«ՊՈԼՍՈՅ ԱԹՈՌԸ ԴԱՐԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԻՐ ԲՆՈՐՈՇ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՐԱՅ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք, Ատիս Ապապայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սարկաւագ եւ եթովպահայ համայնքի նուիրեալ գործիչ Վարդգէս Նալպանտեանի ելոյթին սղագրութիւնը։
*
Ինծի համար մեծ պատիւ է բանալ այս պատմական միջոցառումը, ուր մենք ականատես պիտի ըլլանք դերին հաստատութեան մը, որ փարոսը եղած է միլիոնաւոր հայերու, որոնք վեցհարիւրամեակներ անոր միջոցով պահպանած եւ զարգացուցած են իրենց մտաւոր եւ հոգեւոր ինքնութիւնը: Վաւերագրական այս ժապաւէնի վերնագիրը՝ «Ինքնութեան արահետ»ը կ՚արտացոլէ ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը՝ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած դարերու ճնշումներու եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններու տակ: Ինքնութիւնը, մեր DNA-ի կազմաւորումով սահմանուելէ բացի, կը բնութագրուի նաեւ ազգային լեզուով եւ հաւատքով, որոնց երաշխաւորն ու հովանաւորը եղած է Կոստանդնուպոլսոյ Աթոռը դարեր շարունակ:
Եթովպիոյ հայ սփիւռքի աճը կեդրոնացած է երեք անձերու վրայ։ Սարգիս Թերզեան, որ 1895 թուականէն յետոյ Արաբկիրէն բերաւ իր հարազատները։ Տիգրան Էպէեան, որու հարազատները հետեւեցան իրեն Կոստանդնուպոլսէն։ Եւ Յակոբ Պաղտասարեան, որուն հարազատներն ու քաղաքաբնակները 19-րդ դարու վերջին եկան Վանէն:
Եթովպացիներու եւ հայերու միջեւ պատմական կապերը սկսած են հազարամեակներ առաջ՝ ընդգրկելով ինչպէս կրօնական, այնպէս ալ առեւտրական բնոյթ: Բազմաթիւ հայ առեւտրականներ առեւտուր կ՚ընէին Եթովպիոյ հետ եւ անոր համար։ Անոնցմէ մին էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ՝ որպէս Կարապետ Հապէշի ճանչուած վաճառականը, որ 19-րդ դարու սկիզբը բազմաթիւ անգամներ այցելած էր Եթովպիա։ Իր եթովպացի թոռները՝ Մեշեշան եւ Կեպրու Ուորկէն եւ իրենց քրոջ թոռները՝ Յոհաննէս եւ Պիրրու Մեշեշան կարեւոր դեր խաղացած են Եթովպիոյ արքունիքին մէջ՝ մանաւանդ բրիտանական արշաւանքի ժամանակ՝ ձերբակալուած բրիտանացիները ազատելու համար։ Կոստանդնուպոլսեցի ոսկերիչ Տիգրան Էպէեան 1881 թուականին այցելած էր Եթովպիա, 1887 թուականին հաստատուած էր Ատիս Ապապայի մերձակայքը եւ շինած էր Մենելիք Բ.-ի կայսերական թագը։ Պետրոս Պոյաճեան, ծնած Պոլիս եւ ուսանած, ուղեկցած էր Տ. Մկրտիչ քահանայ Չլղատեանին՝ շնորհակալագիր բերելու Մենելիք Բ.-ին՝ հայ գաղթականներու զօրավիգ կանգնած ըլլալու համար։ Երեք տարի յետոյ ան ստանձնած էր արքունի պատկերահանի պաշտօնը: Ուրիշ մը, որ ծնած եւ ուսանած էր Պոլսոյ մէջ, Գրիգոր Հովեանն էր, որ կառուցած էր Ատիս Ապապայի առաջին տասներկու կամուրջները եւ հիմնած էր քաղաքապետարանի քաղաքացիական ճարտարագիտութեան բաժինը։ Ան հայ համայնքին նուիրած էր իր հողատարածքը, ուր պոլսեցի ուրիշ հայ մը՝ Միհրան Մուրատեան կառուցեց մեր Սուրբ Գէորգ եկեղեցին: Անուանացանկը երկար է եւ մեզ կը շեղէ մեր այսօրուան նպատակէն։
Գէորգ արքեպիսկոպոս Արսլանեան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հովանիին ներքեւ 1928 թուականին եկած էր Եթովպիա՝ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ անկիւնաքարերը օծելու համար։ Իսկ այսօր ուրիշ անկիւնաքար մը կը հաստատենք պատմավաւերագրական այս ժապաւէնի ցուցադրումով այս սրահին մէջ:
Թոյլ տուէք ձեր բոլորին կողմէ ողջունել Լենա Ենիեորկանը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ հնագոյն օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որուն հետ այս տարուան փետրուարին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ մասնակցեցանք պատմական համաժողովի մը:
Փոխանակ մեր դարաւոր պատմութեան խորքերը սուզուելու՝ դիտենք վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ պատմութիւնը հաստատութեան մը, որ դարեր շարունակ իր բնորոշ ազդեցութիւնը ունեցած է ամբողջ հայ ժողովուրդին վրայ:
Օգտուելով այս պատեհ առիթէն՝ կ՚ուզեմ յայտարարել, որ յաջորդ շաբաթավերջէն սկսեալ դուք պիտի կարողանաք տեսնել մեր համայնքի համառօտ պատմութեան մշտական ցուցահանդէսը այս կեդրոնին մէջ:
