ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՈՔԱՅԵՒ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախագահները անդրադարձան Թուրքիա-Ղազախիստան յարաբերութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։ Էրտողան պաշտօնակիցը շնորհաւորեց՝ Ղազախիստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ընտրութիւններուն առթիւ։ Ան շեշտեց, որ Անգարա պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Աստանայի հետ յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման ուղղութեամբ։
Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Թոքայեւի հետ։ Այդ զրոյցով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղեկացուած էր, որ Երեւանի եւ Աստանայի միջեւ կը քննարկուի՝ Ղազախիստանի TRIPP-ին մասնակցութեան հաւանականութիւնը։