ԱԶԳԱՅԻՆԸ «ՀԱՏՈՒԱԾԱԿԱՆ» ՇԱՀԵՐԷՆ ՎԵՐ

Հայ ժողովուրդի մօտիկ անցեալի պատմութեան ծանօթ իւրաքանչիւր հայորդի լաւապէս գիտէ մօտաւորապէս կէս դար առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ տեղի ունեցած ամօթալի իրադարձութիւնները՝ որոնք պատմութեան մէջ կը մնան ու պիտի մնան որպէս մեծ խարան: Շատեր այդ խնդիրները լուծուած կը սեպեն, մինչ ժամանակ առ ժամանակ մոխիրներու տակէն դարձեալ կրակի մնացորդներ կ՚երեւին։ Սակայն, ի տարբերութիւն անցեալին, այդ մէկը կը կատարուի ո՛չ թէ պաշտօնական աթոռներու միջեւ՝ այլ անհատներու, որոնք միւս կողմը կշտամբելը սիրոյ մեծագոյն արտայայտութիւն որպէս կը տեսնեն: 

Անշուշտ, շատերու համար կրնայ լուրջ հարց ստեղծել ատելութեան այս երեւոյթը։ Սիրոյ անսահման սէրն ու ներողամտութիւնը քարոզող երկու կաթողիկոսութիւններ` որպէս եկեղեցւոյ մեծագոյն գլուխներ, ինչպէ՞ս մէկդի ձգած քրիստոնէական մեծագոյն պատուիրանը՝ սէրը, իրարու հանդէպ այդքան ատելութեամբ կրնան լեցուած ըլլալ: Հայ մամուլին մէջ այս կապակցութեամբ կարելի է գտնել բազմաթի՜ւ յօդուածներ, որոնց մէջ ոմանք քննադատած են Անթիլիասը, իսկ ուրիշներ՝ Էջմիածինը։ Իսկ անդին եղած են ուրիշներ, որոնք մեղքը երկու աթոռներէն շատ աւելի վեր, շատ աւելի հեռու տեղ փնտռած են: Անոնցմէ մէկն է սփիւռքահայ անուանի դերասան, գրող ու արձակագիր Վահրամ Փափազեանը, որ մամուլի մէջ հրատարակած իր «Լուծումը մօտ է» խորագրեալ յօդուածին մէջ յայտնած է իր անկեղծ կարծիքները («Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 22 մարտ, 1962, Դ. տարի, թիւ 11, էջ 1): 

Վահրամ Փափազեան երկու աթոռներու մէջ տեղ գտած «թշնամութեան» մասին կը գրէ. «Իմ եզրակացութիւնս պարզ է. հայ «հատուածական»ներն էին, որ մեր եկեղեցիները պառակտեցին: Սուրբ Էջմիածինը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները յանցաւոր չեն, այլ՝ երկուքն ալ անմեղ զոհ՝ կուսակցական աւելորդ պայքարներու: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար եթէ ըսէինք. զոհ՝ իրենց կուսակցական պիտակին տակ պահուած կարգ մը ազգայիններու, որոնց ակնկալած շահերը «հատուածական» եւ ազգային եւ եկեղեցական բնոյթ կրելէ շա՜տ հեռու են»: 

Փափազեանի այս միտքը աւելի հասկնալու համար ըսենք. եկեղեցին միշտ ալ իր հոգեւոր առաքելութեան կողքին (նաեւ մինչեւ այսօր) կը դիտուի որպէս կառոյց՝ որ կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ ժողովուրդին վրայ։ Այդ ազդեցութիւնն է, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը լարէ եկեղեցւոյ դէմ, որովհետեւ ընդունինք թէ ոչ, եկեղեցին միշտ ու միշտ ունեցած է իր կարեւոր տեղն ու դերը հայ ազգային կեանքէն ներս եւ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը կամայ-ակամայ կրցած է իր ազդեցութիւնը ունենալ հասարակութիւններու վրայ։ Այնպէս ինչպէս Հայաստանի իշխանութիւնները, նոյնը լաւապէս կը հասկնային նաեւ մեր կուսակցութիւնները, որովհետեւ եկեղեցւոյ նման կարեւոր կառոյցի մը «տիրանալ»ը ինքնաբերաբար մեծ ձեռքբերում մը պիտի ըլլար ու ամուր հիմք հանդիսանայ տուեալ կուսակցութեան։ Եկեղեցին կառոյց մըն էր, որ գաղթականութեան առաջին իսկ օրերէն գրեթէ բոլոր գաղութներու մէջ հաստատուած ու արմատաւորուած էր եւ նման կառոյցի մը անուան տիրանալը մրցումի մի քանի տասնեակ ոտնաքայլ առջեւէն սկսելու համազօր էր: 

Վահրամ Փափազեան այս խնդիրին կուսակցական ըլլալ-չըլլալը հասկնալու համար տեսակցութիւն ունեցած էր նոյնիսկ օրուան կաթողիկոսներուն հետ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա.-ին հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը ըսած է. «Եկեղեցական միասնականութեան ճամբու վրայ պատրաստ եմ ընելու ինչ որ մարդկայնօրէն կարելի է, միայն թէ նստած Աթոռիս իրաւունքներէն, ազատութիւններէն չե՛մ կրնար հրաժարիլ: Ես կը ճանչնամ Սուրբ Էջմիածինը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, միայն թէ՝ ան ալ ճանչնալու է Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան գոյութեան իրաւունքները եւ անկախութիւնը: Ես «հատուածներէ» տարուող, առաջնորդուող մը չեմ։ Ես եկեղեցական եմ, կ՚ուզեմ ծառայել ազգիս եւ եկեղեցիիս»։ Վստահ ենք, որ իր հայրենասիրութեամբ յայտնի Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւս տարբեր մտածումի տէր եղած պիտի չըլլար՝ մանաւանդ, որ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետը այդ ժամանակաշրջանին Խորհրդային Միութեան իշխանութեան ազդեցութեան տակ, վստահաբար, պիտի ունենար շատ աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ՝ քան «ո՞վ է մեծ»ի կռիւն ու վիճաբանութիւնը: Եթէ այդտեղ շահեր գոյութիւն չունենային, այդ բախումները ո՛չ մէկ կուսակցութեան հետա-քըրքրութիւնը պիտի գրաւէր։ Այնպէս ինչպէս երկու եկեղեցականներու ներքին կռիւը, նոյնպէս աթոռներու կռիւը աչքէ հեռու տեղի պիտի ունենար ու մոռացութեան տրուէր: Կուսակցութիւնները մեր կեանքին մէջ ունեցած են իրենց դրական ազդեցութիւնը. դրականին կողքին տեսած ենք նաեւ անոնց պատճառած բացասական ազդեցութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, կը հաւատանք, որ եկեղեցին ինքնիշխան կառոյց ըլլալով պարտաւոր էր ու մինչեւ օրս պարտաւոր է հեռու մնալ կուսակցական հակումներէ։ Այս կամ այն կուսակցութեան պատկանող եկեղեցի մը եկեղեցի ըլլալէ աւելի «ակումբ»ի կը վերածուի։ Եկեղեցին այլ կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու ազդեցութեան տակ չի կրնար գտնուիլ: Այնքան ժամանակ, երբ վիճակը տարբեր է վերոյիշեալէն՝ կռիւներն ու բախումները անպակաս կ՚ըլլան, որովհետեւ եկեղեցին իր ուշադրութիւնը իր առաքելութեան վրայ դնելու փոխարէն կը սկսի զբաղիլ մանրուքներով՝ որոնք մեր ազգին շատ աւելի վնաս պատճառած են՝ քան որեւէ թշնամի, պատմութեան որեւէ ժամանակաշրջանին:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ցաւը որ ամենամեծ բացարձակ իրականութիւնն է կեանքի գաղտնիքին, ունի պահեր շատ կարճատեւ, երբ կը լքէ մեզ ու այն ատեն մենք կը դառնանք անհեթեթ: Այդ պահերուն է, որ տիեզերական իմաստը կը խախտի իր բունէն:

ՄԻՔԱՅԷԼ ՇԱՄՏԱՆՃԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026