ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
Գիտութիւնը Աստուծոյ մէկ շնորհքն է։ Գիտութիւնը բնութիւնը ճանչնալ է, եւ քանի որ բնութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, ան Աստուած ճանչնալու, Անոր մօտենալու ապահով ճամբան է։ Եւ այս իմաստով՝ սորվիլը, գիտնալը մարդուն տրուած շնորհ մըն է։ Վերջապէս, գիտութիւնը՝ ուժ մըն է, զօրութիւն մը, որ մարդ կ՚ազնուացնէ, կը զարգացնէ, կը կատարելագործէ։
Գիտութիւնը՝ բնութիւնը ճանչնալ է, ըսինք, այս իմաստով անձերու կամ մարդկային խումբերու վրայ կատարուող գիտական, բժշկական կամ հոգեբանական փորձարկումները կրնան սատարել հիւանդներու բուժումին եւ հանրային առողջութեան յառաջդիմութեան։ Գիտութեան հասնելու միակ միջոցն է՝ սորվի՛լ. անդադար, անվհատ, ժրաջան աշխատանքով սորվիլ… տեւապէս սորվիլ, քանի որ սորվիլը վերջ չունի, ինչպէս բնութիւնը անսահման է։ Մարդ կրնայ շատ բան գիտնալ, որոշ մարզերու մէջ մասնագէտ ըլլալ, բայց միայն մասամբ գիտութեան տէր, եւ ո՛չ՝ ամենագէտ։ Մարդ երբ կ՚ուզէ Աստուծոյ մօտ ըլլալ, պէտք է Աստուծոյ գիտութեան հետեւի։
Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտութիւնը, յատկանշական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։ Գիտական արարքը՝ գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը թանկագին ներդրումներ են, երբ կը տրամադրուին մարդուն ծառայութեան եւ առաջ կը մղեն անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին։ Այդ երկուքը, սակայն, առանձին չե՛ն կրնար ցուցանիշ ծառայել մարդկային գոյութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստին։
Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը նպատակադրուած են ի սպաս մարդուն՝ որմէ կը քաղեն իրենց ծագումը, զարգացումը եւ աճումը. անոնք մարդկային անձին եւ անոր բարոյական արժէքներուն մէջ կը գտնեն իրենց նպատակին ուղեցոյցը եւ իրենց սահմանաւորութեան գիտակցումը։
Ցնորական է գիտական հետազօտութեան եւ անոր գործադրումներուն բարոյական չէզոքութիւնը պահանջել։ Այլուստ, արեւելումի չափանիշները ո՛չ կրնան քաղուիլ արհեստագիտական պարզ արդիւնաւորութենէն, ոչ ալ այն օգտակարութենէն՝ զոր ոմանք կրնան քաղել ի վնաս ուրիշներուն, եւ ոչ ալ աւելի վատ պարագային, գերիշխող գաղափարաբանութիւններէն։
Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը իրենց ներհուն նշանակութեամբ կը պահանջեն՝ բարոյականութեամբ օժտուած հիմնական չափանիշներուն անպայմանաւոր յարգանքը։
Եւ այս երկուքը պարտին ըլլալ ի սպաս մարդկային անձին, անոր անլուծանելի իրաւունքներուն, անոր ճշմարիտ եւ ամբողջական բարիքին, ըստ Աստուծոյ ծրագրին եւ կամքին…
Գիտութիւնը, արդարեւ, Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մին է՝ իմաստութեան, հանճարի, խրատի, զօրութեան, աստուածպաշտութեան եւ Աստուծոյ երկիւղին հետ։ Իրենց լրումին մէջ անոնք կը պատկանին Քրիստոսի, անոնք կը լրացնեն եւ իրենց կատարելութեան կը հասցնեն առաքինութիւնները անոնց՝ որոնք կ՚ընդունին զանոնք։ Անոնք հաւատացեալները կը դարձնեն հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ աստուածային ներշնչումներուն։
Թէպէտ հաւատքը բանականութենէն վեր է, սակայն, այդ երկուքին միջեւ չի կրնար իսկական տարաձայնութիւն ըլլայ։ Խորհուրդները յայտնող եւ հաւատքը հաղորդող Աստուածը, քանի որ մարդուն մտքին մէջ բանականութեան լոյսը սփռեց, նոյն Աստուածը չի կրնար Ինքնիրեն հակասել եւ ո՛չ ալ ճշմարիտը կրնայ հակասել ճշմարիտին։ Այս պատճառով՝ գիտութեան բոլոր մարզերուն մէջ հետեւողական որոնումը, եթէ իսկապէս գիտականօրէն յառաջ տարուի եւ եթէ բարոյական կանոններուն հետեւի, չի՛ կրնար երբեք իրապէս հակադրուիլ հաւատքին՝ քանի որ աշխարհային եւ հաւատքի իրականութիւնները իրենց ծագումը միեւնոյն Աստուծոյ մէջ կը գտնեն։ Դեռ աւելի, ան որ կը հնարի իրերու գաղտնիքներուն թափանցել յարատեւութեամբ եւ խոնարհութեամբ, անիկա, նոյնիսկ անգիտակից կերպով առաջնորդուած է Աստուծոյ աջովը՝ որ զօրավիգ է բոլոր էակներու եւ զանոնք կ՚ընէ այն՝ ի՛նչ որ են…
«Գիտութիւնը զօրութիւն է». Fancis Bacon…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 14, 2026, Իսթանպուլ