74 ՄՏՐԱԿԻ ՀԱՐՈՒԱԾ, ԲԱՆՏ ԵՒ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ՁԱՅՆԵՐ
Իրանի մէջ կիներու իրաւունքներուն եւ արուեստի ազատութեան դէմ մղուող պայքարը հասած է նոր եւ անողոք սահմանագիծի մը:
Ղոմ նահանգի Քրէական դատարանի որոշումը՝ յայտնի իրանցի 29-ամեայ երգչուհի Փարասթու Ահմատիին եւ անոր ստեղծագործական խումբի 8 անդամներուն 74-ական մտրակի հարուածի, երկու տարուան ճամբորդական եւ մասնագիտական արգելքի դատապարտելու մասին, լայն արձագանգ գտաւ միջազգային մամուլի մէջ։ Արեւմտեան մամուլը գրեց, որ ասիկա պետականօրէն ծրագրուած ու համակարգուած քաղաքականութիւն մըն է, որուն նպատակն է երկրին մէջ դեռեւս կենդանի մնացած ազատատենչ ու անկախ ձայներու վերջնական լռեցումը։
Այս դէպքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ այնտեղ, ուր միջազգային իրաւունքը կը տեսնէ մարդու հիմնարար ազատութիւնները, Իրանի օրէնսգիրքը կը տեսնէ յանցագործութիւն, որ ենթակայ է ֆիզիքական հաշուեյարդարի:
Ահմատիի եւ անոր երաժիշտներուն դէմ հալածանքներն ու հետապնդումները սկիզբ առին այն բանէն ետք, երբ երգչուհիին «ԵուԹուպ»ի պաշտօնական ալիքով հեռարձակուեցաւ տեսահոլովակ մը: Այս համացանցային համերգը ձայնագրուած էր Իրանի պատմական «Տէյր-է Կաչին» քարաւանատան մէջ: Համերգի ընթացքին երիտասարդ երգչուհին առանց պարտադիր հիճապի էր (գլխաշորի)․ ան մեծ խիզախութեամբ կը կատարէր հայրենասիրական եւ քաղաքացիական ազատութիւններու մասին պատմող երգ մը: Կատարեալ ինքնավստահութեամբ ներկայացող երգչուհիին ընդգծուած գինեգոյն շրթներկն ու նոյն երանգի եղնգաներկը յստակօրէն կը հակադրուէին քարաւանատան հինաւուրց, գունատ պատերուն՝ վերածուելով կանացի գեղեցկութեան եւ անկախութեան իւրօրինակ մարտահրաւէրի մը։
Երգչուհիին հագած բաց հագուստը միաժամանակ կ՚ընդգծէր Իրանի հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան անզուգական գեղեցկութիւնը եւ արդի իրանցի կիներու ներքին ուժն ու արդար ըմբոստութիւնը։
Տեսահոլովակը դարձաւ ինքնութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանշական յայտարարութիւն մը եւ համացանցի վրայ արագօրէն տարածուեցաւ՝ հաւաքելով միլիոնաւոր դիտումներ եւ արժանանալով ժողովուրդի ջերմ ընդունելութեան: Իշխանութիւններուն արձագանգը եղաւ չափազանց կտրուկ եւ յարձակողական. անվտանգութեան ուժերը գրեթէ անմիջապէս ձերբակալեցին Ահմատին եւ անոր խումբը: Թէեւ սկզբնական շրջանին զանոնք դրամական երաշխիքի փոխարէն ազատ արձակեցին, սակայն, Թեհրանի գաղափարախօսական ու պատժիչ մեքենան չէր կրնար ներել սրբազան համարուող կանոններուն ուղղուած այս բացայայտ մարտահրաւէրը:
Որոշ ժամանակ անց, պաշտօնական դատական գործ յարուցուեցաւ՝ «համացանցի վրայ գռեհիկ, անպարկեշտ եւ անբարոյական բովանդակութիւն ստեղծելու եւ տարածելու միջոցով հասարակական բարոյականութիւնը վիրաւորելու» շինծու յօդուածներով:
Այս երկրին մէջ մարմնական պատիժներու գոյութիւնը ոմանք կը դիտեն իբրեւ հնադարեան սովորութիւն մը, բայց յստակ է, որ ասիկա քաղաքացիները բացարձակ հնազանդութեան մէջ պահելու յստակ ռազմավարութիւն մըն է, որուն իրաւական հիմքերը կը հասնին մինչեւ 1979 թուականի իսլամական յեղափոխութիւն: Յեղափոխութենէն ետք Իրան իր ամբողջ քրէական օրէնսդրութիւնը համապատասխանեցուց շերիաթի՝ իսլամական իրաւունքի տառացի եւ ծայրայեղական մեկնաբանութեան, որուն մէջ պատիժները հիմնականին կը բաժնուին երկու մեծ խումբերու. մէկ խումբը ուղղակիօրէն սահմանուած է սրբազան Քուրանով (օրինակ՝ ալքոհոլ օգտագործելու կամ արտամուսնական կապերու պարագային): Դատաւորը ո՛չ մէկ իրաւունք ունի փոխելու կամ մեղմացնելու չափը անոնց, որոնք սովորաբար կը տատանին 80-էն մինչեւ 100 մտրակի հարուածի միջեւ: Միւս խումբի պատժամիջոցները կը սահմանուին դատաւորի հայեցողութեամբ՝ պետական օրէնքներու ոտնահարման, հասարակական կարգի խախտման, քաղաքական բողոքի ցոյցերու եւ սահմանուած բարոյականութեան կանոններու զանցառման համար:
Մէկ դատավճիռով սովորաբար կը սահմանուի մինչեւ 74 հարուած, ինչպէս որ պատահեցաւ Փարասթու Ահմատիի գործով: Սակայն, երբ անհատը մեղադրուի քանի մը յանցանքներու համակցութեամբ, հարուածներուն ընդհանուր թիւը կրնայ անցնիլ նոյնիսկ հարիւրները՝ վերածուելով մահացու տանջանքի:
Իրանի օրէնքներով մտրակահարութեան գործընթացը չափազանց յստակօրէն կանոնակարգուած է, սակայն, իր էութեամբ անիկա կը մնայ ֆիզիքական եւ հոգեբանական ծանր խոշտանգում: Իբրեւ գործիք կ՚օգտագործուի կաշիէ մտրակ կամ յատուկ մալուխ՝ մօտ մէկ մեթր երկարութեամբ եւ մէկ սանթիմեթր հաստութեամբ:
Օրէնքը տարբերութիւն կը դնէ սեռերու միջեւ. տղամարդիկը կը հարուածեն կանգնած դիրքով՝ մարմնի ետեւի մասին (բացառութեամբ դէմքի, գլուխի եւ սեռական օրկաններու), երբ անոնց հագուստը հանուած է եւ մնացած է միայն ներքնազգեստը: Կիները Նստած դիրքով կը հարուածեն կիները, որոնց հագուստը չի հանուիր, սակայն, հարուածի ուժգնութիւնը այնքան մեծ է, որ հագուստի վրայէն իսկ մարմնական ծանր վնասուածքներ ու արիւնահոսութիւն կը պատճառէ: Երբեմն այս պատիժը կը գործադրուի հրապարակայնօրէն՝ փողոցներու մէջ, ամբողջ հասարակութեան վախ ներշնչելու դիտաւորութեամբ, թէեւ վերջին տարիներուն հարուածները հիմնականին կը հասցուին բանտերու փակ սենեակներուն մէջ:
Մտրակահարութիւնը, սակայն, միակը չէ: Իրանի պաշտօնական օրէնսդրութիւնը կը նախատեսէ միջնադարեան պատիժներու ամբողջական զինանոց մը. օրինակ՝ անդամահատում։ Գողութիւններու կրկնութեան պարագային կը կիրարկուի չորս մատներու կամ աջ ձեռքի եւ ձախ ոտքի կտրում: Իրանի բանտերուն մէջ տեղադրուած են յատուկ սարքեր՝ այս պատիժները արագ գործադրելու համար:
Անխնայ վրէժխնդրութիւն, որ դիտաւորեալ մարմնական վնաս հասցնելու պարագային զոհի ընտանիքը կրնայ պահանջել նոյնանման հակադարձութիւնը, սակայն, ասիկա միշտ չէ, որ կը կիրառուի եւ կը բաւարարուին դրամական փոխհատուցմամբ կամ ազատազրկմամբ։
Կայ նաեւ քարկոծումը, որ ամուսնական դաւաճանութեան համար նախատեսուած պատժաչափ է: Դատապարտեալը կը թաղեն հողին մէջ (տղամարդիկը մինչեւ գօտկատեղը, իսկ կիները՝ մինչեւ կուրծքը) եւ անոնց վրայ քարեր կը նետեն մինչեւ մահ: Օրէնքով սահմանուած է, որ քարերը չըլլան չափազանց մեծ, որպէսզի տանջանքները հնարաւորինս երկարին: Բայց եւ այնպէս, այս պարագային ալ այսօր գործնական կիրառութիւնը շատ սահմանափակ է՝ միջազգային ճնշումը մեծ դեր ունի։
Ղոմ նահանգի Քրէական դատարանի որոշումը՝ յայտնի իրանցի 29-ամեայ երգչուհի Փարասթու Ահմատիին եւ անոր ստեղծագործական խումբի 8 անդամներուն՝ 74-ական մտրակի հարուածի, երկու տարուան ճամբորդական եւ մասնագիտական արգելքի դատապարտելու մասին․ նախնական վճիռ է, որուն գործադրման ճշգրիտ ամսաթիւը պաշտօնապէս դեռ չէ հրապարակուած, քանի որ դատավճիռին մասին յայտնի դարձաւ միայն վերջերս՝ 2026 թուականի յունիսի 18-ին:
Իրանի դատական ընթացակարգերու համաձայն՝ երգչուհիին պաշտպանական խումբը ունի սահմանուած ժամկէտ՝ վճիռը Վերաքննիչ դատարանին մէջ բողոքարկելու համար եւ պատիժը չի կրնար գործադրուիլ, քանի դեռ իրաւական բոլոր ներքին փուլերը չեն սպառած: Եթէ Վերաքննիչ դատարանը անփոփոխ թողու դատավճիռը, գործը կը փոխանցուի Հարկադիր կատարման պիւրոյին եւ, մտրակահարութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, կ՚իրականացուի բանտային յատուկ հաստատութեան մէջ, քանի որ վերջին տարիներուն Թեհրանի իշխանութիւնները կը խուսափին կիները հրապարակային պատժելէ՝ միջազգային սուր արձագանգէն պաշտպանուելու համար:
Այսօր, երբ համաշխարհային առաջատար լրատուամիջոցներու հրապարակումներէն ետք գործը միջազգային մեծ հնչեղութիւն ստացած է, իրաւապաշտպանները յոյս ունին, որ արտաքին դիւանագիտական հուժկու ճնշումները կրնան ստիպել Իրանի դատարանին վերանայիլ ու մեղմացնել պատժաչափը կամ պարզապէս յետաձգել անոր կատարումը:
«ԿԻՆ, ԿԵԱՆՔ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ» ՇԱՐԺՄԱՆ ՅԵՏՑՆՑՈՒՄՆԵՐԸ
Փարասթու Ահմատիի դատապարտումը անհնար է դիտարկել Իրանի վերջին տարիներու հասարակական իրադարձութիւններէն անկախ: 2022 թուականին, երիտասարդ Մահսա Ամինիի՝ բարոյականութեան ոստիկանութեան կողմէ սպանութենէն ետք, երկրին մէջ բռնկեցաւ հզօր ու աննախադէպ ընդվզում մը՝ «Կին, կեանք, ազատութիւն» բողոքի շարժումը: Թէեւ փողոցային ցոյցերը արեան մէջ խեղդուեցան, սակայն, կիներու դիմադրութեան ձեւերը փոխուեցան ու արմատացան. հիճապէն հրաժարիլը եւ արուեստի միջոցով բողոքի արտայայտումը դարձան քաղաքացիական պայքարի նոր, անտեսանելի գործիքներ:
Իրանի իշխանութիւններուն համար, կին արուեստագէտի մը կողմէ առանց հիճապի երեւնալը սովորական կրօնական կանոնի խախտում մը չէ, այլ ուղղակի քաղաքական անհնազանդութիւն եւ յեղափոխական արարք: Մտրակի հարուածները նպատակ ունին ցուցադրական վախ ներշնչել, իսկ երկու տարուան ստեղծագործական արգելքն ու երկրէն դուրս գալու սահմանափակումը կոչուած են արուեստագէտները դատապարտելու «ընկերային (հասարակական) մահուան»՝ զրկելով զանոնք սեփական հայրենիքին մէջ լսելի ըլլալու որեւէ հնարաւորութենէ:
Ահմատիի դէպքը Իրանի մէջ ազատախոհ արուեստագէտներուն հանդէպ իրականացուող հալածանքներու երկար շղթային մէկ նոր օղակն է. Իրանի մէջ պատժուած են բազմաթիւ արուեստագէտներ. օրինակ՝ հանրայայտ ռեփըր Թումաժ Սալեհի, որ իր համարձակ երգերով կ՚աջակցէր ցոյցերուն եւ ձերբակալուեցաւ 2022-ին, ենթարկուեցաւ դաժան խոշտանգումներու եւ 2024 թուականի ապրիլին դատապարտուեցաւ մահապատիժի՝ «երկրի վրայ փուլուզում եւ փտածութիւն տարածելու» շինծու մեղադրանքով։ Թէեւ միջազգային հուժկու ճնշումներուն շնորհիւ Գերագոյն դատարանը չեղարկեց մահապատիժը եւ ան աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ, Սալեհին մինչեւ օրս կանգնած է նոր իրաւական հետապնդումներու վտանգին առջեւ։
2025 թուականի վերջաւորութեան Թեհրանի մէջ ձերբակալուեցան երկու յայտնի ռեփըրներ՝ Տանիալ Ֆարաճի եւ Ամիր Արտալան Աղաշահի, որոնցմէ պետական լրատուամիջոցները բռնի ուժով կորզեցին ու պարտադրեցին «խոստովանութիւններ»՝ զանոնք մեղադրելով հակաիսլամական գործեր տարածելու մէջ։
Միջազգային ճանաչով բեմադրիչներ ու մտաւորականներ պարբերաբար կ՚ենթարկուին կալանքներու եւ ստեղծագործական արգելքներու՝ համակարգային բռնութիւնները քննադատող հաւաքական հանրագիրեր ստորագրելնուն պատճառով։ Անոնցմէ է Ճաֆար Փանահին:
Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Նարգիզ Մոհամմատին բազմիցս դատապարտուած է մտրակի հարուածներու (աւելի քան 150 հարուած): Ան կը նկարագրէ, որ մտրակի իւրաքանչիւր հարուած միտուած է կոտրելու մարդու ներքին արժանապատուութիւնը: Նմանապէս, երիտասարդ գրող Սեպիտէ Ռաշնոն, որ հիճապի շուրջ վէճի բռնուելէն ետք ձերբակալուեցաւ ու մտրակահարուեցաւ, դարձաւ կիներու ստորնացման դէմ մղուող պայքարի խորհրդանիշ:
ԹՈՒԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ. ԳՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ VPN-ՆԵՐԸ
Իրանի մէջ տեղեկատուական հոսքերը վերահսկելու համար իշխանութիւնները կիրառած են աշխարհի ամենախիստ թուային գրաքննութեան համակարգերը։ Պետութեան կողմէ արգելափակուած են միջազգային հանրայայտ հարթակները (YouTube, Instagram, Telegram, TikTok)։
Բողոքի նոր ալիքներու ժամանակ, ինչպիսին էր 2026 թուականի սկզբի մեծ լարուածութիւնը, կառավարութիւնը կը դիմէ ամբողջական «համացանցային խաւարումներու»։
Այսուամենայնիւ, այս թուային պատնէշը կը ծնի նաեւ հզօր դիմադրութեան մշակոյթ մը՝ VPN-ներու «սեւ շուկան»։ Իրանցիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՚օգտագործէ մասնաւոր ցանցեր (VPN)՝ արգելքները շրջանցելու համար։
Երբ համացանցը նոյնիսկ մասնակիօրէն կը վերականգնի, VPN-ի ներբեռնումներու ցուցանիշները կտրուկ եւ թռիչքաձեւ կ՚աճին։
Թուային ընդյատակեայ գործիքներուն շնորհիւ է, որ Փարասթու Ահմատիի նման արուեստագէտներու տեսանիւթերը գաղտնօրէն կը տարածուին երկրին ներսը։ Ընկերային հարթակները դարձած են միակ դաշտը, ուր հնարաւոր է շրջանցել պետական գաղափարախօսութիւնը, որուն պատճառով ալ իշխանութիւնները վերջերս քրէականացուցած են նաեւ չարտօնագրուած VPN-ներու օգտագործումը։
Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, ՄԱԿ-ի մարմինները եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ մտրակահարութիւնը կը դասեն որպէս դաժան, անմարդկային եւ նուաստացուցիչ պատիժ։ Թէեւ Իրանը վաւերացուցած է շատ մը միջազգային համաձայնագրեր, որոնք կ՚արգիլեն նման պատիժները, Թեհրանի վարչակարգը կը շարունակէ անտեսել այս պարտաւորութիւնը՝ պատճառաբանելով, որ իր կրօնական օրէնքները գերակայ են:
Արեւմտեան երկիրներու կողմէ Իրանի դատական ու անվտանգութեան համակարգի պաշտօնեաներուն դէմ կիրառուող պատժամիջոցները ունին երկակի, բարդ ազդեցութիւն.
Միջազգային հանրութեան կոշտ արձագանգն ու անհատական պատժամիջոցները երբեմն կը ստիպեն վարչակարգին քայլ մը ետ առնել։ Թումաժ Սալեհիի մահապատիժի վճռի չեղարկումը լաւագոյն ապացոյցն է, որ Իրանի Գերագոյն դատարանը ստիպուած կ՚ըլլայ հաշուի նստիլ միջազգային հետեւանքներուն հետ։
Միւս կողմէ, արտաքին մեկուսացման տակ վարչակարգը կ՚որդեգրէ «պաշարուած ամրոցի» մարտավարութիւնը։ Որեւէ ներքին այլախոհութիւն պաշտօնապէս կը պիտակաւորուի իբրեւ «արեւմտեան յատուկ ծառայութիւններու հրահրած դաւադրութիւն»։ Ասիկա դատարաններուն հնարաւորութիւն կու տայ կայացնելու Փարասթու Ահմատիի վճռի նման ցուցադրական պատիժներ՝ սեփական ժողովուրդը վախի մէջ պահելու համար։
Յատկանշական է, որ աւելի քան 45 տարուան համակարգուած պետական կառոյցները չեն կրցած փոխել Իրանի նոր սերունդին ազատատենչ մտածողութիւնը: Այսօր Իրանի բնակչութեան աւելի քան 60 առ հարիւրը մինչեւ 30 տարեկան երիտասարդներ են, որոնք բացարձակապէս չեն կիսեր 1979 թուականի յեղափոխութեան կրօնապետական արժէքները եւ կը պայքարին բոլորովին նոր, արդիական մեթոտներով:
Հակառակ մտրակի հարուածի սպառնալիքին, երկրի խոշոր քաղաքներուն մէջ կը գործէ ալքոհոլի հսկայական «սեւ շուկայ», իսկ երիտասարդները փակ դռներու ետեւ կը կազմակերպեն արեւմտեան ոճի խնջոյքներ, ուր կանայք բացայայտօրէն կը հրաժարին հիճապէն: Թեհրանի, Սպահանի եւ Շիրազի փողոցներուն մէջ սովորական երեւոյթ դարձած է առանց գլխաշորի քայլող աղջիկներու ներկայութիւնը. անոնք քաջ գիտակից են, որ որեւէ պահու կրնան ձերբակալուիլ, բայց զանգուածային դիմադրութիւնը թոյլ չի տար իշխանութիւններուն պատժել բոլորը:
Իրանէն Հայաստան ժամանող երիտասարդութեան մէջ ալ մենք կը հանդիպինք արդիական հագուկապով, զարդերով ու իրենց պահուածքի մէջ ազատ անհատներու։
Երիտասարդութիւնը իր ժամանակակից հեռախօսներն ու VPN գործիքները երկրի ներսը վերածած է՝ բռնատիրութեան դէմ մղուող պատերազմի հիմնական զէնքերու, ուր արուեստը կը ծառայէ իբրեւ հզօր վահան:
Ի վերջոյ, արուեստը, իր ամենախոր արմատներով, պարզապէս գեղագիտական հաճոյք պատճառելու կամ իրականութիւնը պատկերելու միջոց մը չէ. անիկա մարդկային հոգիի ազատութեան ամենաբարձր ու բացարձակ արտայայտութիւնն է։ Արուեստը հաւաքական յիշողութիւն է եւ արդարութեան յաւերժական ձայնը։ Անիկա ունի բացառիկ յատկութիւն մը՝ թափանցելու հոն, ուր ո՛չ մէկ քաղաքական ճառ կամ զէնք կրնայ հասնիլ՝ մարդու խղճին ու սրտին մէջ։ Արուեստը մարդկութեան տրուած այն աստուածային շնորհն է, որ կը յիշեցնէ մեզի մեր վսեմութեան, մեր իրաւունքներուն եւ մեր կոչման մասին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան