Նոր շրջան, նոր վիճակ եւ նոր հաշուարկ
Միջազգային բոլոր վերլուծութիւններուն մէջ կ՚արձանագրուի, որ նոր աշխարհակարգ մը կը խմորուի երկրագունդի վրայ։ Եւրոմիութիւնը այս ամբողջին մէջ անցեալի յաւակնոտ դիրքերէն յարաբերաբար հեռու է։ ԵՄ-ի համաշխարհային դերակատար մը ըլլալով շարունակելու հեռանկարը կախում ունի զանազան գործօններէ։ Այդ գործօններէն մին է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու կայուն տեւականացումը՝ մանաւանդ անվտանգութեան առումով։ Յամենայնդէպս, ուժերու վերադասաւորման ժամանակաշրջանին ԵՄ հետամուտ է նաեւ այլընտրանքներու՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ համագործակցութիւնը տեսակաւորելու համար։ Այդ այլընտրանքներու շրջանակէն ներս, ԵՄ մշակած է «Կլոպալ դարպասներ» ծրագիրը։ Այս նախաձեռնութիւնը առաջին հերթին ուղղուած է դէպի Կեդրոնական եւ Հեռաւոր Ասիա, այսինքն, ընդհանրապէս, դէպի Ասիա, ուր կը գտնուին խաղացողներ, որոնք վերելք կ՚ապրին այս շրջանին եւ յառաջիկային ալ կրնան պայմանաւորել համաշխարհային երթը։
Այս համայնապատկերին վրայ կը մեկնաբանուի Եւրոմիութեան հետաքրքրութեան մեծացումը Հարաւային Կովկասի պարագային։ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը Արեւմուտքին կողմէ կը խրախուսուի միանշանակ։ ԵՄ-ի պարագային կարեւոր է, որ այս տարածաշրջանը կը գտնուի «Կլոպալ դարպասներ»ու ճանապարհին վրայ։ ԵՄ եւ Ատրպէյճան արդէն վաղուց ունին սահմանուած օրակարգ մը, որու առանցքները յայտնի են եւ վաղուց ձեւաւորուած են նաեւ խաղի կանոնները։
Հիմնական փոփոխութիւնը ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ է։ Այս իմաստով կայ նոր շրջան մը, ստեղծուած է նոր վիճակ մը եւ խնդրոյ առարկայ են նոր հաշուարկներ։ Նոր շրջանը չի սահմանափակուիր միայն Հայաստանի ընտրութիւններուն յաջորդած փուլով, երբ արդէն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնները պիտի շարունակեն երկրին ղեկը պահել։ Նոր վիճակն ալ չի սահմանափակուիր միայն Հայաստան-Ռուսաստան տարաձայնութիւններով։ Այս բոլորը, անշուշտ, գործօններ են, սակայն, ընդհանուր ընթացքը հասկնալու տեսակէտէ կրնան մնալ մակերեսային։
Միջազգային յարաբերութիւնները այսօր այնպիսի հունի մը մէջ կը խմորուին, որ պատերազմի պարտութիւնով հանդերձ Երեւան ունի միջազգային բեմահարթակի վրայ գործօն դառնալու հնարաւորութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ