ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԿՐԿՆԷ

Կ՚ըսուի, թէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ…» եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս իրողութիւնը մեծ մասամբ ճի՛շդ է։ Բայց այս նախադասութիւնը պակաս է եւ պէտք է ամբողջանայ սապէս. «…պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ՝ եթէ պատմութեան սխալներէն, ձախողանքներէն եւ թերութիւններէն դաս չառնուի»։ Իրապէ՛ս, եթէ անցեալի՝ պատմութեան սխալներէն դաս առնուէր, զանոնք սրբագրելու ջանք եւ ճիգ թափուէր՝ պատմութիւնը, գոնէ այսքան, ինքզինք պիտի չկրկնէր։ Արդարեւ, մարդ եթէ սրբագրուելու գիտակցութիւնը ունենար՝ այսօր աշխարհ դրա՛խտ կ՚ըլլար։

Աղօթաբոյր շարականներ այս գիտակցութիւնը կը ներշնչեն մեզի, եթէ հոգեւոր ականջներով լսենք զանոնք…

Պատմութեան ընթացքին սխալներու խորհրդանիշ բազմաթիւ անձեր եղած են։ Զոր օրինակ՝ Յուդա եւ Վասակ խորհրդանիշ եղած են դաւադրութեան եւ դաւաճանութեան։ Երանի՜ թէ մարդիկ դասեր առնէին պատմութեան այդ սխալ արարքներէն եւ չկրկնէին պատմութիւնը։ «Վասակ» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ ազատ, ինքնիշխան։ Արդարեւ, ճշմարտութեան մեծ բաժին ունի այն մտածումը, թէ աւելի երանելի է անկեղծ թշնամի ունենալ, քան՝ կեղծ բարեկամ։ Ուստի, մարդուս ճշմարիտ թշնամիները կեղծ, կարծեցեալ «բարեկամ»ներն են։

Կեղծիքը եւ սուտը ամէն չարութեան աղբիւրն է։ Ասիկա ծինային յաջորդականութեամբ շարունակուած է սերունդէ սերունդ, քանի որ Ադամ եւ Եւա առաջին սխալողները եղան՝ կեղծիքով եւ սուտով ու մանաւանդ՝ անհաւատարմութեամբ իրենց սկզբնական կոչումին։

Սխալը՝ ճշմարտութեան ճշգրիտ հասկացողութեան արգե՛լքն է։ Սխալը, այս իմաստով պատճառ է ճանաչումին։ Մարդկային արարածը պէտք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։ Եթէ ազատ կամքով անոր դէմ գործէ, մարդ ինքզինք պիտի դատապարտէ։ Եթէ ազատ կամքով անոր դէմ գործէ՝ մարդ ինքզինք պիտի նուաստացնէ։ Բայց կը պատահի, որ բարոյական խղճմտանքը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր, սխալ դատաստաններ՝ կատարելիք կամ արդէն կատարուած գործերուն մասին։ Մարդ սխալական է, բայց նաեւ՝ սխալը շտկելու կարողութեամբ օժտուած։

Տգիտութիւնը կարելի է յաճախ վերագրել անձնական պատասխանատուութեան։ Այսպէս է պարագան, երբ մարդ քիչ հոգ կ՚ընէ եւ անտարբե՛ր է ճշմարիտը եւ բարին որոնելու եւ երբ սխալին ունակութիւնը տակաւ առ տակաւ գրեթէ կը կորսնցնէ խղճմտանքը։ Այս պարագային, անձը յանցաւո՛ր է իր գործած գէշութեան կամ չարութեան համար։

Մարդուս տգիտութիւնը երբ անյաղթահարելի է կամ դատողութիւնը թիւր՝ սխալ, առանց որ բարոյական ենթական պատասխանատու ըլլայ, այն ատեն անձին գործած չարութիւնը չի վերագրուիր անոր։ Ասիկա, սակայն, չի դադրիր բարոյական չարիք մը ըլլալէ. զրկում մը, անկարգութիւն մը։ Հարկ է ուրեմն աշխատիլ բարոյական խղճմտանքը սրբագրելու իր սխալներէն։ Բարի եւ մաքուր խղճմտանքը լուսաւորուած է ճշմարիտ հաւատքով։ Արդարեւ, սէրը միաժամանակ կը բխի. «սուրբ սրտէ եւ մաքուր խղճմտանքէն եւ անկեղծաւոր հաւատքէն», ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա ՏԻՄ. Ա 5)։

Կը տեսնուի, որ անկեղծութիւնը հիմնական եւ անհրաժեշտ պայմա՛նն է ճշմարիտ բարեկամութեան։ Կարծեցեալ եւ սուտ եւ կեղծ բարեկամներ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար են մարդոց քան ինքզինք չծածկող՝ անկեղծ, ճշմարիտ թշնամին։ Եւ այսօր որքա՜ն կարօտը ունին մարդիկ անկեղծ ճշմարիտ բարեկամներու, հաւատարիմ ընկերներու՝ որոնք բարեկամութեան եւ անկեղծութեան տիպարներն են։

«Բարեկամութիւն»ը բառ մը չէ՛, այլ՝ ապրելակե՛րպ մը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 17, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026