ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՁԱՅՆԸ
Ներկայիս թուային աշխարհի ամենէն վտանգաւոր երեւոյթներէն մէկը սուտ լուրը չէ միայն, այլեւ այն պատրանքը, թէ հասարակութիւնը ինքնաբուխ կերպով կը մտածէ, կը հաւատայ կամ կը պահանջէ որոշ բաներ։ Այս երեւոյթը կը կոչուի «astroturfing»։ Անգլերէն այս եզրը կը նշանակէ արհեստական խոտածածկ, որ արտաքինով բնական խոտի կը նմանի, բայց, իրականութեան մէջ, ամբողջովին արհեստական է։ Նոյնպէս ալ հասարակական կարծիքի աշխարհին մէջ «astroturfing»ը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ բազմաթիւ անկախ մարդիկ նոյն համոզումը ունին, մինչդեռ այդ «ժողովրդային ալիքը» նախապէս ծրագրուած ու կազմակերպուած է։
Մարդիկ, բնականաբար, աւելի կը վստահին այն գաղափարին, որ կարծես բազմութեան կողմէ ընդունուած է։ Երբ մէկը կը տեսնէ հարիւրաւոր մեկնաբանութիւններ, հազարաւոր բաժանումներ կամ անթիւ դրական կարծիքներ, անոր մէջ կը ծնի այն զգացումը, թէ «բոլորը այսպէս կը մտածեն»։ Բայց շատ անգամ այդ «բոլորը» գոյութիւն չունին։ Կրնան ըլլալ քանի մը կազմակերպուած խումբեր, վճարուած հաշիւներ կամ նոյն աղբիւրէն ղեկավարուող տասնեակ կեղծ դիմանկարներ։
«Astroturfing»ը միայն քաղաքականութեան մէջ չէ։ Ան այսօր կը գտնուի գրեթէ ամէն տեղ։ Ընկերութիւններ կրնան իրենց արտադրանքը գովաբանելու համար կեղծ յաճախորդներ ստեղծել։ Ոմանք կը վարձեն մարդիկ, որպէսզի մրցակիցներուն դէմ բացասական մեկնաբանութիւններ գրեն։ Ընկերային ցանցերու մէջ բազում «սովորական քաղաքացիներ» իրականութեան մէջ մասնագիտացած քարոզիչներ են, որոնց նպատակը ո՛չ թէ քննարկելն է, այլ հանրային տրամադրութիւնը ուղղորդելը։
Ամենէն մտահոգիչը այն է, որ «astrotur-fing»ը կը շահագործէ մարդկային հոգեբանութիւնը։ Մենք հակուած ենք հետեւելու մեծամասնութեան, որովհետեւ մեր ուղեղը այդ մէկը կը նկատէ ապահով ընտրութիւն։ Երբ կը կարծենք, թէ հազարաւոր մարդիկ արդէն որոշում մը կայացուցած են, մենք ալ անգիտակցաբար կը մօտենանք նոյն որոշումին։ Ահա թէ ինչո՛ւ արհեստական մեծամասնութիւն ստեղծելը այսքան ազդեցիկ միջոց մըն է։
Այս երեւոյթը ժամանակակից ժողովրդավարութեան համար լուրջ մարտահրաւէր մըն է։ Ժողովրդավարութիւնը կը հիմնուի ազատ կարծիք կազմելու իրաւունքին վրայ։ Բայց երբ կարծիքները գաղտնի կերպով կը ձեւաւորուին կազմակերպուած քարոզչութեամբ, քաղաքացին այլեւս ամբողջովին ազատ ընտրութիւն չի կատարեր։ Ան կը պատասխանէ այն միջավայրին, զոր ուրիշներ կանխամտածուած կերպով ստեղծած են իր շուրջ։
Ընկերային ցանցերը այս խնդիրը բազմապատկած են։ Նախապէս նման գործողութիւններ կազմակերպելը մեծ ծախս կը պահանջէր, իսկ այսօր քանի մը համակարգիչ, արհեստական բանականութեան գործիքներ եւ հարիւրաւոր կեղծ հաշիւներ կրնան ստեղծել ամբողջ շարժումի մը պատրանքը։ Հրապարակում մը, որուն տակ կը կուտակուին հազարաւոր համակարծիք մեկնաբանութիւններ, կրնայ շատերու աչքին իրական հասարակական շարժում թուիլ։
Աւելի վտանգաւոր է, երբ մարդիկ կը դադրին հարցումներ տալէ։ Երբ կը բաւարարուին միայն տեսնելով, թէ «բոլորը այսպէս կը գրեն», ճշմարտութիւնը կամաց-կամաց իր տեղը կը զիջի հանրային պատրանքին։ «Astroturfing»ի իրական ուժը ո՛չ թէ սուտը կրկնելու մէջ է, այլ այն համոզումը ստեղծելու, թէ այդ սուտը արդէն համընդհանուր ճշմարտութիւն դարձած է։
Այս պատճառով ներկայ դարաշրջանին մէջ քննադատական մտածողութիւնը այլեւս շքեղութիւն չէ, այլ անհրաժեշտութիւն։ Ամէն լուր, ամէն մեկնաբանութիւն եւ ամէն «ժողովրդական ալիք» արժանի է հարցադրելու. ո՞վ սկսաւ այս շարժումին, ո՞ւր է սկզբնաղբիւրը, իսկապէս անկա՞խ կարծիքներ են, թէ՝ կազմակերպուած քարոզչութիւն։
Ժամանակակից մարդուն մեծագոյն պաշտպանութիւնը ո՛չ թէ անսահման տեղեկութիւն ունենալն է, այլ կարողութիւնը՝ տարբերելու բնականը արհեստականէն։ Ինչպէս արհեստական խոտը առաջին հայեացքէն կրնայ իրական թուիլ, նոյնպէս ալ արհեստական հասարակական կարծիքը կրնայ նմանիլ ժողովուրդի իսկական ձայնին։ Սակայն, ճշմարտութիւնը միշտ կը պահանջէ աւելի խոր նայիլ, որովհետեւ երբ հասարակութիւնը կը սկսի վստահիլ բեմադրուած մեծամասնութեան, կը վտանգուի ո՛չ միայն ճշմարտութիւնը, այլեւ ազատ մտածելու կարողութիւնը։
«Astroturfing»ի վտանգը միայն ներկայիս ազդեցութիւնը չէ, այլեւ անոր երկարաժամկէտ հետեւանքները։ Երբ մարդը շարունակաբար կը բախի կեղծ համաձայնութեան, ան կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր սեփական դատողութեան վստահութիւնը։ Ան կը սկսի մտածել, թէ գուցէ ինք սխալ է, որովհետեւ շուրջը կարծես բոլորը նոյն կարծիքը կը յայտնեն։ Այս երեւոյթը կրնայ լռեցնել այլակարծութիւնը եւ հասարակութիւնը դարձնել աւելի միատեսակ՝ ոչ թէ բնական համաձայնութեան, այլ հոգեբանական ճնշման հետեւանքով։
Աւելին, «astroturfing»ը կը խաթարէ վստահութիւնը հանրային քննարկումներուն նկատմամբ։ Երբ մարդիկ կը բացայայտեն, որ տարիներ շարունակ ազդեցութեան տակ եղած են կեղծ հաշիւներու, վճարուած մեկնաբաններու կամ կազմակերպուած քարոզչութեան, անոնք կը սկսին կասկածիլ նոյնիսկ անկեղծ ու ազնիւ կարծիքներուն։ Այսպէս, սուտը կը վնասէ ո՛չ միայն ճշմարտութիւնը, այլեւ ճշմարտախօս մարդոց վստահելիութիւնը։
Այս երեւոյթին դէմ պայքարելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցը տեղեկատուական զգօնութիւնն է։ Անհրաժեշտ է չբաւարարուիլ միայն վերնագիրներով կամ մեկնաբանութիւններու քանակով, այլ փորձել հասկնալ տեղեկութեան աղբիւրը, նպատակը եւ տարածման ձեւը։ Երբ քաղաքացիները կը զարգացնեն քննադատական մտածողութիւնը, «astroturfing»ի ազդեցութիւնը զգալիօրէն կը նուազի, որովհետեւ կեղծ մեծամասնութիւնը իր ուժը կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ մարդիկ առանց մտածելու կը հաւատան անոր։
Ի վերջոյ, ժողովրդավար հասարակութեան իրական ուժը բարձրաձայնող բազմութեան մէջ չէ, այլ ազատ մտածող անհատին մէջ։ Այն հասարակութիւնը, ուր մարդիկ կը համարձակին հարցնել, ստուգել եւ կասկածիլ, շատ աւելի դժուար է մոլորեցնել։ Իսկ այն աշխարհը, ուր ճշմարտութիւնը կը չափուի ո՛չ թէ բարձր աղմուկով, այլ փաստերով ու խոհեմ դատողութեամբ, կը մնայ ամուր նոյնիսկ ամենահմտօրէն կազմակերպուած արհեստական քարոզչութեան դիմաց։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ