ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ՝ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այս երկուշաբթի հանդիպում մը նախատեսուած է Պիշքէքի մէջ։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներուն հետեւանքները ատեն-ատեն ծայրայեղ լարուածութեան սահմաններուն կը հասնին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ուշադրութեամբ կը սպասուի երկու ղեկավարներու շփման։
Հայաստան վերջին շրջանին շատ աւելի թափով կ՚ընթանայ՝ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամակցութեան մտադրութեամբ։ Սա թէեւ երկարաշունչ ճանապարհ մըն է, սակայն, ռուսական կողմի վերապահութեան եւ նոյնիսկ ջղայնութեան պատճառ կը դառնայ։ Բաց աստի, Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ տարակարծութիւններ առկայ են նաեւ՝ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ ճակատագրական բնոյթ ստացած TRIPP նախաձեռնութեան կապակցութեամբ։ Ռուսական կողմը ակնյայտօրէն կ՚ուզէ մասնակից դառնալ այդ ծրագրին, իսկ հայկական կողմը կը պահանջէ, որ Ռուսաստանի երկաթուղիի ընկերութիւնը, որ հայկական երկաթուղիի ցանցի կառավարումը ստանձնած է, այդ իրաւունքը այլեւս վաճառէ։ Վարչապետ Փաշինեան վերջին օրերուն յայտնած է, որ TRIPP պիտի դառնայ միջազգային բեռնափոխադրութեան շատ կարեւոր կէտ մը, սակայն, այդ մէկէն օգտուելիք երկիրներուն կարեւոր մէկ մասը արդէն պատժամիջոցներ սահմանած են Ռուսաստանի դէմ։ Ուստի, ներկայ իրավիճակը պատճառ կրնայ դառնալ, որ այդ երկիրները TRIPP-ը շրջանցելով այլընտրանքներ փնտռեն Հայաստանի համար։