ԴՐՈՇՄԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ Է
1. Ինչպէ՞ս հաստատուեցաւ դրոշմը: Որո՞նք կ՚օծուէին: 2. Ի՞նչ բանի միջոց է դրոշմը: 3. Քրիստոս ալ օրինակ տուաւ: 4. Ինչո՞ւ համար սահմանուած է: Առաքեալներն ալ կատարեցի՞ն. իսկ եթէ կատարած են, ինչո՞ւ այդ մասին չեն գրած:
1. Դրոշմը նոր բան մը չէ, այլ՝ Հայր Աստուած զայն ստուերապէս տնօրինած է, Ս. Հոգին վաւերացուցած, Որդին Աստուած ալ՝ Իր առաքեալներուն միջոցով գործի դրած: Հայր Աստուծոյ կողմէ դրոշմը կամ նշանը Նոյի տապանէն սկիզբ կ՚առնէ, աղաւնին ձիթենիի տերեւ մը բերելով (Ծն 8.10). նաեւ Մովսէսին հրահանգ կը տրուի Սրբալոյ Միւռոն եփելու (Ելք 30.22), անով Ահարոնին որդիները պիտի օծուէին, այն է՝ ընտրեալները եւ «ո՛չ թէ իւրաքանչիւր մարդու վրայ պիտի թափուի» (Ելք 30.33-36). ասոր համաձայն, Միւռոնը եկեղեցւոյ գլուխ եղողներ միայն կ՚’եփեն, ընտրեալները օծելու եւ ո՛չ թէ օտարները:
Քրիստոնեաները Ադամական մեղքէն սրբուելով Քրիստոսի բաժին կ՚ընտրուին, քանի որ այս Աստուածային տնօրինութենէն ետք նահապետներ, թագաւորներ եւ մարգարէներ օծուեցան ու օծուելէ ետք Աստուծոյ Հոգին անոնց վրայ հանգչեցաւ (Ա. Թգ 16.12). Նոր ուխտի քահանաները ընդհանուր ընտրեալներուն մէջէն դարձեալ ընտրուելնուն համար դարձեալ կ՚օծուին:
2. Այս ստուերական տնօրինութիւնը՝ Ս. Հոգին վաւերացուց, թէ ինչպէս որ ամէն բան իր միջոցը ունի, նոյնպէս Միւռոնը Ս. Հոգին առնելու միջոց է. կամ, Նոյին բերուած ձիթենին օրինակ մըն էր, ուստի, Ս. Գիրքին մէջ յիշուած ցորեն, գինի եւ ձէթ յաճախ խորհրդաւոր են, ո՛չ թէ լոկ պատմութիւն, որովհետեւ յաճախ իրարու հետ կը յիշուին (Սղ 4.7: Ելք 29.40): Զաքարիան կը պարզէ (4.12-14), որ ըսել է, հինէն ի վեր Ս. Հոգին առնելու միջոցի համար իւղ մը սահմանուած է եւ Ս. Հոգին աղաւնակերպ գալով վաւերացուց զայն:
3. Քրիստոս ալ հին գնացքը՝ կը վաւերացնէ, ճամբուն վրայ ինկած հիւանդին դեղը՝ ձէթն ու գինին ըսելով (Ղկ 10.34), տնտեսին հաշիւը, ձէթի եւ ցորենի պարտական կը թողու (Ղկ 16), եթէ ո՛չ առեւտրական գործի համար ձէթէն ու ցորենէն աւելի բան կրնան ըսել յարմար կերպով, ինչպէս որ արքայութիւնը ծածկուած գանձի ու մարգարիտի կը նմանցնէ (Մտ 14): Քրիստոսի համար հինէն Օծեալ անունը տրուած էր՝ Ինքզինքէն օծեալ ըլլալուն պատճառով, բայց, Քրիստոս Հին կտակարանը կարդացողին դարձեալ կը յիշեցնէ (Ղկ 4.18), որով օծումը՝ աստիճան մը կը վաւերանայ: Քրիստոսի աշակերտները հիւանդները կ՚օծէին (Մր 6.13), թէեւ ասիկա ուրիշ գործողութիւն մըն է, ինչպէս որ Յակոբոսն ալ կ՚ըսէ (5.14), սակայն, մեր նպատակը հասկցնել է, թէ օծումի սուրբ իւղ մը Ս. Գիրքին մէջէն ծայրը ծայրէն կտրած չէ, Նոյի տապանէն կը սկսի մինչեւ Յակոբոս առաքեալը կը հասնի, որով այս ալ իմացնել կ՚ուզենք, թէ «օծել եւ ձեռնադրել» խօսքերը յաճախ իրարու տեղ գործածուած են Ս. Գիրքին մէջ. օծել ըսելով «ձեռք դնել» ալ չ՚իմացուիր, իսկ «ձեռք դնել» ըսելով, յաճախ «օծել» ալ կ՚իմացուի, ինչպէս որ (Մր 6.13) օծել կ՚ըսէ (Մր 16.18), օծելու տեղ ձեռք դնել ըսուած է:
Ինչպէս առաքեալներուն մէջ կը տեսնենք, թէ մկրտութեան հետ ձեռնադրութիւն մըն ալ կայ ընդհանրապէս. «Այն ատեն իրենց ձեռքերը դրին ու Ս. Հոգին առին» (Գրծ 8.17). ասոր ի՞նչ անուն տանք արդեօք. Փիլիպպոսն ալ աշակերտ էր, ինչո՞ւ թերի սեպուեցաւ ըրած մկրտութիւնը, մինչդեռ ներքինիին դիմացէն հրեշտակը յափշտակեց ալ զինք, այդպիսի անձի մը կատարած մկտրութիւնը թերի մնալու չէր. ուրեմն, ուրիշ բան չենք կրնար ըսել, եթէ ոչ, թէ ինք սարկաւագ էր (Գրծ 6.5), դրոշմը տալու իշխանութիւն չունէր, միայն առաքեալները կու տային (Գրծ 19.6). նաեւ, մկրտութեան վարդապետութեան հետ է ձեռք դնելն ալ, որ յայտնի դրոշմ է, ասոր համար Պօղոս կ՚ըսէ. «մկրտութիւններուն եւ ձեռք դնելու վարդապետութեան» (Եբր 6.2). իսկ Ս. Գիրքին մէջ քրիստոնեաներուն օծեալ կ՚ըսուի. «Մեզի հետ Քրիստոսով հաստատեց ու օծեց» (Բ. Կր 1.21). դարձեալ, Պօղոս առ հասարակ օծում ըլլալն ու օծեալ Քրիստոսը ուրիշ օծեալներէ տարբերելը Դաւիթէն առնելով կը վաւերացնէ. «Քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ, քու ընկերներէդ աւելի» (Եբր 1.9). տե՛ս նաեւ (Ա. Յհ 2.20, 27):
Ասոնց կարելի էր ըսել, թէ «սուրբէն օծութիւն ունիք», այսինքն, Ս. Հոգին առած էք, բարի մարդիկ եղէք եւ այլն, իւղով օծելու միջոցով Ս. Հոգին առած էք չհասկնայինք, սակայն, մեր աչքը Հին եւ Նոր կտակարանին վրայ դարձնելով կը տեսնենք, որ Աստուած ամէն բանի համար մէկական միջոց տուածին պէս, Ս. Հոգին առնելու համար ալ սուրբ իւղ մը միջոց դրած է՝ Նոյի տապանէն սկսելով. ուրեմն, անկարելի էր, որ առաքեալները չընէին. ուստի, մենք ալ պիտի ընենք, Աստուածային եօթը խորհուրդէն մէկուն հաւատալով:
4. Իւրաքանչիւր հաւատք իր ծէսը կ՚ունենայ, իւրաքանչիւր ներքին՝ արտաքին մը կ՚ուզէ, առանց արտաքինի լոկ ներքինը անվաւեր է. ուստի, Ս. Հոգիին ներգործելու համար արարողութեան մը պէտք ունինք, այս արարողութիւնն ալ պէտք է Ս. Գիրքին մէջէն փնտռենք, այնտեղ ալ սուրբ եւ օրհնեալ իւղ մը կը գտնենք. ընդհանուր քրիստոնեաներուն «օծեալ» կ՚ըսուի, այս «օծեալ» խօսքը մեռեալ կը մնայ, եթէ դուրսէն չապացուցուի՝ մանաւանդ, որ խորհուրդը եօթն է, վեց չէ, եօթի լրացնելու համար ասկէ զատ չենք կրնար գտնել, ուրեմն, առաքեալներն ալ գիտէին՝ հաւատքի արարողութիւններու եւ ծէսերու կարիքը, որովհետեւ քրիստոնեաներուն «օծեալ» ըսին խօսքով, անշուշտ, գործնականն ալ հետն էր, հետեւաբար, յայտնի եղած բանի մըն ալ մասնաւոր հրահանգ մը տալ պէտք չէր:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 23
Վաղարշապատ