«ՀԱՅՈՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ ՄԻՇՏ ՆԵՐԴՐՄԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի Ատիս Ապապայի ձեռնարկին ժամանակ ունեցած ելոյթին սղագրութիւնը։
*
Այսօր ինծի համար մեծ ուրախութիւն է գտնուիլ Ատիս Ապապայի մէջ եւ առաջին առթիւ կ՚ուզեմ ձեզի փոխանցել Պոլսոյ ձեր հարազատներուն լաւագոյն մաղթանքը: Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն մին է եւ անոր պատմական առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը այնպէս մը ընթացած են, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայութիւնը շաղախող գործօն մը կը նկատուի՝ հաշուի առնելով իր պայմանաւորած յիշողութիւնը:
Շատ ուրախ եմ, որ այսօր Ատիս Ապապայի մէջ ներկայացուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի կողմէ միասնաբար արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը: Թոյլ տուէք խորին երախտագիտութիւնս արտայայտել իմ սիրելի գործընկեր Տիգրան Պասկեւիչեանի նկատմամբ, որ իր ամբողջ մտաւորական կարողութիւնն ու ստեղծագործական վարպետութիւնը ի սպաս դրաւ այս նախագծին համար: Այստեղ ձեզի մատուցուածը՝ բոլորին կողմէ միանշանակ ընկալուած պատմութիւն մը չէ: Ուստի, մենք առաջնորդուեցանք այն սկզբունքով, որ այս ֆիլմը բոլորին համար ըլլայ ո՛չ թէ շատ հաճելի, այլ առաջին հերթին հանդուրժելի:
Մենք այսօր ամփոփ դիտեցինք պատմութիւն մը, որ կը ձգուի երկար դարերու վրայ: Պոլսոյ Աթոռի պատմութիւնը անկարելի էր տարանջատել Պոլսոյ մէջ հայոց ներկայութեան ամենասկիզբի ժամանակաշրջաններէն: Հետեւաբար, մենք այսօր տեսանք շատ ընդարձակ համայնապատկեր մը, որու զանազան փուլերը, զանազան երանգները մեր աչքին առջեւ բերին պատմութեան բազմաթիւ փուլերը, որոնք ճակատագրական եղած են հայ ժողովուրդին տեսակէտէ: Այստեղ ներկայացուած պատմական հոլովոյթը բանալիներ կը մատուցէ հայ ժողովուրդի քաղաքական մտքի խմորման, վարչակազմակերպչական մօտեցումներու ակունքներուն եւ այլ զանազան հանգամանքներու շուրջ: Այստեղ մատուցուած պատմութիւնը յաճախ կը վերաբերի այնպիսի ժամանակաշրջաններու, երբ հայ ազգը աշխարհի վրայ չէ ունեցած իր ինքնիշխան պետականութիւնը:
Երբ կը նայինք այս փաստավաւերագրական ֆիլմին, միանշանակ մեր մտքերուն մէջ կը բիւրեղանայ, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ի՞նչ կը նշանակէ համայն հայութեան տեսակէտէ, ինչպիսի՞ առանցքային դերակատարութիւն մը ունի ու ինչպիսի՞ առանցքային դերակատարութիւն մը ունեցած է դարերու տեւողութեան իրերամերժ իրավիճակներու մէջ հայ ազգը հոգեւոր եւ մտային տեսակէտէ համախումբ պահելու եւ նոր իտէալներ փայփայելու ճանապարհին:
Եւ մենք, ի վերջոյ, այս ֆիլմին մէջ մասնաւորապէս երրորդ բաժնի՝ նորագոյն պատմութեան մէջ կը տեսնենք, որ պատմութեան հոլովոյթը մեզ այսօր եկած հասցուցած է այնպիսի փուլի մը, երբ հայութիւնը դարձեալ երկրագունդի վրայ ունի ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետականութիւն մը: Մենք այս ֆիլմով կը նկատենք, որ հայ ժողովուրդի վարչակազմակերպչական, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու մտային հորիզոնը, տեսլականը ինչպիսի՞ եղափոխութիւն մը ապրած է եւ այսօր եկած հասած է այն կէտին, ուր բոլորս հայաստանակեդրոն մտածելակերպով կ՚առաջնորդուինք եւ Հայաստանը այնպիսի օրրան մըն է, որ միայն սփիւռքի հայութիւնը ինքզինքին չի ձգեր, ինքզինքին չի քաշեր, այլ, միեւնոյն ժամանակ, սփիւռքի զանազան համայնքներու իրարու հետ կապերը ամրապնդելու հարթակի մը վերածուած է:
Հետեւաբար, առանձնայատուկ իմաստ կը վերագրեմ նա՛խ Ափրիկէի ցամաքամասին վրայ այս ֆիլմի ցուցադրութեան կազմակերպման, յետոյ համահաւասար կարեւոր կը համարեմ Եթովպիոյ մէջ, մայրաքաղաք Ատիս Ապապայի մէջ այս ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Արդարեւ, մեր սփիւռքի ամենախոր աւանդութիւններով համայնքներէն, օճախներէն մին եղած է Ատիս Ապապան, ուր հայութիւնը ունեցած է վառ ներկայութիւն եւ ինքնապարփակուած չէ ապրած, միջավայրին ներդրում բերած է եւ այդ ներդրումը ժամանակներու ընթացքին արդէն վերածուած է համամարդկային քաղաքակրթութեան մասնակցութեան մը:
Հարկ է նաեւ նշել, որ Ատիս Ապապայի մէջ կը գտնուի նաեւ Անդրսահարեան Ափրիկէէ ներս Հայաստանի Հանրապետութեան միակ դեսպանութիւնը, որ եթովպահայ համայնքին հետ ջանքեր կը գործադրէ տեղւոյն վրայ հայկական հարուստ ժառանգութեան պահպանման ու ծանօթացման ողղութեամբ։
Հայ-եթովպական կապերուն տեսակէտէ Պոլիսը պատմականօրէն ունեցած է կարեւոր դեր: Այսպէս, այս քաղաքի հայկական եկեղեցին հաստատուած է՝ մաս կազմելով Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն: Թոյլ տուէք բիւր յարգանքով ոգեկոչել նախկին պատրիարքական տեղապահներէն երջանկայիշատակ Տ. Գէորգ արք. Ասլանեանը, որ օծած է Ատիս Ապապայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմքերը եւ Հանրապետական շրջանին բացառիկ դեր ստանձնած է՝ Պոլսոյ Աթոռի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յարաբերութիւններու կայունութեան երաշխաւորման համար։ Շատ յատկանշական է, որ համաշխարհային խառնարանի մը վերածուած Պոլսոյ մէջ, վերջին տասնամեակներուն Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս մատուռ մը յատկացուած է, որպէսզի եթովպացի հաւատացեալները հարազատ երդիքի մը տակ կատարեն իրենց պաշտամունքը: Այս բոլորը Հայաստանեայց Առաքելական եւ Եթովպական Ուղղափառ եկեղեցիներու դաւանակից ըլլալու տրամաբանութեան մէջ է:
Գալով կրթութեան ոլորտին, որուն վրայ առանձին ուշադրութիւն կեդրոնացուած է մեր ֆիլմին մէջ: Հայ-եթովպական յարաբերութիւնները այս առումով ալ դրական օրինակներ ի ցոյց կը դնեն՝ մանաւանդ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի մասնակցութեամբ: Եթովպիոյ Մենելիք Բ. կայսրը Պոլիս ուսանելու ուղարկած է իր հարազատներէն մին եւ ան հայկական վարժարան մը յաճախած է: Այսօր Պատրիարքարանի թանգարանին մէջ կը պահուի անոր դիմանկարը, որ գործն է հայ նկարչուհի Կատարինէ Քիւլհանճեանի: 1920-ականներուն, այդ պահու դրութեամբ ապագայ կայսր Հայլէ Սելաֆիա Պոլիս հայկական դպրեվանք մը ուղարկած է քառասուն որբ եթովպացի երեխաներ: Կրթութեան ոլորտի նման օրինակներու արժեւորման տեսակէտէ յատկանշական կը համարեմ այսօրուան մեր ձեռնարկին սիրելի Լենա Ենիեորկանի հրաւիրուած ըլլալը՝ որպէս պոլսահայ կրթական համակարգի մերօրեայ պատասխանատու դէմք:
Թոյլ տուէք իմ ելոյթի վերջաւորութեան ամենայն յարգանքով ողջունել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Սահակ Սարգսեանը եւ հերթական անգամ շնորհակալութիւն յայտնել եթովպահայ համայնքի ղեկավարութեան, որոնց ջերմ հիւրընկալութեան համար մեծապէս երախտապարտ կը զգամ:
Յարգանքներ ձեր բոլորին:
