Ուրբաթ 17, Յուլիս 2026
«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ. 90 ՖԻԼՄ 40 ԵՐԿՐԷ
Շարժանկարի աշխարհին ուշադրութիւնը այս շրջանին կեդրոնացած է Երեւանի վրայ, ուր ընթացքի մէջ է «Ոսկէ ծիրան» 23-րդ միջազգային փառատօնը։ Աշխարհի քառասուն երկրէ իննսուն ֆիլմ կը ցուցադրուի այս փառատօնի շրջանակներէն ներս։ «Ոսկէ ծիրան»ը մեծ դերակատարութիւն ունի հայկական շարժանկարի զարգացման, այս արուեստի ճաշակի ձեւաւորման եւ համաշխարհային շարժանկարի բացառիկ նմոյշներու Հայաստանի հանդիսատեսին արագօրէն հասցնելու առումով։ Փառատօնը կը համախմբէ աշխարհի զանազան երկիրներէն ոլորտի կարկառուն ներկայացուցիչներ։
«Ոսկէ ծիրան»ի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն Կարէն Աւետիսեան տեղեկացուց, որ «Ոսկէ ծիրան»ը արդէն կը դասուի FIAPF-ի կողմէ ճանչցուած յիսուն լաւագոյն փառատօներու շարքին։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026