ԵԹԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Է՝ ՊԱԿԱՍ ՄԸ ԿԱՅ ԱՆՊԱՅՄԱՆ

Մեր հասարակութեան մէջ կան այնպիսիներ, որոնք երբե՛ք հայերէն չեն կարդար, երբե՛ք հայկական հանդէսներու եւ միջոցառումներու մասնակցութիւն չեն բերեր, հեռու կը մնան ակումբէն ու եկեղեցիէն, հեռու կը մնան հայութենէն, սակայն, երբ տեսնեն հայ մը, որ իրեն փոխարէն օտարէն առեւտուր կը կատարէ, կը բարկանան ու կը սկսին բողոքել, որ «հայերը իրար բռնել չեն գիտեր»։ Այս մէկը տարածուած ախտ մըն է մեր իրականութենէն ներս, որովհետեւ ամէ՛ն հայ կ՚ապրի այն համոզումով ու տրամաբանութեամբ, որ ազգը իրեն տալի՛ք ունի, սակայն, ինք ազգին՝ ոչ: Այս համոզումը, ցաւ ի սիրտ, մի քանի անհատներով սահմանափակուած չէ. հայ ժողովուրդի մէջ քիչ չեն անոնք, որոնք պահանջներ ունին եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, արենակից հայորդիներէն՝ մոռնալով, որ այդ պահանջներուն դիմաց իրենք եւս ունին որոշ պարտաւորութիւններ՝ որոնց կատարումը պահանջը շատ աւելի իրաւունքի կը վերածէ: 

Ի դէպ, այս երեւոյթը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է մեր հայկական իրականութենէն ներս։ Հայ ծնողքը իր զաւակը օտար վարժարան ղրկելու համար վճարած է մեծ գումարներ, սակայն, տարօրինակ ձեւով քննադատած է նոյն կամ քիչ մը նուազ գումար պահանջող հայ վարժարանը. ինչո՞ւ. որովհետեւ ունեցած է այն համոզումը, որ օտարինը աւելի կատարեալ է՝ քան հայկականը։ Անտրտունջ վճարած է 10-20, սակայն, երբ հայ դպրոցը 5 պահանջած է՝ սկսած է բողոքել, որովհետեւ «հայկական է»՝ այսինքն մերն է եւ ինչ որ մերն է, պէտք է ձրիաբար հայ ժողովուրդի զաւակներուն ծառայէ։ Նոյնն է վիճակը հայ արուեստագէտին. օտար նկարիչներու գործերը մեծամեծ գումարներով կը ծախուին, սակայն, վա՜յ թէ մէյ մը հայ արուեստագէտը որոշէ իր աշխատութիւնը վաճառքի դնել։ Անշուշտ, նախ կը քննադատուի աշխատանքը՝ որովհետեւ օտար արուեստագէտը կատարեալ՝ սակայն հայ արուեստագէտը «մեր»ը ըլլալով անկատար կը թուի ըլլալ։ Անշուշտ, այս բոլորին մէջ մեծ դեր ունի դաստիարակութիւնը։ Հին ժամանակներէն մեր մէջ տարածուած է այն համոզումը, որ օտարը գերազանց է, հզօր է, կատարեալ է, իսկ մերը՝ թոյլ է, յետամնաց է. շատեր գուցէ հակառակին ու ըսեն, որ «այդպէս» չէ, սակայն, ժողովուրդին ընթացքը կը փաստէ այդ մէկը։ Միշտ գոյութիւն ունի այն համոզումը, որ օտար գրողը շատ աւելի լաւ կը գրէ՝ քան հայը։ Այս դժբախտ երեւոյթին վկան հայ երիտասարդութիւնն է, որ հայ գրողներէն աւելի «պատիւ» կը զգայ օտարները կարդալով։ Կայ այն սխալ համոզումը, որ օտար մշակոյթով ապրիլը «զարգացած» ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ մարդոց վրայ: Միշտ օտարը արժանի է գնահատանքի։ Այս մէկը հոգեբանական ընթացք մըն է. մենք հայերէն կրնանք «պահանջել»՝ այնպէս ինչպէս մանուկ մը իր ծնողքէն պահանջներ կ՚ունենայ, սակայն, օտարին դիմաց կը դառնայ լուռ ու ամօթխած։ Կան ազգեր, որոնք իրենց սեփականը օտարինէն շատ աւելի կ՚արժեւորեն, որովհետեւ կ՚ուզեն սեփականը շատ աւելի բարձր տեսնել, սակայն, մենք կ՚ընենք հակառակը. մեր պահանջներով ոտնակոխ կ՚ընենք որակը: 

Ի դէպ, բոլոր ոլորտներու մէջ նոյնն է մեր վիճակը. օրինակի համար՝ սփիւռքի մէջ քիչ չեն այն հայերը, որոնք օտար սուրբերը աւելի բարձր ու «սուրբ» կը կարծեն՝ քան հայ սուրբերը. օրինակ՝ Լիբանանի մէջ գտնուող Սուրբ Շարպիլի վանքին մէջ կարելի է գտնել բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք հայկական եկեղեցի չեն յաճախեր, սակայն, նուազագոյնը ամիսը մէկ կը բարձրանան արաբ սուրբին մօտ՝ օրհնութիւն ստանալու։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ս. Յակոբը եւ ուրիշներ աւելի նուա՞զ սուրբեր են՝ քան Սուրբ Շարպիլը: 

Հայկական մշակոյթը կամաց-կամաց կը նահանջէ, որովհետեւ նոր սերունդին մէջ չենք յաջողիր սեփականին հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը սերմանել։ Անցեալին ունէինք սերունդ՝ որ հակառակ ամէն տեսակ թերութիւններուն՝ հայկականը առաջնահերթ կը նկատէր. այդ մէկ անբաժան մէկ մասն էր հայրենասիրութեան։ Հայկական շրջանակներուն մէջ օտար լեզու գիտցողները մատի վրայ կարելի էր հաշուել. յատուկ էին անոնք. այսօր վիճակը հակառակն է։ Անցեալին հայ զաւակը եթէ օտար անունով մկրտէին՝ զարմանք կը պատճառէր, այսօր կը զարմանանք, եթէ ծնողք մը Նարօտ, Տեսիլ կամ Զուլալ անունով մկրտէ իր զաւակը: 

Այսօր բազմաթի՜ւ հայորդիներ պատարագներու մասնակցութիւն չեն բերեր, սակայն, կը պահանջեն, որ հայ եկեղեցին հոգայ իրենց պէտքերն ու կարիքները։ Բազմաթի՜ւ հայեր կուսակցութեանց եւ միութիւններու այս կամ այն հաւաքին, ձեռնարկին չեն սատարեր, սակայն, կը պահանջեն, որ անոնք եւս հասնին իրենց պէտքերուն ու կարիքներուն։ Պէտք է մեր դաստիարակութեան մաս կազմէ այն ճշմարտութիւնը, որ ուզելու համար նախ պէտք է տալ։ Հեռուէն քննադատելու փոխարէն՝ պէտք է մտնել գործին մէջ, աշխատիլ ու նախաձեռնել՝ հաւատալով, որ հայ ժողովուրդը երբեք գոհ պահել հնարաւոր չէ։ Փա՞ստ. ահաւասի՛կ հատ մը. 2016-2017 թուականին Անթիլիասի մէջ ծրագրեցինք աղքատ ընտանիքներու օգնութիւն ցուցաբերել։ Նոր տարուան ընդառաջ որոշեցինք իւրաքանչիւր անապահով ընտանիքի մէկ արկղ պարէնով օգնել՝ Նոր տարուան սեղանը աւելի «ճոխացնել»ու միտումով։ Հայորդի մը յանձն առաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ քիլօ հաւ եւ մէկ քիլօ տաւարի միս նուիրել։ Երկու օր ետք Անթիլիաս զանգեց կին մը եւ հետեւեալը ըսաւ. «Ըսիք, որ միսը մէկ քիլօ է, իմ միսս 900 կրամ էր»։ Մենք ա՛յս ենք մեր ազգին հանդէպ. 900-ը գնահատելու փոխարէն՝ այդ պակսող «100»ը քննադատել կը սիրենք: 

Ո՞վ հնարած է «Հայկական է՝ պատուական է» լոզունգը. որպէս հայրենասիրական խօսք ընտիր է, սակայն, ճշմարտութենէ հեռու, որովհետեւ եթէ հայկական է՝ կը նշանակէ պակաս մը պէտք է փնտռել այդտեղ:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր քաղաքացիական դաստիարակութիւնը առաջնորդող բայրոյական սկզբունքներն ունի: Եւ այդ դաստիարակութիւնը լաւագոյն չափն է որոշելու երկրի մը քաղաքակրթութեան աստիճանը. որչափ ստոր է կանգնած ժողովուրդ մը, հասարակութիւն մը, նոյնքան աւելի անորոշ, խառնիխուռն են անոր բարոյական հասկացողութիւնները, պարտքերու եւ իրաւունքներու սահմանները, նոյնքան լի է հակասութիւններով անոր կեանքը:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026