ՎԵՑ ԱՐԾԻՒՆԵՐ ԵՒ ԵՐԵԽԱՅ ՄԸ

Որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ կ՚աշխատէի գիւղերուն մէջ… Այդ օրերուն կարեւոր չէր, որ երաժշտութեան ուսուցիչը երաժշտութենէն հասկնար… Ան միայն պէտք էր մի քանի երգեր երգէր տղոց առջեւ եւ ապա պէտք էր հսկէր, որ տղաքը միանուագ երգէին՝ միայն երգելու սկսէին: 

Աշխատանքս բնաւ յոգնեցուցիչ չէր…, բացի այն, որ սորվեցուցած նիւթիս պատճառով, պէտք էր երեք գիւղերու միջեւ տեղափոխուէի, որպէսզի դասերս տայի: Եւ թէեւ առաջին ամիսներուն կը զգայի, թէ իւրայատուկ բան մըն եմ, սակայն, այս զգացումը ամբողջովին կորսուեցաւ, երբ հին ինքնաշարժ նստիլը՝ գիւղացիներու հետ, խորտուբորտ հողի վրայ անտանելի բանի մը վերածուեցաւ…: Ասոր վրայ, սկսայ զգալ, թէ իմ այս գործս ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ դանդաղօրէն թաղել այն ձգտումը, որու մասին կ՚երազէի շրջանաւարտ դարձած օրս: 

Ինքնաշարժ նստիլը իրապէս յոգնեցուցիչ էր: Ճամբու ընթացքին կը փորձէի քնանալ երբեմն, սակայն, ինքնաշարժի դաժան շարժումները թոյլ չէին տար ինծի այդ ընել… Իսկ այն հազուադէպ անգամները, երբ կը զգայի, թէ արդէն պիտի քնանամ, ատով հանդերձ, մօտս կու գար զամբիւղ մը կամ սեխ մը եւ կամ որեւէ մէկ ուրիշ բան, որ կողքս նստող մարդը կը հրէր դէպի իմ կողմս, որպէսզի նստի… Եւ կամ սարսափած կ՚արթննայի ստացած հարուածէ մը ետք կողքինէս, որ կը խնդրէր ինձմէ դատաւոր ըլլալ իր եւ իր ընկերոջ միջեւ տեղի ունեցած վէճին…: 

Այս բոլորին դժկամութեամբ կը տոկայի…, այն պատճառով, որ բացի ուսուցիչէ մը ուրիշ ո՛չ ոք կ՚իմանար, որ իր գործը գիւղերու մէջ ըրած էր… Ուսուցիչը այնտեղ սուրբ բան մըն է… Մեզի համար ցաւալի էր մեր սեփական սրբութիւնը խախտել անցողիկ հառաչանքով մը կամ կոպիտ խօսքով մը…: Այդ պատճառով մեր գլուխները կը շարժէինք, երբ ակամայ մասնակից կը դառնայինք նիւթի մը կամ բարութեամբ կը ժպտայինք, երբ պարտիզպան մը կը խնդրէր, որ իրեն օգնութեան ձեռք երկարէինք…: 

Այս բոլորին դժկամութեամբ կը տոկայի…, սակայն, այն բանը, որ կրնար զիս իմ անդորրութենէս հանել, այն էր, որ հին ինքնաշարժի մը մէջ, որ լեռնային խորտուբորտ ճանապարհի մը վրայ, վայրկեաններու ընթացքին, որ պէտք էր մէկ դասէն միւսը հանգիստս ըլլար, պարտիզպան մը զիս կը պարտադրէր մասնակից դառնալ իր զրոյցին եւ ուշադրութեամբ հետեւիլ իրեն ամբողջ ճամբու ընթացքին: 

- Նկատեցի՞ր այս ժայռը, պարոն, օրին մէկը ծերուկ պարտիզպան մը ըսաւ ինծի, պատուհանէն ցոյց տալով սրածայր ժայռ մը՝ փոքրիկ բլուրի մը վրայ: 

- Այո՛, շաբթուան մէջ երեք անգամ կը տեսնեմ զայն…: 

Անոր մատը ցցուած մնաց դէպի ժայռը՝ դարձեալ հարցնելով. 

- Գիտե՞ս ատոր պատմութիւնը:

- Նոյնիսկ այս քա՞րը պատմութիւն ունի, զարմացած հարցուցի, գիտնալով, որ գիւղին մէջ ամէն բան պատմութիւն մը ունի, սակայն, չէի գիտեր, որ այս փոքրիկ ժայռը՝ հեռաւոր ու անտեսութեան մատնուած այս ճամբուն վրայ պատմութիւն ունի նաեւ: Ատով հանդերձ, հարցումս յստակօրէն ջղայնութիւն կը պարունակէր իր մէջ, որով թերթը տարածեցի աչքերուս առջեւ եւ սկսայ կարդալով ժամանակ անցընել: 

- Շա՜տ հին ժամանակէ սկսած է…

Անուշադրութեան մատնեցի զինք եւ շարունակեցի կարդալ. վստահ էի, որ ծերուկ պարտիզպանը չէր նայեր ինծի, այլ՝ սեւեռուած կը նայէր ժայռին, որ կամաց կամաց պատուհանին հորիզոնին ետեւ կ՚անցնէր:

- Երկու օրը անգամ մը կը ճամբորդէի… եւ ամէն անգամ ասկէ անցած ատեն կը տեսնէի, որ մոխրագոյն արծիւ մը որպէս արձան կանգնած կ՚ըլլար անոր վրայ… Առաւօտեան կու գար…, որով երկու մեծ թեւերով կը թռչէր վրան, ապա հանդարտութեամբ կը նստէր ու այդպէս կը մնար մինչեւ իրիկուն, որով դարձեալ կը թռչէր վերադառնալու համար դէպի լեռը… 

Ծալեցի թերթը եւ գրպանիս մէջ դրի զայն եւ ծերուկին դէմքին նայեցայ, կարծէք իր զաւակներէն մէկուն մասին կը կարդար.

- Վեց ամիսներ շարունակ ան ամէն օր կու գար…

- Գիտցա՞ր պատճառը:

Յանկարծ նայեցաւ ինծի, կարծես առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէր զիս…, պահ մը շունչ քաշեց՝ նախքան իր դէմքը պատուհանին ուղղելը դարձեալ եւ պատասխանեց հարցումիս. 

- Ո՛չ ոք գիտէ, թէ անասունը ինչո՞ւ կ՚ընէ այն՝ ինչ որ կ՚ընէ…, սակայն, յատկապէս այս արծիւը այդ ժայռին վրայ ծնած է…, անոր մայրը յառաջացած տարիքի մէջ էր, որով չկրցաւ հաւկիթները լերան վրայ դնել եւ ձգեց զայն այստեղ…, եւ երբ հաւկիթէն դուրս եկան ձագերը, մայրը մահացաւ, իսկ անոնք այդտեղ՝ այդ ժայռին վրայ մնացին… 

Դէմքը պատուհանէն այս կողմ բերաւ եւ նայեցաւ ինծի. 

- Արծիւը երբ մեծցաւ եւ զգաց իր վախճանին մօտենալը…, ամէն օր սկսաւ գալ այստեղ ու կանգնիլ հոն՝ ուր իր մայրը մահացաւ ու կը սպասէ…

- Ե՞ւ, մեռա՞ւ: 

- Այո՛, օր մը երբ այդտեղէն կ՚անցնէի, չտեսայ զինք այդտեղ…: 

Դարձեալ թերթը բացի ու սկսայ կարդալ…, սակայն, ծերուկը տակաւին չէր ամբողջացուցած իր պատմութիւնը…: 

- Արծիւը հաւատարիմ կենդանի մըն է… 

Վերադարձին, մօտս նտաւ երիտասարդ պարտիզպան մը, որ կորէկի մեծ տոպրակ մը ունէր…, սկիզբը ամփոփ երկխօսութիւն մը ունեցանք, իսկ երբ ժայռին կողքէն անցանք, թեւս սեղմեց…, պատուհանէն ցոյց տուաւ այդ ժայռը եւ արդէն պիտի սկսէր, եթէ չկտրէի իր խօսքը. 

- Աստուած ողորմի այդ արծիւին…, անշուշտ, որ դուն գիտես անոր պատմութիւնը…, ան հաւատարիմ էր…: 

Ափը ազդրիս իջեցուց եւ ափսոսալով գլուխը շարժեց: 

- Սէրը…, սէրը այդ բոլորը կ՚ընէ…: 

- Ի՞նչ սէր: 

- Անշուշտ, որ կը սիրէր զայն…: 

- Ո՞վ: 

Զարմանքով նայեցաւ ինծի եւ ապա գոչեց. 

- Մատակ արծիւը՝ որ մահացաւ: Կը թուի, թէ պատմութիւնը չես գիտեր…: 

Շտկուեցաւ նստած տեղը այնքան, որքան որ դէմ առ դէմ եղանք գրեթէ, իր տոպրակին ծանրութիւնը ամբողջութեամբ ծունկիս վրայ դնելով. 

- Ամէն առտու կու գար, այդ ժայռին վրայ կը դառնար եւ ապա կ՚իջնէր, կը կանգնէր այնտեղ մինչեւ մայրամուտ ու դարձեալ լեռ կը վերադառնար… 

Հառաչեցի… եւ անհամբերութեամբ հարցուցի. 

- Սակայն ինչո՞ւ: 

- Երկար պատմութիւն է: Կ՚ըսուի, թէ երկու կայտառ արծիւներ անգամ մը այս ժայռին վրայ անոր համար կռուած են…, անոնց ճիչը հեռուէն կը լսուէր, այնքան կռուեցան մինչեւ արիւնոտեցան…, եւ վերջաւորութեան անոնցմէ մէկը միւսը սպաննեց: Մատակ արծիւը, սակայն, յաղթողին չէր սիրեր…, ու այսպէս, խեղճը կռիւի բռնուեցաւ անոր հետ ու կրեց այնպիսի պարտութիւն մը, որով ինք եւս սպաննուած ինկաւ իր հակառակորդի կողքին…: 

- Յետոյ ի՞նչ: 

Բթամատով ետեւը ցոյց տուաւ, ուր անցաւ ժայռը եւ ափսոսալով շարժեց գլուխը. 

- Եւ ապա սկսաւ լալ անոնց վրայ այդ ժայռին վրայ՝ մինչեւ որ ինք ալ մեռաւ…: 

- Գիտե՞ս ինչպէս մեռաւ:

- Շատ հաւանաբար դադրեցաւ ուտելէ: 

Դարձեալ շտկուեցաւ նստած տեղը եւ պատուհանէն սկսաւ մերկ բլուրներուն նայիլ, փսփսացողի մը պէս ըսելով.

- Արծիւին մատակը վայրենի անասուն մըն է… 

Մէկ շաբաթ ետք, երկու պատմութիւններն ալ գրեթէ մոռնալու վրայ էի…, եթէ ծեր կին մը չյիշեցնէր ինծի, որ կողքս նստաւ իր լայն հագուստով. 

- Եթէ իր ամուսինը ըլլար իր տեղը…, նոյն բանը պիտի ընէ՞ր: 

Ժայռը ցոյց տուաւ եւ ինծի նայեցաւ այնպէս, ինչպէս մէկը կ՚ուզէ, որ իր կասկածները հաստատեմ, ըսի. 

- Ո՞վ գիտէ: Անոր նման պիտի վարուէր… անոր համար չմեռա՞ւ: 

- Անոր համա՞ր, գոչելով հարցուց… եւ ապա գլուխը շարժեց: 

- Միշտ այստեղ կու գային… Ամէն շաբաթ երբ կը ճամբորդէի՝ կը տեսնէի զանոնք, խաղաղ կը կռուէին, փոքրիկ կատուներու նման կը մռմռային… Այն ատեն դեռ նշանուած էի Ապու ալ-Հասանին, ատոր համար այստեղէն ուշադրութեամբ կը նայէի անոնց…: Ապա, որոշ ժամանակ մը ետք, նկատեցի, որ ան այլեւս առանձինն կը կանգնէր այդտեղ…, շատ հաւանաբար ուրիշի մը ետեւէն գացած էր…: 

Խնդացի ու կատակելով հարցուցի. 

- Ուրկէ՞ գիտես, թէ ուրիշի մը ետեւէ թռած է: 

- Բոլորդ ալ այդպէս էք… Արծիւներն ալ…, թերեւս պզտիկ մը գտաւ, որով ձգեց այս մէկը… 

Ջղայնացած նայեցաւ ինծի եւ իր ափով ազդրիս հարուածեց. 

- Տեսա՞ր. անոր փախչելէն ետք ան ամէն օր կու գար…, կը կանգնէր…, կը սպասէր…, կը ճուար, մինչեւ որ մահացաւ…:

- Ինչպէ՞ս մահացաւ:

- Վիշտէն, անկասկած:

(«12-րդ անկողինին մահը») 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2026