ՆՈՐ ՀԱՅԵՐԸ
Այն, ինչ որ այսօր վտանգաւոր կը նկատենք, անցեալին դրական ընկալում մը ունէր։ Հայ ժողովուրդը կարեւոր կը նկատէր ունենալ անհատներ, որոնք հայ ըլլալով հանդերձ կը յաջողին որպէս ֆրանսացի, որպէս ամերիկացի մտածել, որովհետեւ այդ մէկը թէ՛ առեւտուրի եւ թէ այլ ոլորտներու մէջ կրնար դրական արդիւնք տալ։ Վերջապէս հայը եւս պարտէր կատարեալ անգլերէն, կատարեալ ֆրանսերէն գիտնալ։ Պօղոս Սնապեան նման հայերու կարեւորութիւնը իր յօդուածին մէջ կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով. «Այդ տիպարները դեր ունին կատարելիք եւ մենք պէտք ունինք իրենց. այդ հանգամանքը առեւտուրի ճամբով կրնայ թարմացնել մեզ, փոխադարձ ճանաչումներու առիթներ կրնայ ստեղծել, ստիպել, որ մաշած ու ժամանակավրէպ տեսութիւններու կառչած չմնանք, քալենք նոր ժամանակներու կշռոյթով, քաղաքակիրթ ժողովուրդներու առաջընթաց երիտասարդութեան հետ»։ Վստահաբար, Սնապեան եթէ այսօր կենդանի ըլլար, այս խօսքերը վերատեսութեան պիտի ենթարկէր, որովհետեւ այո, մեզի հարկաւոր են օտար մշակոյթները լաւ ճանչցող երիտասարդներ, սակայն, օտար մշակոյթը ճանչնալու կողքին կարեւոր է սեփականը պահել գիտնալու կարեւոր առաքինութիւնը։ Գուցէ այդ թուականներուն մարդ դժուար մտածէր, թէ կրնայ ըլլալ գայ ժամանակ, երբ հայ երիտասարդը կորսուի այդ օտար մշակոյթներու ազդեցութեան տակ եւ հետեւաբար երկու մշակոյթներու ճանաչութիւնը, վստահաբար, դրական երեւոյթ որպէս պիտի նկատուէր:
Յառաջդիմութեան համար օտարին մշակոյթը ճանչնալը, օտարին լեզուին լաւապէս տիրապետելը կարեւոր է, սակայն, հայը չկրցաւ սահման դնել այդ բոլորին։ Ֆրանսահայը, ամերիկահայը տեղ մը «հայ» ըլլալը սկսաւ մոռնալ եւ մնաց միայն ֆրանսացին, ամերիկացին։ Մենք որպէս ժողովուրդ, ամէն բանի միջինը կորսնցուցինք։ Օրինակի համար, ունէինք սերունդ մը, որ կը զարմանար, երբ հայը իր զաւակը օտար անունով մկրտէր։ Ետքը ունեցանք սերունդ մը, որ այդ մէկը որոշ չափով «յառաջդիմութիւն» նկատեց։ Բայց եւ այնպէս, այդ մէկով չբաւարարուեցանք. հասանք տեղ մը, որ սկսանք զարմանալ՝ երբ հայը իր զաւակը մկրտէ հայու անունով։ Ժամանակ մը յառաջդիմութիւն կը նկատէին, երբ հայը օտար լեզուներու տիրապետէր. այսօր կը զարմանանք, երբ հայը մաքուր հայերէնով կ՚արտայայտուի։ Այս տրամաբանութեամբ չափանիշները ամբողջութեամբ խախտուեցան:
Այսօր կը մտածենք, թէ հայերէն չգիտցող, արդէն իսկ գրեթէ օտարացած հայը ինչպէ՞ս կարելի է վերադարձնել իր արմատներուն։ Նոյն հարցումը կ՚ուղղէր Սնապեան աւելի քան վաթսուն տարիներ առաջ. «Կրնա՞նք սակայն իրենց արիւնին մէջ հայկական խռովքներ զգացող հայերէ ստեղծել. ի՞նչ հասարակաց գիծեր պիտի ստեղծենք ֆրանսահայ նոր հայուն ու ամերիկահայ նոր հայուն միջեւ եւ ո՞ր լեզուին պիտի դիմենք նոր հայերուն վստահուած նոր հայութեան դիմագիծը իմանալի ու ընդհանրական դարձնելու համար»: Պատասխանը պարզ է. ֆրանսահայն ու ամերիկահայը իրար կապելու եւ անոնց մէջ հասարակաց արժէքներ ստեղծելու համար՝ նախ պէտք է փոխանցել լեզուն։ Սխալ կը նկատենք այն համոզումը, որ լեզուն լոկ միջոց է եւ հայ ըլլալու համար, հայ զգալու համար հայերէն լեզուն գիտնալը կարեւոր չէ արտայայտութիւնը։ Լեզուն մարդու ինքնութեան մեծագոյն մասն է. այդ լեզուով է, որ մենք կը տարբերինք օտարներէն։ Մեր անցեալի մտաւորականութիւնն ու ղեկավարները պէտք է առաջին հերթին պայքարէին այս արտայայտութեան դէմ, որովհետեւ հայերէն լեզուի չտիրապետելը «բնական» դարձնելով մենք շա՜տ հայեր ու երիտասարդներ կորսնցուցինք ու մինչեւ օրս կը շարունակենք կորսնցնել։ Շատեր այս մէկը անկարեւոր կը նկատեն, սակայն, աւելի քան կարեւոր է, որովհետեւ եթէ այսօրուան հայերէն չգիտցող երիտասարդին յաջորդող սերունդը եւս հայերէն պիտի չգիտնայ։ Եթէ սերունդ մը զրկուեցաւ հայերէն լեզուէն, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ իրեն յաջորդող սերունդները եւս զրկուած պիտի մնան ու ամբողջութեամբ օտարանան։ Հետեւաբար, խնդիրը միայն մէկ անհատի չգիտնալը չէ, որովհետեւ այդ անհատը ապագային ծնողք դառնալով՝ իր ժառանգորդները եւս հեռու պիտի պահէ մայրենիէն:
Օտարութեան մէջ ապրող հայը ո՞վ է այսօր՝ չենք գիտեր, սակայն, տեղին կը գտնենք Սնապեանի «նոր հայ» սահմանումը. «Նոր հայը ա՛ն է, որ լաւապէս կը ճանչնայ իր մայրենի լեզուն, ծանօթ է իր ժողովուրդին ստեղծած քաղաքակրթութեան մայր երակներուն, մայր ձգտումներուն, առաւել՝ կը ճանչնայ օտար լեզու մը. կրնայ շաղախուիլ օտարին հետ. կրնայ շաղախել այդ ամէնքը իրարու եւ ամբողջական մարդու մը վստահելի զօրութեամբ, իմաստութեամբ ու գուրգուրանքով մօտենալ օտար միջավայրերու մէջ հասակ առած այդ նոր հայուն, այդ լաւ ատաղձին. Բազմացնել անոր նմանները, լեզու գտնել բոլորին հետ, ճանաչումներով ճոխացնել անոնց միտքը եւ բերքը կամ հմայքը գնահատել հաւաքականութեան վրայ իրենց ունեցած ազդեցութիւններով»։ Այս տողերուն մէջ յատկանշական է «օտար լեզու գիտնալ» արտայայտութիւնը։ Սնապեանի միտքին մէջ օտարութեան մէջ ապրող հայը հայ մըն է՝ որ օտար լեզու գիտէ։ Անոր օտար լեզու գիտնալը պէտք է յատկանշական ըլլայ եւ ո՛չ թէ հայերէն գիտնալը։ Այսօր հայերէն գիտցող ամերիկահայը կամ ֆրանսահայը ինչո՞ւ «տարօրինակ», «զարմանալի» ու «գնահատելի» կը նկատենք։ Այդ մէկը բնականն է՝ որ պարտի այդպէս ըլլալ։ Օտարութեան մէջ ապրող հայը ինքզինք ամերիկացի, գանատացի կամ ֆրանսացի նկատելէ առաջ պէտք է հա՛յ զգայ եւ ո՛չ թէ հայ նկատէ։ Այդ սկզբունքով է, որ մեր լեզուին մէջ մտած է ամերիկաՀԱՅ, ֆրանսաՀԱՅ, ԼիբանանաՀԱՅ արտայայտութիւնը։ Օտարութեան մէջ ապրող հայուն մենք այսօր օտա՛ր լեզուն պէտք է սորվեցնէինք եւ ո՛չ թէ մայրենին, որովհետեւ եթէ տան մէջ գործածուող լեզուն հայերէնը ըլլար՝ ապա երկրորդ լեզուն օտար պիտի նկատուէր։ Այնքան ատեն որ հայերէնը որպէս «օտար», իսկ տեղական լեզուն որպէս մայրենի կը գործածուի՝ դրական արդիւնքներ ապահովել հնարաւոր պիտի չըլլայ:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Յաջողութեան առաջին պայմանը սանդուխին առաջին ոտքը կոխելն է:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան