ԱԶԳ՝ ՈՐՈՒՆ ՆՄԱՆԻԼ ՊԷՏՔ Է ՓՈՐՁԵՆՔ
Հաւաքականութեան հանդէպ հրեաներու ունեցած գիտակցութիւնը նախանձելի վիճակ մը ունի։ Սփիւռքի մէջ ապրող հրեան կը գիտակցի, որ իր օտարացումով, իր ձուլումով հազարամեակներ շարունակ սերունդէ սերունդ փոխանցուող արժէքները կրնան տկարանալ ու անկում ապրիլ եւ անոնց հանդէպ ունեցած իր կապուածութիւնն ու գիտակցութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի օտարութեան մէջ նոյնիսկ պահէ իր ինքնութիւնը: Այս գիտակցութիւնը ամրապնդելու լաւագոյն միջոցը հաւաքներն են. հրէական բոլոր տօներն ու ծէսերը պատճառ կը դառնան, որ հրեաներ ի մի խմբուին. օրինակի համար, պասեքի սեղանին շուրջ կը հաւաքուին որպէս մէկ ընտանիք, որպէսզի անոնց զաւակները՝ նոր սերունդը զգայ, թէ ինք մեծ հաւաքականութեան մը մաս կը կազմէ։ Ի դէպ, որոշ ժամանակ մեր եկեղեցական տօները ունէին նոյն ազդեցութիւնը. ինչպէս՝ Ծնունդ, Մեծ Զատիկ, որոնք վերջին տասնամեակներուն իրենց արժէքը կորսնցնելով սովորական եկեղեցական տօներու շարքին դասուեցան։ Հրեայ ժողովուրդը իր ծէսին մէջ նոյնիսկ յաջողած է մտցնել հրեայ ըլլալու գիտակցութեան կարեւորութիւնը. «Աստուած այսպէս ըրաւ՝ որովհետեւ մենք հրեայ ենք». Այս կէտին է, որ կրօնք եւ ազգութիւն կը միաձուլուին:
Եթէ մեր նահանջի պատճառը պիտի հասցնենք մինչեւ հայոց ցեղասպանութիւն, ապա պէտք չէ մոռնալ, որ հրեայ ժողովուրդը եւս պատմութեան ընթացքին ապրեցաւ մարդկային մեծագոյն չարիքներէն մէկը: Սակայն, հրեայ ժողովուրդը ունեցաւ այն բանին գիտակցութիւնը, զոր մեր սփիւռքի առաջին սերունդները ունէին. կորսուելու վախը։ Հրեայ ժողովուրդը մինչեւ օրս կ՚ապրի օտարութեան մէջ կորսուելու վախով եւ այդ վախը ինքնաբերաբար զիրենք աւելի մօտիկ կը պահէ հրէական արժէքներուն։ Այդ վախն է, որ զիրենք հեռու կը պահէ օտար ամուսնութիւններէ, այդ վախն է, որ պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մանուկը կրթեն սեփական դպրոցներու մէջ։ Անոնց համար կարեւորագոյն մտահոգութիւններէն մէկը ապագայ սերունդին պատկանելիութեան գիտակցութեան պակսիլն է։ Այս վախը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի այդ զգացումը, գիտակցութիւնը փոխանցուի սերունդէ սերունդ ո՛չ միայն ազգային, այլ նոյնիսկ որպէս հոգեւոր պարտաւորութիւն: Մեր ժողովուրդը բնականէն աւելի վստահութիւն ունեցաւ եւ կարծեց, որ օտարութեան մէջ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ հայ ժողովուրդի ինքնութեան գիտակցութիւնը նուազեցնել. ո՛չ ոք իրապէս կրցաւ մտածել, որ կրնանք ունենալ սերունդներ՝ որոնք հայերէն լեզուն չգիտնան. ո՛չ ոք մտածեց, իսկ մտածողներն ալ քննադատուեցան:
Մենք մեր նոր սերունդին կը ստիպենք, որպէսզի միշտ յիշէ ու մտածէ, թէ ինք օտարութեան մէջ ապրող հայ է։ Հրեայ երիտասարդ նոր սերունդը այդ յիշեցումին կարիքը չունի, որովհետեւ իր դաստիարակութեան ճամբով «յիշեցումի» կարիք չունի. ինք նախ կ՚ապրի որպէս հրեայ եւ ապա որպէս «ամերիկացի» եւ տեղ մը չ՚ընդունիր նոյնիսկ իր ամերիկացի ըլլալը։ Ինք հրեայ մըն է, որ կ՚ապրի Ամերիկա։ Մեր պարագային երեւոյթը քիչ մը տարբեր է. մերոնք նախ ամերիկացի կը դառնան եւ ապա կու գայ իրենց հայութիւնը, որովհետեւ կը կարծեն, որ օտարութեան մէջ իրենց հայութեան այնքան կարիք չունին՝ ինչքան ամերիկացի ըլլալու՝ յաջողութիւններ ձեռք բերելու համար։ Հրեաներու պարագային երեւոյթը տարբեր է, որովհետեւ ազգութենէն աւելի վեր ու բարձր արժէք մը գոյութիւն չունի:
Միւս կարեւոր կէտը, որ մեր մէջ կը պակսի, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն է։ Հրեայ ժողովուրդը իր հրեայ ըլլալը ընդունած է որպէս Աստուծոյ կողմէ պարգեւ ու սըր-բութիւն եւ հետեւաբար դաստիարակութեան ճամբով իր մէջ ունի վախ՝ այդ սրբազան արժէքը կորսնցնելու։ Այնպէս ինչպէս հին սերունդը, նոյնպէս նոր սերունդը պատասխանատուութիւն կը զգայ, թէ ինք պարտաւոր է օտարութեան մէջ որպէս հրեայ գոյատեւել։ Կասկած չկայ, որ նման դաստիարակութեամբ մեծցող ազգի մը ապագայ սերունդները եւս նոյն գիտակցութեամբ պիտի ապրին, որովհետեւ ազգութիւն պահելը ճակատագիրէն աւելի որոշում է, դաստիարակութիւն է:
Հրեայ ժողովուրդը երկար ժամանակ չէ ունեցած պետութիւն, չէ ունեցած հայրենիք, սակայն, ազգային գիտակցութեան ճամբով յաջողած է ի մի հաւաքել ժողովուրդը եւ անոնց մէջ սերմանել հայրենիքի գաղափարը։ Շատեր կը կարծեն, որ այս յաջողութիւնները խելացի ղեկավարներու շնորհիւ է, իսկ մենք կը կարծենք, որ այստեղ ղեկավարներէն աւելի ժողովուրդն ու անոր ունեցած գիտակցութիւնն է։ Մենք կը կարծենք, որ հայապահպանումը լոկ կուսակցութիւններուն, միութիւններուն ու եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է. հրեան կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր հրեայ իր ապրելակերպով, իր զաւկին դաստիարակութեամբ պատասխանատու է ազգային ինքնութեան պահպանման։ Հետեւաբար, կարիք չի զգար ուրիշը ընդօրինակելու, այլ արժէքներ եւս իր արժէքներուն միախառնելու, որովհետեւ երբ ազգ մը իր սեփականը սրբութիւն նկատէ՝ ինքնաբերաբար օտարինը խորթ կը նկատէ:
Սակայն, հրեաները ունին այլ առաւելութիւն մը՝ որ մենք յաճախ որպէս բացասական երեւոյթ կը ներկայացնենք. ծայրայեղութիւն:
•շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Սեփական պատմուճանի եւ սեփական խղճի մասին հոգացող ազնիւ մարդը պարտաւոր է նոյն ձեւով մտածել նաեւ ուրիշի պատմուճանի ու խղճի մաքրութեան մասին:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան