութիւնները փաստեցին, որ «դպրոց եւ ուսուցիչ չե՛նք ունեցած» մենք, անոր համար ալ կարդալ չե՛ն գիտեր մեր պատանիները. հարց չէ՛, չմտահոգուիք: 300 դպրոց, 500 մանկապարտէզ պիտի կառուցուին շուտով. «Ի՛ր դպրոցը պէտք ա ունենայ չորրորդ հանրապետութիւնը», ըսաւ մեր վարչապետը:

Ճի՛շդ է: 

Ութ տարիէ ի վեր մաղուածը չի՛ բաւեր. եկեղեցւոյ դէմ պայքար, պառակտում, անքաղաքավարութիւն, անյարիր վարք, ջնջուած սփիւռք ու արեւմտահայերէն՝ չի՛ բաւեր: Քիչ մըն ալ պէտք է մաղել. հին ու նոր պատմութիւն, Արցախ, մշակոյթ, ժառանգութիւն, վանք, զանգ, ջարդ ու եղեռն, ճանաչում, լեռ, ձոր, Արարատ ու Արաքս... նախընտրելի է, որ ո՛չ միայն դասագիրքերէն, այլեւ՝ երգերէն ալ սրբուին:

Այդ ոտանաւորներն ու երգերը «սեքընտ հենտ» երազկոտ սփիւռքին թող մնան: 

Անխելք չենք, սփիւռքահայերս, ի դէպ. մենք ալ շատ լաւ գիտենք, որ Մուշն ու Սասունը մեր սահմաններուն մէջ չեն: Կրնա՛նք գիտակցիլ, որ անոնց ազատագրելուն մասին խօսիլը ծիծաղելի է: Կը հասկնանք, որ խաղաղութեան պայմանագիր կնքած պետութիւն մը «զաւթողական ձգտումներ պէտք չէ ցուցաբերէ իր յանձնած հողերուն հանդէպ...», այս բոլորը մե՛նք ալ գիտենք, բայց, մեր չհասկցածը այս բոլորին փոխադարձ չըլլա՛լն է, անարժանապատիւ լռութիւնն է եւ գլխիկոր համաձայնութիւնը՝ դիմացի «խաղաղասէրէն» եկած որեւէ հեգնանքի, պատմական խեղաթիւրման ու վիրաւորանքի: 

Աշխարհը ոտքի ելաւ մեր «բարեկամներուն» վերջին շաբթուան յայտարարութիւններուն ու արարքներուն վրայ, բայց լուռ մնաց Հայաստանի չորրորդ «դիւանագէտ» հանրապետութիւնը, որուն Ազգային ժողովի նախագահը բարեհաճեցա՜ւ պատահածներուն արձագանգել ըսելով, որ «Այսպիսի յայտարարութիւններ խաղաղութեան գործընթացը չե՜ն օգներ» եւ աւելին՝ «Ինչ լա՜ւ է, որ այսօր զէնք ու կրակոցներով չենք արտայայտեր մեր անհամաձայնութիւնը, այլ՝ վիճաբանելով...», ըսաւ ան: 

Իսկապէ՞ս: 
Պաշտօնապէս վիճաբանող մը եղաւ, գոնէ՞:
Ա՞յս է մեր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: 
Շնորհաւո՜ր անկախութիւն:

Ինձմէ աւելի երիտասարդ է անկախ Հայաստանը, ցաւօք, եւ բաւական տարիքոտ եմ ես անոր գալիք «վարդագոյն» օրերը տեսնելու համար... 

«Ու երկնահաս քո բարձունքին,
Արարատի սուրբ լանջին,
Կենսաժպիտ իր շողերը
Պիտի ժպտան առաջին...» երգելով տարինե՜ր շարունակ սփիւռքի մէջ, Հայաստանէն հեռո՜ւ, Հայաստանի անկախութիւնը տօնեցինք մենք, բայց այսօրուան «յստակ» ճամբաներով, այս ոտանաւորին ու երգին անծանօթ աշխարհասփիւռ մեր զաւակները թերեւս շուտով «Armenia»ին «Independence Day»ը ոգեկոչող համաշխարհային «Mega star»ի մը համերգին կրնան հանդիպիլ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026