ՄԱՐՄԻՆԸ՝ ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՆՈՐ «ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՐԿԱՆ»

Վերջին տարիներուն «մարմնի դրական ընկալման» (Body Positivity) գաղափարը դարձած է ժամանակակից մշակոյթի ամենաշատ կրկնուող պատգամներէն մէկը։ 

Մեր ժամանակը կարծես վերջապէս սորված է քաղաքավարի «խօսիլ» մարդու մարմնին հետ։ 

Մարդուն ամէն օր կը յիշեցուի, որ պէտք է ընդունի իր մարմինը, չամչնայ իր արտաքինէն եւ չփորձէ անպայման համապատասխանել նորաձեւութեան կամ գեղեցկութեան պարտադրած չափանիշներուն։ «Ինչպէս որ ես՝ ընդունէ՛ ինքզինքդ», «Սիրէ՛ մարմինդ», «Գեղեցկութիւնը չափ-սահման չունի», «Մի՛ հետեւիր ուրիշի պարտադրուած չափանիշներուն»․ այս պատգամները ամէն օր կը յայտնուին մեր դիմաց՝ ամսագրերու էջերուն, ընկերային ցանցերու հրապարակումներուն, գովազդներուն եւ հանրածանօթներու խօսքերուն մէջ։

Բայց այս ամբողջ գեղեցիկ ու քաղաքավարի բառապաշարին տակ կը շարունակէ ապրիլ հին, լուռ ու շատ աւելի յամառ համոզումը․ նիհարը աւելի գեղեցիկ է, իսկ նիհարցածը՝ աւելի արժանի հիացումի։ Կ՚ըսեն՝ սիրէ՛ մարմինդ, սակայն, հիացմունքը միշտ ալ նիհարինն է։

Ահա մեր ժամանակի մեծ հակասութիւնը։

Աշխարհը կը խօսի մարմնի ազատութեան մասին, բայց միաժամանակ հսկայական տնտեսութիւն մը կառուցած է մարմինը փոխելու ցանկութեան եւ մեր անվստահութեան վրայ։ 

«Դուն բաւարար չես այնպէս, ինչպէս կաս» պատգամը առեւտրականօրէն շատ շահաւէտ է, որովհետեւ ինքզինք անլիարժէք զգացող մարդը լաւագոյն սպառողն է։ Նիհարնալու դեղամիջոցներու պահանջարկը պայթած է, վիրաբուժական միջամտութիւնները կը շարունակեն տարածուիլ, սննդաբաններու եւ «նիհարցնող» մարզիչներու բանակները օրական նոր ծրագիրներ կը վաճառեն, իսկ ցած կենսուժով ուտելիքներու եւ յատուկ յաւելումներու շուկան վերածուած է միլիառաւոր տոլարներու հսկայական ձեռնարկատիրութեան։

Այսօր գիրութիւնը կամ արտաքին տեսքը այլեւս միայն «գեղեցկութեան» հարց չեն․ անոնք վերածուած են մարդու կամքի ուժի, կարգապահութեան եւ անձնական յաջողութեան չափանիշի։ Եթէ մարդ մը նիհար է, հասարակութիւնը անոր անմիջապէս կը վերագրէ դրական յատկանիշներ՝ ջանադիր է, ինքնակառավարուող, յաջողակ։ Իսկ գիրցած մարդը աննկատելիօրէն կը պիտակաւորեն իբրեւ «անհոգ» կամ «կամք չունեցող»։ Մարմինը վերածուած է մեր բարոյական նկարագրի քննութեան։

Եւ այդ պատգամը յաճախ չի հնչեր իբրեւ վիրաւորանք։ Ընդհակառակը՝ զայն կրնայ գալ գովեստի ձեւով։

«Օհօ՜, ինչքա՜ն աղուոր նիհարցեր ես»։

Թուացեալ անմեղ նախադասութիւն մըն է։ Բայց անոր ետին թաքնուած է շատ աւելի ծանր ենթաթեքստ մը․ «Նախկին մարմինդ այսքան գեղեցիկ չէր»։

Հանրածանօթ կիներու պատմութիւնները այս երեւոյթին ամենացայտուն օրինակներէն են։ Երգչուհի մը տարիներ շարունակ կրնայ բեմ բարձրանալ, գլուխ գործոց երգեր ստեղծել, մրցանակներ ստանալ եւ միլիոնաւոր ունկնդիրներ ունենալ։ Բայց, երբ ան նկատելիօրէն կը նիհարնայ, յանկարծ անոր մարմինը կը դառնայ գլխաւոր լուրը։ Լուսանկարները կը տարածուին «նախկինը եւ ներկան» համեմատութիւններով, մեկնաբանութիւնները կը հեղեղեն էջերը, իսկ նոյն մարդիկ, որոնք երէկ կը պնդէին, թէ արտաքին տեսքը կարեւոր չէ, այսօր կը քննարկեն անոր քանի մը քիլոկրամի տարբերութիւնը։

Կանանց մարմինը պատմականօրէն միշտ ալ եղած է հանրային քննարկման ու վերահսկողութեան «մարտադաշտ»՝ ամուսնութենէ առաջ, անկէ յետոյ, մայրութենէ առաջ, մայրութենէ յետոյ, ծերացման շրջանին… Նիհարնալու կամ անթերի մնալու անդադար պարտադրանքը կնոջ ուժը կը շեղէ իրական ինքնաիրացումէն եւ զայն կը կեդրոնացնէ արտաքին տեսքը սրբագրելու անվերջանալի աշխատանքի վրայ։

Մէկ ուրիշ հանրածանօթ անձի մը կշիռքի փոփոխութիւնը կրնայ դառնալ համացանցային ծաղրի առարկայ։ Նոյն էջերը, որոնք մինչ այդ կը գրէին ինքնընդունման անհրաժեշտութեան մասին, յաջորդ օրերուն անոր մարմինը կը դարձնեն կատակներու նիւթ։

Այս հակասութիւնը այնքան սովորական դարձած է, որ մենք այլեւս զայն չենք նկատեր։

Իրավիճակը աւելի կը խորանայ թուային դարաշրջանին, երբ ընկերային ցանցերու հրահանգաշարերն ու զտիչները կը ստեղծեն անթերի մարմիններու պատրանք մը։ Մենք այլեւս նոյնիսկ չենք տեսներ իրական, ապրող մարմիններ, այլ՝ կատարելագործուած պատկերներ են մեր առջեւ։ Եւ մարդիկ կը սկսին դատել իրենց միսէ ու արիւնէ մարմինը՝ անիրական, թուային պատկերներու համեմատութեամբ։

Բայց, մարմինը երբեք միայն մարմին չէ։ Այն մարդու կեանքի պատմութիւնն է՝ երբեմն ուրախութիւններու, երբեմն ցաւերու, հիւանդութիւններու, հորմոնային փոփոխութիւններու, ծննդաբերութիւններու, տարիքային անցումներու, դեղօրայքի, հոգեբանական ճնշումի, ծանր ընտանեկան պատմութիւններու եւ հազարաւոր անտեսանելի հանգամանքներու հետ միասին։

Մենք այդ պատմութիւններէն գրեթէ ո՛չ մէկը գիտենք։

Մեր դիմաց կանգնած է մարդ մը, որ կրնայ տարիներ շարունակ պայքարած ըլլալ իր առողջութեան համար։ Երբեմն մարդը պարզապէս ժառանգած է իր մարմնի ձեւն ու կառուցուածքը իր ծնողքէն ու նախնիներէն, իսկ այդ ժառանգական իրողութիւնը փոխելը անհնար է։ Կրնայ ունենալ բժշկական պատճառ մը, որ ազդած է իր կշիռքին։ Կրնայ նաեւ պարզապէս անցած ըլլալ կեանքի այնպիսի շրջաններէ, որոնց մասին ինք ո՛չ մէկուն բացատրութիւն պարտի տալու։

Բայց, մենք կը տեսնենք միայն մարմինը։ Եւ անմիջապէս դատաստան կը կայացնենք։

Այս իմաստով մեր ժամանակի ամենաանողոք դատաւորը այլեւս մարդը չէ, զոր հայելիին մէջ կը տեսնենք։ Դատաւորը շրջապա՛տն է։ Ընկերային ցանցերու մեկնաբանութի՛ւնը։ Լուսանկարի տակ դրուած քանի մը բա՛ռը։ Մեր բարեկամին կատակն անգամ կրնայ դառնալ դատավճիռ։

Աւելի վտանգաւոր է այն պահը, երբ արտաքին դատաստանը կը դառնայ ներքին ձայն ու մարդը կը սկսի իրեն նայիլ ուրիշներու աչքերով։ Ան հայելիին մէջ կը տեսնէ ո՛չ թէ ինքզինք, այլ այն մարմինը, որ կարծես պէտք էր ունենար։

Այստեղ արդէն հարցը միայն ծանրութիւնը չէ։ Հարցը ինքնարժէքն է։ Մինչ դեռ մարդուն իսկական արժէքը երբեք իր արտաքին շերտով կամ մարմնային չափերով չ՚որոշուիր։ Մարդը իր ներքին տեսակն է, իր բարութիւնը, իր միտքը, իր տուած սէրն ու դիմացինին հանդէպ ունեցած ապրումակցումը, կարեկցելու ունակութիւնը։ Այս բոլորը շատ աւելի խորունկ ու անփոխարինելի արժէքներ են, քան որեւէ արտաքին չափանիշ, որ այսօր կայ, իսկ վաղը կրնայ մոռցուիլ։

Բայց, այստեղ կրկին մէջտեղ կու գայ անհաւասար խաղը, որ ակամայ կը խաղանք բոլորս։ Կը յայտարարենք, թէ բոլոր մարմինները արժանի են յարգանքի, բայց հիացմունքը կը վերապահենք որոշ մարմիններու։ Կ՚ըսենք, թէ գեղեցկութիւնը բազմազան է, բայց, երբ նշանաւոր կին մը կը նիհարնայ, անոր «նոր տեսքը» կը «փաթթենք» իբրեւ մեծ ձեռքբերում։ Կը պնդենք, թէ մարդը պէտք չէ ամչնայ իր մարմնէն, բայց, երբ մէկը կը գիրնայ, առաջին հարցը կ՚ըլլայ՝ «Անո՞ր ինչ եղաւ»։

Այսպէս կը ստեղծենք պայմանական ընդունելութիւն մը։

«Քեզ կը սիրենք ինչպէս որ կաս»՝ մինչեւ այն պահը, երբ քու մարմինդ կը շեղի մեր գաղտնի չափանիշէն։

Այդ չափանիշը նոյնիսկ միշտ յստակ չէ։ Ո՛չ ոք անպայման նստած է ու որոշած, թէ որքա՞ն պէտք է կշռէ գեղեցիկ կինը, ի՞նչ չափի պէտք է ըլլայ անոր իրանը կամ որքա՞ն պէտք է նիհար ըլլայ տղամարդը։ Բայց այդ կանոնները գոյութիւն ունին՝ պատկերներու, գովազդներու, տեսահոլովակներու, ֆիլմերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով մեր գլխուն մէջ աստիճանաբար տեղաւորուած։ Եւ մենք կը կրկնենք զանոնք՝ երբեմն նոյնիսկ կարծելով, թէ «մենք ատոնցմէ վեր ենք»։

Այդ պատճառով մարմնապաշտպանութիւնը պէտք չէ վերածուի նորաձեւ կարգախօսի մը։ Այն պէտք է վերածուի վերաբերմունքի փոփոխութեան։

ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Ո՛չ ոք պարտաւոր է սիրել իր մարմինը ամէն օր։ Կան օրեր, երբ մարդը կրնայ չսիրել իր արտաքինը, զգալ անյարմարութիւն, իրապէս փափաքիլ նիհարնալ կա՛մ փոխել իր ապրելակերպը։ Այդ բոլորը մարդկային են։ «Սիրէ՛ մարմինդ» կարգախօսը երբեմն նոր ճնշում մը կը ստեղծէ, երբ մարդը զինք մեղաւոր կը զգայ նաեւ այն բանին համար, որ չի կրնար ամէն վայրկեան հիանալ իր մարմնով։

Ինքնաներման ու ինքնընդունման ամենաառողջ ձեւերէն մէկը թերեւս ինքնահեգնանքն է։ Շատերը, առանց մեղադրանքի կամ անօգուտ ինքնախարազանման, կրնան առողջ ինքնաքննադատութեամբ ու թեթեւ կատակներով նայիլ իրենց ծանրութեան կամ մարմնին։ Սեփական կշիռքին վրայ խնդալը կամ լիարժէք մարմնի հետ կապուած առօրեայ դժուարութիւնները կատակաբանութեան վերածելը թերեւս ինքնապաշտպանական ամենաուժեղ զէնքն է․ անիկա մարմինը կ՚ազատէ ողբերգականացումէ, իսկ մարդուն կու տայ այն թեթեւութիւնը, որով ան այլեւս անպաշտպան կամ խոցելի չի մնար ուրիշներու կարծիքին կամ ծաղրին դիմաց։

Թերեւս իսկական լուծումը ո՛չ թէ ստիպողաբար մեր մարմնով հիանալն է, այլ մարմնային չէզոքութիւնը։ Ընդունիլ մարմինը իբրեւ գործիք, որ մեզի թոյլ կու տայ ապրիլ, շնչել, քալել, զգալ, գրկել ու ստեղծագործել, այլ ո՛չ թէ իբրեւ ցուցանմոյշ, որ պէտք է անդադար գրաւիչ ըլլայ ուրիշներու աչքին։

Բայց մարմինը չսիրելը տարբեր բան է, մարմինը ատելը՝ տարբեր։ Առողջութեան մասին հոգ տանիլը տարբեր բան է, իսկ հասարակութեան ընդունած չափանիշին հասնելու համար ինքզինք պատժելը՝ բոլորովին տարբեր։

Նիհարնալը կրնայ ըլլալ մարդու անձնական որոշումը, կրնայ բժշկական բուժումը՝ անհրաժեշտութիւն ըլլալ, իսկ վիրահատութիւնը՝ ընտրութիւն։ Բայց այս բոլորը պէտք չէ վերածուին մարդու արժանիքը չափելու գործիքի։

Մարդը իր կշիռքը չէ։ Ան իր գօտկատեղի չափը չէ։ Ան իր լուսանկարին տակ ստացած «լայք»երուն թիւը չէ։

Եւ ամենակարեւորը՝ կրկնենք՝ ան պարտաւոր չէ իր մարմինը բացատրել ուրիշներուն։

Թերեւս ժամանակն է, որ «սիրէ՛ մարմինդ» պատգամի կողքին աւելի կարեւոր բան մը սորվինք՝ «մի՛ դատեր մարմինը, որուն պատմութիւնը չես գիտեր»։

Որովհետեւ մենք իրապէս չենք գիտեր, թէ դիմացինը ի՛նչ ճանապարհ անցած է մինչեւ այն մարմինը, զոր հիմա կը տեսնենք։ Չենք գիտեր անոր վախերը, բժշկական խնդիրները, կորուստները, հոգեկան ծանր օրերը, պայքարները։

Ուրեմն, գուցէ պէտք չէ անոր մարմինը դարձնել մեր բամբասանքին կամ կարծիքին նիւթը։

Ներկայ ժամանակներուն շատ կը խօսուի ազատութեան մասին։ Բայց իսկական ազատութիւնը այն է, երբ մարդը կրնայ ապրիլ իր մարմնին մէջ՝ առանց ամէն օր ապացուցանելու, թէ ինք ալ մարդ է ու արժանի է յարգանքի։

Մարմինը կը փոխուի։ Մարդը կը ծերանայ։ Ծանրութիւնը կու գայ ու կ՚երթայ։ Դէմքը կը փոխուի։ Մաշկը կը խորշոմի։ Կեանքը իր հետքը կը ձգէ մարմնին վրայ։ Այդ փոփոխութիւններուն դէմ պատերազմիլը երբեք չաւարտող պատերազմ մըն է։

Իսկ գուցէ պէտք է վերջապէս հասկնանք, որ մարդուն մարմինը իր տունն է, այլ ո՛չ թէ հանրային ցուցափեղկ։

Եւ գեղեցկութեան ամենամեծ յեղափոխութիւնը պիտի սկսի ո՛չ թէ այն օրը, երբ բոլորը պիտի սիրեն իրենց մարմինները, այլ այն օրը՝ երբ ոչ մէկուն մարմինը այլեւս պիտի ըլլայ ուրիշին դատաստան արձակելու պատճառը։

ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԸՆԴԴԷՄ «ԱՆԹԵՐԻ» ՄԱՐՄՆԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ

Այս ամբողջ ճնշումին եւ հասարակական անտեսանելի դատաստանին դէմ, վերջին տարիներուն ի յայտ եկած է նաեւ բոլորովին հակառակ երեւոյթ մը։ Կան բազմաթիւ հանրածանօթ կիներ, որոնք որոշած են այլեւս չհամակերպիլ լռելեայն պարտադրուած չափանիշներուն։ Անոնք ո՛չ միայն չեն ամչնար իրենց լիարժէք ու «գէր» համարուող մարմիններէն, այլեւ համաշխարհային հարթակներու վրայ ցուցադրաբար, յանդուգն ու յամառօրէն դէմ կ՚երթան հանրային սպասումներուն։ Յիշեցնենք քանի մը անուն․

ԼԻԶԶՕ

Ամերիկացի երգչուհին թերեւս մեր ժամանակներու ամենաարմատական օրինակն է։ Ան չի պահեր իր մարմինը, բեմի վրայ, տեսահոլովակներուն մէջ եւ ընկերային ցանցերու լուսանկարներուն մէջ ցուցադրաբար կը կրէ բաց, մարմինը ընդգծող հագուստներ։ Լիզզոն բացայայտօրէն կը մերժէ «թաքնուելու» կամ «սրբագրուելու» որեւէ պահանջ՝ հակառակ իրեն հասցէագրուած հազարաւոր քննադատութիւններուն եւ ծաղրանքներուն։

ԷՇԼԻ ԿՐԵՀԵՄ

Աշխարհահռչակ նորաձեւութեան բնորդուհին առաջիններէն էր, որ լիարժէք մարմնով յայտնուեցաւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր նորաձեւութեան ամսագրերու կողքերուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ միայն ծայրայեղ նիհար կիներ կը լուսանկարէին։ Ան ցուցադրաբար կը հրապարակէ լուսանկարներ, որոնց մէջ պարզորոշ կը տեսնուին փորի ծալքերը, մաշկին տակ կուտակուած բջիջները՝ նարինջի կեղեւ յիշեցնող եւ ծննդաբերութենէ ետք մնացած հետքերը՝ առանց որեւէ զտիչի կամ թուային սրբագրութեան, կոտրելով «կատարեալ մարմնի» պատրանքը։

ՊԱՐՊԻ ՖԵՐԷՅՐԱ

Հանրայայտ հեռուստաշարերու աստղ դարձած դերասանուհին ու բնորդուհին բացայայտօրէն դէմ կը խօսի Հոլիվուտի անտեսանելի կանոններուն։ Ան յաճախ կը քննադատէ այն իրողութիւնը, որ հասարակութիւնը լիարժէք մարմնով կիները կ՚ընդունի միայն այն ատեն, երբ անոնք «համեստ» կամ «ծածկուած» հագուած են, եւ ցուցադրական կերպով կը կրէ ամենանորաձեւ ու բաց զգեստները։

ՊԵԹ ՏԻԹՕ

Ռոք երգչուհին տակաւին տարիներ առաջ, երբ մարմնապաշտպանութիւնը նոյնիսկ նորաձեւ գաղափար չէր, բեմ կը բարձրանար արտասովոր, փայլուն, կարճ ու բաց զգեստներով՝ մարտահրաւէր նետելով ռոք երաժշտութեան եւ նորաձեւութեան աշխարհին։ Անոր յամառութիւնը այնքան ուժեղ էր, որ աշխարհահռչակ ձեւագէտները զինք հրաւիրեցին բացումը ընելու իրենց բարձր նորաձեւութեան ցուցադրութիւններուն։

Այս բոլոր պատմութիւնները, սակայն, ցոյց կու տան նաեւ մետայլի միւս երեսակը․ սովորական, հանգիստ ապրելու համար մարդը ստիպուած է ամէն օր դառնալ պայքարող կամ հերոս՝ ընդամէնը իր մարմնին մէջ ինքզինք անկաշկանդ զգալու համար։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026