ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՆՐԱԿԱՌՔՈՎ
Սփիւռքահայ մամուլը լեցուն է անուններով՝ որոնք ժամանակ մը ապրած, ստեղծագործած, իրենց համեստ լուման ձգած ու հեռացած են. անուններ՝ որոնք երբեք չեն լսուած մեր հայկական իրականութենէն ներս։ Այսօր ունինք անոնցմէ մէկը՝ Սիրվարդ Ինճէեանը, որ աւելի քան կէս դար առաջ սփիւռքահայ տարբեր մամուլներու մէջ հրատարակած է բանաստեղծութիւններ ու գրութիւններ։ Ցաւ ի սիրտ, անոր մասին բան չենք գիտեր. մեծ հաւանականութեամբ 2020 թուականին մահացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սիրվարդ Ինճէեանի մասին շատ տեղեկութիւն գտնել կարելի չէ. պարզապէս տարբեր մամուլներու եւ աշխատութիւններու մէջ անոր անունը յիշուած է որպէս Սիմոն Սիմոնեանի աշխատակից՝ նկատի ունենալով, որ անոր բանաստեղծութիւններու մեծամասնութիւնը լոյս տեսած է Պէյրութի «Սփիւռք» գրական թերթին մէջ:
Այսօր մեր դիմաց ունինք Սիրվարդ Ինճէեանի գրիչին պատկանող «Կեանքը՝ հանրակառքով» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը՝ որ իր պարզութեան մէջ մտածելու շա՜տ առիթ կը ստեղծէ։ Տիկին Ինճէեանի այս բանաստեղծութիւնը սկիզբ կ՚առնէ հետեւեալ տողերով.-
«Կեանքն է նման հանրակառքի
Ճիշդ անոր պէս կու գայ կ՚անցնի»։
Հանրակառքը միջոց մըն է, որ մարդը կէտէ մը վերցնելով դէպի այլ կէտ կ՚առաջնորդէ եւ այն կէտը, որ մէկու մը համար վերջ կը գտնէ՝ ուրիշի մը համար նոր սկիզբ կը դառնայ. ինչքան մարդ դուրս գայ այդ հանրակառքէն՝ նոյնքան նորերը մուտք կը գործեն այդտեղ։ Բացի տեղափոխելու յատկութենէն՝ կեանքը հանրակառք է այնքանով, որ բոլորին նոյն պայմանները չի խոստանար. մէկը հանրակառքի ամենէն նախանձելի ու հանգիստ տեղը գրաւած կ՚ըլլայ, ուրիշ մը աւելի նուազ կարեւորութիւն ներկայացնող տեղ, իսկ ոմանք նոյնիսկ ոտքի վրայ կ՚առաջնորդուին։ Նուազ հանգիստ տեղ ունեցողը նախանձով կը նայի ամենէն լաւ տեղը գրաւողին, իսկ ոտքի առաջնորդուողը նուազ հանգիստ տեղ ունեցողին տեղը կը ցանկայ ունենալ: Մարդկային կեանքի նպատակները հանրակառք բարձրանալու կը նմանին. մարդ իր ուզած տեղը հասնելու համար նախ կ՚ուզէ հանրակառք բարձրանալ եւ ապա յարմարութեան պարագային նստիլ։ Այնպէս ինչպէս կեանքի մէջ, նոյնպէս ալ հանրակառքի մէջ շատեր իրենց գրաւած տեղերը չեն սիրեր. օրինակի համար, որոշ տեղ մը տեղաւորուելով կը սպասեն ուրիշը իջնէ՝ որպէսզի քիչ քիչ անոնց տեղը գրաւելով դէպի վերջնակէտ հասնին աւելի «հանգիստ» ու «ցանկալի» ձեւով։ Կեանքի մէջ այդ տեղը գրաւելը յաճախ որպէս «յաղթանակ» կը դիտուի, որովհետեւ ուրիշներու ոտքի առաջնորդուիլը պատճառ կ՚ըլլայ, որ նուազ հանգիստ տեղը նոյնիսկ նախընտրելի ըլլայ, սակայն, մարդ կը մոռնայ, որ ամենէն սիրուն հանրակառքին մէջ եւս իւրաքանչիւր տեղ ժամանակաւոր է։ Երբ հանրակառքը անձին համար իր վերջնակէտին հասնի, նոյնիսկ ամենէն հանգիստ տեղը գրաւողը իր տեղը պիտի զիջի ուրիշներուն եւ այսպէս անդադար ոտքի առաջնորդուողը յարմարութեան պարագային պիտի նստի, աւելի լաւ տեղ գտնելու պարագային իր տեղը պիտի փոխէ՝ սակայն վերջաւորութեան այդ բոլորը իր ետին ձգելով պիտի հեռանայ հանրակառքէն:
Այնպէս ինչպէս կեանքի մէջ, նոյնպէս հանրակառքի մէջ եւս մարդ կը ձգի «բարձրանալ». օրինակի համար, պատուհանին քով նստիլը շատ աւելի ցանկալի կը թուի ըլլալ՝ քան պատուհանէն հեռու նստիլը, իսկ ոտքի կեցողին համար պատուհանէն հեռու նստիլը ընդհանրապէս չնստելէն աւելի գրաւիչ կը թուի ըլլալ եւ այսպէս ոտքի կեցողը, պատուհանէն հեռու նստողը իրենց տեղերէն դժգոհ կը ձգտին պատուհանին քովի նստարանը գրաւելու։ Պատուհանին քովի նստարանը գրաւողը իր կարգին ունի՞ արդեօք «ցանկութիւն»ներ. հաւանաբար այո… օրինակի համար, ամենէն առաջին շարքը պատուհանին քով նստիլը շատ աւելի լաւ է՝ քան մէջտեղի շարքերը պատուհանին քով տեղ գրաւելը, որովհետեւ չես գիտեր ուրկէ անգիր օրէնք մը կ՚ըսէ, թէ առջեւ նստողները մի՛շտ աւելի բարձրներն ու մեծերը կ՚ըլլան։ Վկայ դպրոցական հանրակառքերը՝ որոնց առաջին շարքերը ուսուցիչներն ու տնօրէնները կը նստին:
Անշուշտ, տեղ գրաւելու այս պայքարը զաւեշտ մըն է, որովհետեւ մարդ պայքարելով ամենէն լաւ տեղը գրաւելէ ետք նոյնիսկ ակամայ իր տեղը պիտի զիջի ուրիշին։ Զաւեշտալին այն է, որ միւս ուղեւորները պիտի չնկատեն, որ այն պայքարը՝ որ կը մղեն, ժամանակաւոր ու անիմաստ պայքար մըն է. հանրակառքէն իջնողը պիտի նայի տակաւին նոր բարձրացողներուն, անոնց աչքերուն մէջ պիտի տեսնէ այդ պայքարը եւ արդէն ուշ, հասկցած պիտի ըլլայ, որ այնպէս ինչպէս այս նորեկները, նոյնպէս ինք այդ ապարդիւն պայքարին մէկ մասնիկն էր եւ այժմ հանրակառքէն դուրս գալու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուի։ Այդ տեղին սիրոյն՝ նոյնիսկ աշխարհի ամենէն հարուստները իրենց վերջնակէտին մի քանի կանգառ աւելցնել չեն յաջողիր։ Այժմ մենք բոլորս այդ հանրակառքի ճամբորդներն ենք. մեզմէ ոմանք շուտ իսկ ուրիշներ ուշ պիտի հասնին վերջնակէտին. գուցէ մեզմէ շատեր երբեք չյաջողին նստիլ, ուրիշներ չյաջողին պատուհաններուն քովի լաւ տեղերը գրաւել՝ որովհետեւ վերջնակէտը իւրաքանչիւրիս համար ե՞րբ է՝ մարդ չի գիտեր. բայց ի՞նչ օգուտ. կռուինք, պայքարինք՝ որպէսզի օր մը ամբողջ պայքարը ձգելով ձեռնունայն հեռանանք:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մի հատ լաւ խնձորը տասը փտած խնձորի մէջ փտում է, տասը լաւ խնձորի մէջ մի հատ փտած խնձորը բոլորին էլ փտեցնում է:
ՆԱՐ-ԴՈՍ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան