ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ…

Ստորեւ կը ներկայացնենք շահեկան հատուածներ՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի (1951-1961) «Դպրաց դասերուն եւ երգչախումբերուն ուղղուած» մայիս 24, 1953 թուակիր կոնդակէն։

Դուք վերածնած էք սուրբ աւազանի մկրտութեամբ, որպէս քրիստոնեաներ, եւ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսով՝ իբրեւ լուսաւորչածնունդ զաւակներ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ։

Դուք, սիրելի երիտասարդներ, որ սրբազան երաժշտութեան ընծայուած սիրտեր կը կրէք ձեր մէջ, պարտիք ունենալ այս հրաշալի աղբիւրը ձեր էութեան խորը։ Երգն ալ բխում մըն է այս աղբիւրէն։ Եւ երգը, սրբազան երգը մանաւանդ, լեզուն է աստուածային, որով Արարիչը ստեղծած եւ դաշնաւորած է Տիեզերքն ու Մարդը, լեցնելով զանոնք իր Ոգիով։ Գերազանցօրէն ներդաշնակ երգը, որուն իւրաքանչիւր խազը խորհրդաւոր բան մ՚ունի իր մէջ՝ հոգին վերացնող, միտքը սքանչացնող եւ սիրտը պարարող։ Անո՜վ է, որ -շինութիւն- կ՚ունենայ Եկեղեցին, այսինքն՝ մարմնեղէն -տաճար-ը մարդուն։

Վերացական եւ անըմբռնելի բաներ չեն ըսածներս, ոչ իսկ գերբնական, այլ՝ խորհուրդի քօղին տակ ծածկուած եւ բնութեան սահմաններուն մէջ գոյ եղող իրողութիւններ են անոնք։ Եթէ գիտութիւնը դեռ անզօր է երեւան բերելու զանոնք ամբողջովին,- հաւատքը կը տեսնէ աւելին։ Կայ նաեւ արուեստը, որ գեղեցիկ թռիչքներով կը մօտենայ հաւատքին։ Ո՞վ կ՚ուրանայ ստեղծագործ ներշնչումը երեւակայութեան։ Կա՛յ այդ Երեւակայութիւնը արարչական։ Թող Լո՜յս Ըլլայ…

Երաժշտութիւնը կու տայ այն վայելքը, իր խորհրդազգած տպաւորութեամբը, երբ կը կրէ օծութիւնը սրբազան երգեցողութեան, եւ իր սրտախօսիկ ազդեցութեամբը, երբ ունի շունչը -տաղանդաւոր արուեստագէրներու հոգիէն արձագանգած- աշխարհիկ համերգութեանց կամ ժողովրդական կոչուած երգերուն…

Ճաշակեցէ՜ք, սիրելիներ ճաշակեցէ՜ք եւ դուք, Ս. Պատարագի լոյսին հետ, նաեւ մեղրի խորիսխէն աւելի քաղցր շողերը մեր այս անզուգական հայրապետին, ծաւալած իր «Առաւօտ լույս»ին, «Աշխարհ ամենայն»ին, «Նորաստեղծեալ»ին, «Նորահրաշ պսակաւոր»ին եւ իր լուսաւորչի բոլոր հեղումներուն մէջ, որոնցմով մեր Եկեղեցւոյն ոսկեղէն սափորին մանանան է առատացած…

Կա՛յ նաեւ լոյսը Նարեկացիին, այդ աստուածաշունչ քնարերգակ-ողբերգային, որ գիտէ խօսիլ եւ խօսակցիլ -ի խորոց սրտից- տիեզերական Հոգիին հետ, անով տիեզերականացնելու համար նաեւ ի՜ր սիրտը, լի զգացումներու դառնանուշութեամբ, որպէսզի ան բաբախէ բովանդակ մարդկութեան հոգեկան տառապանքներուն համար…

Ես դիտած եմ ձեր մէջ ազնուական բան մը, բարձրօրէն գնահատելի եւ գովելի։ Ատիկա այն հաճոյքն է՝ զոր դուք կը զգաք, կիրակի եւ երբեմն ալ տօն օրեր հրաժարելով ձեր աշխարհիկ վայելքներու ժամերուն մէկ մասէն եւ եկեղեցական երգեցողութեանց մէջ փնտռելով անփոխարինելին։ Կը սիրէք -հրեշտակային երգակցութեամբ-, հրեշտակային ոգիով ունենալ ապրումներ՝ զորս հոգեւոր ներշնչումը կը ծնցնէ ձեր մէջ։ Կ՚ուզեմ, որ ձեր բոլոր շարժուձեւերն ալ, ձեր նիստն ու կացը, ձեր մուտքն ու ելքը, ձեր արտայայտութիւնները ունենան կնիքը այդ ներքին անկեղծ եւ շնորհալի ապրումներուն եւ քրիստոնէական կենդանի հաւատքին…

Աւետարանի լաւ ըմբռնուած եւ ապրուած ոգին կու տայ ձեզի այս բոլորը։

Սիրելի դպիր եւ երգիչ որդեակներ, չեմ ուզեր, որ արհամարհէք որեւէ կրօնք, որ հիմնուած ըլլայ ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան սկզբունքներուն վրայ։ Բայց կը պահանջեմ, որ գիտակցօրէն եւ խորապէս սիրէք քրիստոնէական կրօնքը՝ որուն մէջ ծնած ու սնած էք ընտանեկան դաստիարակութեամբ, եւ որ հաստատուած է ստեղծագործող, փրկագործող եւ իմաստացնող տիեզերածաւալ ու անսպառ Լոյսի եւ Սիրոյ ամրակուռ խարիսխին վրայ։ Անկից բաժնուելու որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չէք կրնար ունենալ։

Չեմ ներեր նոյնպէս, որ ստորագնահատէք որեւէ դաւանանք՝ որ ձերը չէ, բայց կարեւորութեամբ կը յանձնարարեմ ըստ արժանւոյն գնահատել պարզագոյն դաւանանքը մեր Եկեղեցւոյն եւ ասոր լայնախոհ ու հանդուրժող ոգին՝ զոր ժառանգած էք։ Ձեր քնարը չունենայ խժալուր ձայներ՝ որոնք ատելութենէն առած ըլլան իրենց խազերը։

Կեանքը ինքնին երգ մըն է, մերթ ողբերգութիւն, մերթ դիւցազներգութիւն, մերթ քնարերգութիւն եւ օրհներգութիւն։ Այս բոլորն ալ կան սրբազան երաժշտութեան մէջ։ Վկայ՝ մեր շարականները։ Երգ մըն է նաեւ քրիստոնէական կրօնը, որ -լիառատ կեանքն է։

Կը տեսնէ՞ք, թէ ի՜նչ գանձեր կան ձեր առջեւ բացուած կամ ծածկուած…

Կ՚օրհնեմ նաեւ ես զձեզ, հայցելով բոլորիդ համար կեանքի անսպառ աղբիւր Աստուծմէ՝ քաջառողջութեամբ արեւշատութիւն եւ երանաւէտ երջանկութիւն։

Շնորհք, իմաստութիւն եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ընդ ձեզ ամենեսին. ամէն։

Գարեգին Արքեպիսկոպոս

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 25, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026