ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Հայոց գիրերու գիւտարարներուն՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի յիշատակութեան տօնը։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց աւանդական տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Էտվին սարկաւագ Կալիպօղլուի։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւորականաց դասու անդամները, դպիրներն ու հաւատացեալները, որոնց համախմբումով Ղալաթիոյ մէջ պատշաճ շուքով արժեւորուեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնը։ Եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ Պատրիարք» սրահին մէջ, կարկանդակ մըն ալ հատուեցաւ՝ Նորին Ամենապատուութեան անուանակոչութեան տօնին առթիւ։